ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Քանի մը օրէ ի վեր Թուրքիոյ օրակարգին վրայ է «Էրկենեքոն»ի դատավարութեան հարցով հրատարակուած մօտաւորապէս 16 հազար էջնոց վճիռը: Հետաքրքրական բաժին մըն է այն մասը, ուր կը բացատրուի, թէ ընդյատակեայ այս ապօրինի կազմակերպութիւնը ինչպիսի՛ մահափորձներ ծրագրած էր։ Անոնց մէջ կան նաեւ հայերու դէմ ծրագրիրներ, գլխաւորութեամբ՝ Մեսրոպ պատրիարքի մահափորձին: Կը նշուի, որ ահաբեկչական այս կազմակերպութիւնը որպէս թիրախ ընտրած էր Օրհան Փամուքը, Օսման Պայտեմիրը, Սեպահաթ Թունճելը, Ահմետ Թիւրքը, Մեսրոպ պատրիարքը եւ ուրիշներ։ Կազմակերպութեան խռովութիւններու եւ մահափորձներու ծրագիրը, ըստ դատարանի վճիռին՝ հետեւեալ շարքով պատրաստուած էր.
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.