ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Լիբանանեան «Հըզպալլա» կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա, «Սաֆիր» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Լիբանանի մէջ ահաբեկչական արարքները սկսած են աւելի նուազ թափով արձանագրուելու, ինչպէս նաեւ դրուատած է լիբանանեան եւ սուրիական կողմերէն որդեգրուած սահմանային միջոցառումները:
«Սուրիական վարչակարգի տապալման վտանգը վերացած է», ըսած է Նասրալլա, աւելցնելով, որ շրջանցուած է նաեւ բաժանումի վտանգը: Ան նշած է, որ Սուրիոյ մէջ զինուորական լուծման տարբերակը ձախողած է, «իսկ Սուրիոյ մէջ բռնկած տագնապին նպատակը արդարութեան եւ ժողովրդավարութեան հաստատումը կամ զեղծարարութեանց դէմ պայքարը չէ, այլ՝ Սուրիոյ կեցուածքները եւ դիրքը փոփոխութեան ենթարկելը», ըսած է Նասրալլա:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.