
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի Ընկերային աշխատանքի բաժանմունքի ուսանողներու կազմակերպութեամբ, Շաբաթ, Ապրիլ 19ին, երեկոյեան ժամը 6-8, «Էվընիու 50» ցուցադրասրահին մէջ (131 N. Avenue 505 Los Angeles, CA 90042) պիտի կատարուի դրամահաւաքի ձեռնարկ մը՝ Հայկական Ցեղասպանութեան նուիրուած վաւերագրական ֆիլմի մը ի նպաստ: Ֆիլմին բեմադրիչն է Թեմի Մարաշլեան, արտադրողը՝ Սիւզեն Քաութրա, իսկ նկարահանողը՝ Կարինէ Մահտէսեան:
Ձեռնարկին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց կամ նուիրատուութիւն կատարելու համար, դիմել hyegenocide@gmail.com հասցէին: