
ՊԸՐՊԵՆՔ.- Հիւսիսային Ամերիկայի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմը 35,000 տոլար փոխանցած է Ս. Էջմիածինի հաշիւին՝ ի նպաստ Գարեգին Բ. կաթողիկոսի օրհնութիւնը վայելող եւ Արեւմտեան թեմի հովանաւորութեամբ Հայաստանի մէջ գործող «Մեր Յոյս» ծրագիրին կողմէ հաստատուած «Նագգաշեան» կեդրոնին, ուր չափահաս օրիորդներ կը խնամուին եւ կը պատրաստուին իրենց ապագայ կեանքի ասպարէզին: «Մեր Յոյս»ի հովանաւորութեամբ, այս կեդրոնին մէջ կը հիւրընկալուին կարիքաւոր ընտանիքներու 13-16 տարեկան 15 պարմանուհիներ, ուր անոնք մասնագիտական ուղղութիւն եւ ընկերային աջակցութիւն կը ստանան: Անոնք այս կեդրոնին մէջ իրենց ձիրքերը կը զարգացնեն, կը մարզուին եւ կը ստանան բարձրագոյն ուսում, հոգեբանական եւ հոգեւոր խորհրդատուութիւն:
Այս ծրագիրը կը գործէ վերջերս վերանորոգուած երկու յարկանի շէնքի մը մէջ, որ կը գտնուի Երեւան՝ վերջերս անուանուելով «Նագգաշեան Փոքրիկներու Աջակցող Կեդրոն», ի յարգանս անոր բարերարներ հանգուցեալ Ճան, Արփինէ եւ Ճեգ Նագգաշեաններուն:
Սեպտեմբեր 24էն մինչեւ Հոկտեմբեր 10, «Մեր Յոյս»ը պիտի հիւրընկալէ երկրորդ ուխտագնացութիւն մը դէպի Հայաստան, իսկ Հոկտեմբեր 4ին, կազմակերպութիւնը պիտի նշէ կեդրոնի բացման տարեդարձը: Յաւելեալ տեղեկութիւններ՝ www.mer-hooys.org կայքէն:
Միւս կողմէ, առաջնորդարանին միջոցաւ 18,000 տոլարի գումար մը փոխանցուած է Ս. Էջմիածինի հաշիւին՝ Էջմիածինի փոքրիկներու հիմնադրամին ի նպաստ: Հայաստանի 1988ի ահաւոր երկրաշարժէն ետք, Արեւմտեան թեմը որդեգրած էր մեծ թիւով որբեր եւ կարիքաւոր երեխաներ ու նիւթական աջակցութեամբ մեծապէս օգտակար հանդիսացած անոնց: Հիմնադրամը իր պաշտօնական գրասենեակն ու տնօրէնը ունի Երեւանի Արարատեան թեմի առաջնորդարանէն ներս:
Վերջապէս, Արեւմտեան թեմը կը շարունակէ մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերել նաեւ Արցախի մեր հերոս ժողովուրդին: Մարդասիրական ծրագիրներու ի նպաստ, վերջերս առաջնորդարանին միջոցաւ 7500 տոլար գումար մը փոխանցուեցաւ Արցախին: Առ ի գիտութիւն, Սան Տիէկոյի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ «Քոյր եկեղեցի»ն է Արցախի թեմի Մարտակերտի եկեղեցին: Այս Ծուխը, ամէն տարի, առաջնորդարանին միջոցաւ նիւթական իր օգնութիւնը կը յղէ Արցախի թեմին: