ՊՈԼԻՍ, «Անատոլու».- Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան անդամ զինեալներ Կիրակի, Ապրիլ 6ին փակեցին Տիգրանակերտը Բիւրակնին միացնող ճամբան: Անոնք անցարգել մը հաստատելով՝ խուզարկեցին ճամբայէն անցնող ինքնաշարժներն ու անոնց մէջ գտնուող ճամբորդները:
Զինեալները Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանէն պահանջած են ազատ արձակել Իմրալը կղզիին վրայ ցմահ բանտարկութեան դատապարտուած քիւրտ ղեկավար Ապտուլլահ Օճալանը: Թրքական զինեալ ուժերը լեռնային ու անտառապատ շրջանին մէջ փնտռտուքի ձեռնարկած են՝ ձերբակալելու համար նշեալ զինեալները:
Միւս կողմէ, Տիգրանակերտի քաղաքապետութեան իշխող կուսակցութեան թեկնածու Կալիպ Էնսարիօղլու, որ ընտրութիւնը կորսնցուց քրտամէտ կուսակցութեան թեկնածուին դէմ, յայտարարութիւն մը ըրաւ Օճալանի ազատ արձակման հաւանականութեան մասին շրջող տարաձայնութիւններուն առթիւ՝ պնդելով, որ նման հաւանականութիւն մը չկայ։
Մինչ այդ, Օճալանի վերջին նամակի հրապարակումէն ետք կը պնդուի, թէ կառավարութիւնը պիտի արտօնէ, որ քանի մը լրագրողներ Իմրալը երթան ու տեսակցին անոր հետ։ Օճալան նամակին մէջ գանգատած էր, որ հաշտութեան գործընթացը դանդաղած է։ Իր եւ լրագրողներու միջեւ հանդիպումը ուշացնելուն մէջ իրենց դերը ունեցան շրջանային ընտրութիւնները, որովհետեւ կառավարութիւնը, նախքան այդ, չուզեց յատկանշական քայլեր առնել։ Այժմ, որ ընտրութիւնները աւարտեցան, կ՛ակնկալուի, որ լրագրողները ստանան նման հանդիպման մը արտօնութիւնը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.