
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ս. Յարութեան տօնը անգամ մը եւս յաղթական հաւատքով վերանորոգեց մեր ժողովուրդի զաւակներուն ուխտը։ Կիրակի, Ապրիլ 20ին, Ս. Զատկուան տօնի առաւօտուն, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցին արդէն իսկ լեցուն էր հաւատացեալներու հոծ բազմութեամբ: Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան մատուցեց Ս. պատարագը եւ փոխանցեց պատգամը։ Ս. սեղանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւները՝ սարկաւագաց եւ դպրաց դասերու հետ միասին:
Պատգամէն առաջ, սրբազանը փառք տուաւ Աստուծոյ, որ ցնծագին այս պահուն արժանացուց բոլորս եւ ապա յանուն թեմի հոգեւորականութեան, ժողովականութեան եւ բոլոր հաւատացեալներուն, շնորհաւորեց հայրենի պետութեան բոլոր ղեկավարները՝ մաղթելով, որ Յարութեան յաղթանակի հաւատքով լեցուն՝ ճշմարտութեամբ եւ արդարութեամբ առաջնորդուին իրենց վստահուած պատասխանատուութեան մէջ:
Առաջնորդը շնորհաւորեց նաեւ Գարեգին Բ. եւ Արամ Ա. կաթողիկոսներուն Զատիկը՝ առողջութիւն եւ արեւշատութիւն մաղթելով: Սրբազանը նաեւ շնորհաւորեց թեմի հոգեւորականութեան, ժողովականութեան, ծխական շրջաններու եւ յատկապէս Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներուն, երեսփոխաններուն, հոգաբարձութեան, տիկնանց միութեան, դպրաց, սարկաւագաց եւ երգեցիկ դասուն Ս. Յարութեան տօնը:
Ապա շարականագիրի բառերը բնաբան ունենալով՝ ան իր պատգամը փոխանցեց. «Այսօր հրեշտակները երկինքէն իջան եւ համայն մարդկութեան Աւետիս տուին, թէ խաչեալը Յարութիւն առաւ եւ իր օրինակով բոլորիդ յարութիւն պիտի պարգեւէ»:
Առաջնորդը Յիսուսի երկրաւոր առաքելութեան վերջին հանգրուաններու մթնոլորտը հարազատօրէն պատկերելով՝ յաղթական յարութեան պատգամը փոխանցեց ներկայ հաւատացեալներուն եւ անկէ բխող հրաւէրը ամփոփեց հետեւեալ կետերուն մէջ. «Յարութեան պատգամը մեզի այսօր կ՛ըսէ, թէ Ս. Յարութեան տօնը.
1. Յաղթանակի եւ ցնծութեան տօն է.
2. Հաւատքի արթնութեան եւ վերահաստատման տօն է.
3. Նոր կեանքի եւ վերազարթօնքի տօն է:
Ապա առաջնորդը ըսաւ. «Յարութիւնը նոր էջ բացաւ, նոր կեանք շնորհեց եւ յատկապէս Ցեղասպանութեան արհաւիրքեն յարութիւն առած մեր ժողովուրդին համար նոր կեանքի խոստում եղաւ՝ հաւատքի վերազարթօնքով, որուն շնորհիւ միշտ ալ դիմագրաւեցինք մեր տագնապները: Անցնող երեք տարիներուն, Սուրիոյ ժողովուրդը եւ սուրիահայութիւնը կ՛ապրին տառապանգի եւ տագնապի ահաւոր պայմաններու մէջ։ Սակայն սուրիահայ մեր եղբայրներն ու քոյրերը նոյնիսկ դժոխային պայմաններու մէջ ապրելով հանդերձ, այսօր կը շնորհաւորեն մեր Ս. Զատիկը։ Մենք ալ մեր կարգին կ՛աղօթենք խաղաղութեան վերահաստատման համար եւ յանձնառու ոգիով մեր գործնական զօրակցութեամբ ու սրտակցութեամբ, հալէպահայ եւ քեսապահայ մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն հաւատքի ամրութեան պիտի սատարենք, որպէսզի խաղաղութիւնը վերահաստատուի եւ քեսապահայութիւնը իր պապենական տունը վերադառնայ: Հետեւաբար, նոր կեանքի եւ նոր հաւատքի ուխտով զսպանակուած՝ զիրար շնորհաւորենք ըսելով. Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց. Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի»։
Պատարագի աւարտին, ներկայ հաւատացեալները Ս. հաղորդութիւն ստացան, ապա Ս. Յարութեան շարականի երգեցողութեամբ ժողովուրդը արձակուեցաւ՝ յաղթական հաւատքի նոր յոյսով վերանորոգուած։