
ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ռուսական «Իթար-Թասս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ՄԱԿի մօտ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցչութիւնը յայտնած է, թէ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ, արեւմտեան երկիրները չեն արտօնած Ռուսիոյ առաջադրած՝ Սուրիոյ Քեսապ աւանին մէջ զինեալներու գործողութիւններուն եւ Լաթաքիա նաւահանգիստի ռմբակոծումին դատապարտումը՝ աւելցնելով, թէ այս գործողութիւնները ստիպած են դադրեցնելու քիմիական զէնքի դուրս բերումը երկրէն:
«Քեսապի մէջ զինեալներու գործողութիւններուն եւ Լաթաքիոյ ռմբակոծումին վերաբերեալ մեր առաջարկները՝ Ապահովութեան խորհուրդին մէջ արեւմտեան գործընկերներուն կողմէ աջակցութիւն չեն ստացած», յայտնած են ռուսական ներկայացուցչութենէն:
Ռուսիոյ պատրաստած նախագիծին մէջ կը դատապարտուին «սուրիահայերով բնակուած Քեսապ աւանին դէմ սուրիական ընդդիմադիր խմբաւորումներու (որոնց շարքին են «Քայիտա»ի հետ կապ ունեցող խմբաւորումներ) վերջին յարձակումները:
ՄԱԿի մօտ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Վիթալի Չուրքին յոյս յայտնած էր, որ կարելի պիտի ըլլայ համաձայնութիւն գոյացնել իրենց փաստաթուղթին շուրջ, որ Ապահովութեան խորհուրդի պաշտօնական փաստաթուղթ մը չի նկատուիր: «Բարեբախտաբար, սարսափելի տեսաերիզները այն մասին, թէ եղած են հայերու զանգուածային սպանութիւններ, չեն հաստատուած», աւելցուցած էր Չուրքին: Ըստ անոր՝ Քեսապի մէջ տեղի ունեցող գործողութիւնները անպայման պիտի քննարկուին Սուրիոյ մէջ մարդասիրական իրավիճակին վերաբերեալ Ապահովութեան խորհուրդի հանդիպումին ընթացքին, որ պիտի կայանայ Ապրիլ 30ին: «Մենք ատիկա կը պահենք մեր ուշադրութեան կեդրոնը, սակայն տակաւին այդ մասին առանձին քննարկում չի նախատեսուիր», ըսած էր դիւանագէտը: