
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հինգշաբթի, 24 Ապրիլին, Լոս Անճելըսի թրքական հիւպատոսարանին առջեւ այս տարուան ցուցարարներուն թիւը աննախընթաց էր: Յատկանշական էր երիտասարդներու մեծ թիւ մը: Նաեւ պէտք է նշել, որ նկատելի էր Հոլիվուտի քայլարշաւէն ետք թրքական հիւպատոսարանի ցոյցին մասնակցելու եկած երիտասարդներու թիւը:
Մայթէն դուրս թափուած ցուացարարները ամբողջ երկու ժամ բարձրաձայն վանկարկեցին պահանջատիրական լօզունգներ: Ցոյցը աւարտեցաւ քաղաքական հաւաքով մը, որուն ընթացքին խօսք առին Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեան, Մոնթեպելլօ քաղաքի քաղաքապետի պաշտօնակատար Ճեք Հաճինեան, նաեւ ՀԵԴականներ Սերոբ Աբրահամեան եւ Սանան Շիրինեան: Բոլոր ելոյթներուն մէջ ընդգծուած էր պահանջատիրական պայքարը վճռականօրէն շարունակելու ոգին: «Թուրքիան թող իմանայ, որ հայերը ոչնչացնելու իր ծրագիրը ձախողած է», պատգամեցին խօսնակները:
Նշենք, որ Դաշնակցական երիտասարդները այս տարի, սոյն ցոյցին կողքին, ձեռնարկած են նաեւ 24ժամեայ ցուցական արարքի մը՝ մնալով հիւպատոսարանի հարեւանութեամբ, որպէսզի Ապրիլ 24ին ընդհանրապէս գրասենեակէն փախուստ տուող հիւպատոսը պարտադրուած ըլլայ դիմագրաւելու ցուցարարները: