ՊՈԼԻՍ, «Ակունք».– Հայոց Ցեղասպանութենէն 99 տարի ետք, Թուրքիոյ Պոլիս եւ Անգարա քաղաքներուն, ինչպէս նաեւ Տիգրանակերտի մէջ ոգեկոչուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը։
Չորրորդ անգամն ըլլալով Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի ոգեկոչման արարողութիւն: Ոգեկոչման նախաձեռնութիւնները ընթացք առին «Հայտարփաշա» երկաթուղային կայարանէն, ուր 24 Ապրիլ 1915ին մահուան կ՛առաջնորդուէին 220 հայ մտաւորականներ: Նստացոյցին մասնակիցները կը կրէին հայ մտաւորականներու նկարները: Խօսք առին Թուրքիոյ մարդու իրաւունքներու միութեան, «Ո՛չ ըսէ խտրականութեան ու ցեղապաշտութեան» միութեան, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան, Եւրոպական ժողովրդական հակացեղապաշտական շարժման ներկայացուցիչները:
Այնուհետեւ Շիշլիի հայկական գերեզմանատան մէջ յարգանքի տուրք մատուցեցին Սեւակ Շահին Պալըքճիի յիշատակին, որ երեք տարի առաջ 24 Ապրիլին սպաննուեցաւ բանակին մէջ: Ձեռնարկներուն շարքը աւարտին հասաւ Թաքսիմի հրապարակին վրայ: Թուրքիոյ մօտ Ֆրանսայի դեսպանատան առջեւ՝ Իսթիքլալ պողոտային սկիզբը հաւաքուած էին Թուրքիոյ քաղաքացիներ, Սփիւռքէն ժամանած հայեր: Կազմակերպիչները իրենց խօսքին մէջ մէկ առ մէկ նշեցին երկրի երեսէն բնաջնջուած հայկական շրջաններուն ու մահուան ուղիով քշուած հայ մտաւորականներուն անունները: Ձեռնարկը, որուն ամբողջ ընթացքին կը հնչէին հայկական հոգեւոր եւ ժողովրդական երգեր, տեւեց գրեթէ մէկ ժամ եւ աւարտեցաւ կազմակերպիչներուն կոչով՝ յաջորդ տարի նոյն վայրին մէջ հանդիպելու եւ Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցը նշելու։
Նախաձեռնութեան ընթացքին Ժողովուրդի փրկութեան կուսակցութեան շուրջ 2 տասնեակ անդամներ՝ դրօշներով, քիչ մը հեռուէն վանկարկումներով հանդէս եկան: Ոստիկանութիւնը թոյլ չտուաւ, որ երկու խումբերուն միջեւ բախում ըլլայ:
Ոգեկոչման ձեռնարկներ տեղի ունեցան նաեւ Տիգրանակերտի եւ Անգարայի կեդրոնական պողոտային վրայ՝ մասնակցութեամբ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան ասորի պատգամաւոր Էրոլ Տորայի, «Իսմայիլ Պեշիքչի» հիմնադրամի նախագահ ազգագրագէտ Ի. Պեշիքչին: Մասնակիցները «Ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը» խորագիրով ցուցապաստառին առջեւ ընթերցեցին իրենց մամլոյ հաղորդագրութիւնը։