ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակը «ամօթալի զրպարտանք եւ անհիմն մեղադրանք» որակած է ԵԱՀԿի մօտ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ Արման Կիրակոսեանի կողմէ Մարտ 27ին կատարուած այն յայտարարութիւնը, որուն մէջ կը պնդուէր, թէ ծայրայեղական խմբաւորումները, մասնաւորաբար՝ «Քայիտա»ի զինեալները, օգտագործած են Թուրքիոյ տարածքը՝ Քեսապի վրայ յարձակելու համար:
«ԵԱՀԿի մօտ Թուրքիոյ մնայուն ներկայացուցիչը իր պատասխանին մէջ ցոյց տուած է այս մեղադրանքներուն անհիմն բնոյթը», նշուած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.