ԷՆՍԻՆՕ.- Կիրակի, Ապրիլ 13ին, Յիսուսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքի տօնը Արեւմտեան թեմի եկեղեցիներուն մէջ հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Ս. պատարագով, մանուկներու թափօրով եւ Դռնբացէքի արարողութեամբ։ Տօնին թելադրած աւանդութեանց համաձայն, մեր եկեղեցիներուն մուտքերն ու խորանները գեղեցկօրէն զարդարուած էին արմաւենիի ճիւղերով։ Հաւատացեալներ երկիւղածութեամբ իրենց մասնակցութիւնը բերին արարողութեանց, իսկ մանուկներ իրենց ձեռքերուն ունէին ձիթենիի ճիւղեր ու զարդարուած մոմեր։
Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Ծաղկազարդի օրը պատարագ մատուցեց եւ պատգամը փոխանցեց Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ։ «Հրաշափառ»ի երգեցողութեամբ, սրբազանը թափօրով մուտք գործեց «Աւետիսեան» սրահ, ուր կատարուեցաւ պատարագը՝ հոծ բազմութեան ներկայութեան, սպասարկող ունենալով Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեանն ու սարկաւագները։ Կոմիտաս Քէշիշեանի ղեկավարութեամբ դպրաց դասը կատարեց պատարագի երգեցողութիւնը։
Իր պատգամը փոխանցելէ առաջ, առաջնորդը գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ եւ աղօթեց աշխարհի, Սուրիոյ եւ մանաւանդ Քեսապի խաղաղութեան համար։
«Երուսաղէմի ըսէք. «Ահա թագաւորդ քեզի կու գայ. անիկա հեզ է, նստած իշու մը աւանակին վրայ»» խօսքը բնաբան ունենալով՝ առաջնորդը սկսաւ իր քարոզը, հաստատելով, թէ այդ մարգարէութիւնը վեց դարեր ետք իրականացած էր, երբ Քրիստոս, աւանակի մը վրայ նստած՝ մուտք գործեց Երուսաղէմ, իր խաղաղութեան եւ խոնարհութեան թագաւորութիւնը հաստատելու»:
Սրբազանը պարզեց, թէ Ծաղկազարդը սոսկ մէկ օր մը չէ տարուան ընթացքին, այլ՝ շարունակականութիւն մը, զոր մենք կը վերապրինք ամէն անգամ, երբ Ս. հաղորդութիւն կը ստանանք:
Աւագ շաբթուան սեմին գտնուելով՝ սրբազանը կոչ ուղղեց հաւատացեալներուն դուրս վանելու ամէն տեսակի ժխտական ազդեցութիւն, իսկ Դռնբացէքի արարողութեան ընթացքին, ան ժողովուրդը հրաւիրեց աղերսելու Տիրոջ, որ Իր ողորմութեան դռները բանայ, որպէսզի կարողանանք մուտք գործել Աստուծոյ թագաւորութիւն, ինչպէս նաեւ աղօթք բարձրացնելու, որ բացուին աշխարհի ղեկավարներուն սրտերը եւ խաղաղութիւնը վերահաստատուի աշխարհի վրայ, Սուրիոյ եւ մանաւանդ Քեսապի մէջ: Առաջնորդը նաեւ կոչ ուղղեց աղօթելու մեր դատի արդարութեան, ճանաչման եւ հատուցման համար։
Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքը խորհրդանշող թափօրին պահուն սրբազանը օրհնեց մանուկներն ու հաւատացեալները։ Թափօրին իրենց մասնակցութիւնը բերին Կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտները եւ ՀՄԸՄի սկաուտները։ Թափօրի աւարտին, սրբազանը վերադառնալով խորան՝ կատարեց Դռնբացէքը։ Նկատի ունենալով, որ Արամ Ա. կաթողիկոս 2014ը հռչակած է «Տարեցներու Տարի», առաջնորդին եւ Կրօնական ժողովին որոշումով՝ Դռնբացէքի արարողութեան կնքահայրը այս տարի եղաւ տարեց մը, թէեւ մանուկ մը կ՛ըլլար ընդհանրապէս։ Դռնբացէքի կնքահայրութիւնը կատարեց ծխականներէն՝ երկարամեայ բարերար Գէորգ Աթմաճեանը։ Սրբազանը կատարեց Քրիստոսի երկրորդ գալուստը խորհրդանշող հոգեպարար Դռնբացէքի արարողութիւնը, ու կնքահայրը բացաւ խորանին վարագոյրը, որ կը խորհրդանշէ փրկութեան դռներու բացումը։
Սրբազանը անգամ մը եւս հրաւիրեց հաւատացեալները խոստովանելու եւ ապաշխարելու, որպէսզի մաքրուին իրենց մեղքերէն: Ան օրհնեց տէր եւ տիկ. Աթմաճեանները եւ իրենց ընդմէջէն՝ բոլոր տարեցները, անոնց մաղթելով առողջութիւն, որպէսզի իրենց իմաստութիւնն ու բարի օրինակը փոխանցեն բոլորին։
Օրուան հանդիսաւոր արարողութիւնները իրենց լրումին հասան «Պահպանի»չով եւ «Կիլիկիա» մաղթերգով։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.