
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Նորակազմ «Քաուիի տարեդարձի յանձնախումբ»ին ու Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի (UCLA) Հայոց լեզուի եւ մշակոյթի բարեկամներուն համատեղ ջանքերով, Յունիս 1ին պիտի մեծարուի նշեալ համալսարանէն ներս գործող «Նարեկացի» ամպիոնի վարիչը՝ փրոֆ. Փիթըր Քաուի, անոր կրթական ասպարէզի 30ամեակին առիթով: Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Արեւմտեան Հոլիվուտ գտնուող «Տը Լանտըն» պանդոկի «Քինզինկթըն» սրահին մէջ:
Իր ներկայի պաշտօնը ստանձնելէն առաջ, փրոֆ. Քաուի 1984-1996 տարիներուն հայերէն եւ հայոց գրականութիւն դասաւանդած է «Քոլոմպիա» համալսարանին մէջ: