
ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Աւագ Հինգշաբթի, Ապրիլ 17ի երեկոյեան, խաւարումի գիշերուան հսկումի արարողութիւն կատարուեցաւ թեմի բոլոր եկեղեցիներէն ներս՝ յիշելով Յիսուսի մատնութեան, ձերբակալութեան, դատավարութեան եւ չարչարանաց պահերը։
Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան այս յուզումնալից եւ հոգեպարար արարողութեան նախագահեց Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ։ Արարողութեան ընթացքին, նախքան եօթը Աւետարաններու ընթերցումը, Յիսուսի եւ իր աշակերտներուն թիւով եւ խորհուրդով վառուեցան 12 մոմեր, որոնցմէ մին՝ սեւ գոյնով, կը ներկայացնէր Յուդան։ Իւրաքանչիւր Աւետարանի ընթերցումէն ետք, զոյգ առ զոյգ մոմերը մարեցան՝ յիշեցնելով Յուդայի կողմէ Յիսուսի դաւաճանութեան եւ մատնութեան, Յիսուսի ձերբակալութեան, Պետրոս առաքեալի կողմէ ուրացման, դատավարութեան, չարչարանքներու եւ աշակերտներուն կողմէ Յիսուսի լքման պարագաները։ Միակ վառած մոմը Յիսուսի միայնակ մոմն էր, առանձինն, որ «մութ եւ խաւար հոգիները պիտի լուսաւորէր»։
«Փառք ի Բարձունս»ի եւ «Ո՞ւր ես մայր իմ»ի երգեցողութենէն ետք, եկեղեցւոյ մթութեան մէջ առաջնորդը իր պատգամը փոխանցեց՝ յուզիչ կերպով ներկայացնելով պահուան խորհուրդը։ Ապա, ան վեր առաւ Յիսուսի անձնազոհութեան խորհուրդի իմաստը՝ կոչ ուղղելով հաւատացեալներուն արդար իրապաշտութեամբ թափանցելու մեր մեղքերուն համար վճարուած գինի իմաստին մէջ։ Արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ «Խաչի Քո Քրիստոս» շարականի երգեցողութեամբ։