ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Աւագ Երեքշաբթի, Ապրիլ 15ի երեկոյեան, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ հանդիսապետեց Տասը Կուսանաց յիշատակի արարողութեան եւ իր պատգամը ուղղեց հաւատացեալներուն։ Արարողութեան մասնակցեցան Կիրակնօրեայ վարժարանի պարմանուհիներ՝ ներկայացնելով առակին մէջ յիշուած հինգ իմաստուն եւ հինգ յիմար կոյսերը։ Ներկայ էին նաեւ ՀՄԸՄի սկաուտներ:
Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներու, սարկաւագներու եւ դպիրներու սաղմոսներով եւ հոգեզմայլ շարականներու երգեցողութեամբ, արարողութիւնը հասաւ այն բաժինին, երբ առաջնորդը ընթերցեց օրուան աւետարանը՝ քաղուած Մատթէոսի 24րդ եւ 25րդ գլուխներէն, ուր նաեւ կը ներկայացուի Տասը Կուսանաց առակը:
Վիճակ ձգելով՝ պարմանուհիներէն հինգը իրենց ճրագները մարեցին, ի նշան այն կոյսերուն, որոնք պատրաստ չէին երկնաւոր Փեսայի հարսանիքին մասնակցելու, եւ դուրս մնացին խնճոյքէն: Աւետարանի ընթերցման աւարտին, սրբազանը անգամ մը եւս վառել տուաւ մարած ճրագները՝ գնահատելով Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտները եւ յատկապէս արարողութեան մասնակցող տասը պարմանուհիները՝ նշելով, որ իրենք Աստուծոյ իմաստուն կոյսերն են։ Առաջնորդը իր խօսքը շարունակելով՝ մաղթեց. «Ով Տէր, մեզի ալ արթնութեան շնորհքը տուր եւ մեր հոգիներուն լապտերները պայծառացուր»:
«Տասը Կոյսերու առակը տարուան բոլոր օրերուն համար հրաւէր մըն է բոլորիս՝ Աստուծոյ խօսքով արթուն մնալու, իմաստուն կոյսերուն նման պատրաստ ըլլալու, որ երբ Աստուծոյ ձայնը լսուի եւ Փեսան գայ, մեր սիրտերն ու հոգիները պատրաստ ըլլան հրաւէրին ընդառաջելու», ըսաւ սրբազանը, ապա աշակերտուհիները յորդորեց՝ ըսելով. «Այսօր դուք կը ներկայացնէք մեզ բոլորս: Միշտ պատրաստ եղէք Աստուծոյ խօսքին ընդառաջելու, ձեր հնազանդութեամբ, հաւատքով եւ շնորհքով փայլելու եւ ձեր շրջապատը լուսաւորելու»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.