
ՔԻԵՒ, ՏՈՆԵՑՔ, «Ռոյթըրզ».- Երկուշաբթի, Ապրիլ 7ին, մէկ օր առաջ արեւելեան Ուքրանիոյ Տոնեցք շրջանի խորհրդարանը գրաւած խումբ մը քաղաքացիներ նոյն շրջանը Ուքրանիայէն անկախ հռչակեցին՝ միաժամանակ պահանջելով, որ այդ գծով հանրաքուէ մը տեղի ունենայ Մայիս 11ին:
Մէկ օր առաջ, քաղաքին մէջ ռուսական դրօշներ բարձրացուցած շուրջ երկու հազար հոգի մասնակցած էր ցոյցի՝ պահանջելով Տոնեցքի կարգավիճակին շուրջ հանրաքուէ կատարել: Անոնք աջակցութիւն յայտնած էին ոստիկանական մասնայատուկ ուժին՝ «Պերքութ»ի անդամներուն, որ վերջերս Քիեւի իշխանութիւններուն կողմէ լուծարուած էր Քիեւի մէջ տեղի ունեցած բախումներուն պատճառով: Ցուցարարները ապա ներխուժած էին տեղւոյն ինքնակառավարման մարմինի կեդրոնատեղին:
Խարքովի կեդրոնը եւս Ուքրանիայէն անջատուիլ պահանջողներու ցոյցեր տեղի ունեցած էին. անոնց մասնակիցները բարձրացուցած էին Ռուսիոյ, Ուքրանիոյ եւ ուքրանական համայնավար կուսակցութեան դրօշները:
Ցուցարարները պահանջած են հանրաքուէ կատարել Ուքրանիոյ արեւելեան շրջաններու կարգավիճակին շուրջ:
Անոնց պահանջներուն շարքին կը նշուի նաեւ ռուսերէնին պետական լեզուի կարգավիճակ շնորհելու խնդիրը: Ցոյցի սկիզբէն քանի մը ժամ ետք, երկու ցոյցերուն մասնակիցները իրարու միացած էին ու ապա գրաւած շրջանի ինքնակառավարման մարմինի շէնքը:
Երկուշաբթի օր հաղորդուեցաւ, թէ Ուքրանիոյ ապահովական մարմինները կրցած են վերագրաւել շէնքը՝ դուրս մղելով ցուցարարները, սակայն երրորդ շրջանի մը մէջ (Լուհանսք) ցուցարարները զինուորական կեդրոն մը կրցած են գրաւել:
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Ուքրանիոյ ապահովական ծառայութիւնը ձերբակալած է 15 հոգի, արեւելեան՝ հիմնականին մէջ ռուսալեզու շրջաններուն մէջ, զինեալ յեղաշրջումի մը ձեռնարկելու կասկածով:
Ուքրանիոյ ապահովութեան ծառայութիւնը յայտարարած է, որ ձերբակալուած խումբը կը պատրաստուէր Ապրիլ 10ին զինեալ յեղաշրջում մը կատարել Լուհանսք շրջանին մէջ. խումբի անդամներուն մօտ յայտնաբերուած եւ բռնագրաւուած է մեծ թիւով զէնք-զինամթերք:
Ուքրանիոյ նախագահի պաշտօնակատար Օլեքսանտր Թուրչինոք Երկուշաբթի օր դատապարտեց Ուքրանիոյ արեւելեան շրջաններուն մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները՝ զանոնք նկատելով այդ շրջանները ներխուժելու նպատակով Մոսկուայի կողմէ կազմակերպուող խլրտում- ներ: