Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու շրջագիծին մէջ Մոսկուայի Ն. Նեկրասովի անուան կեդրոնական գիտական գրադարանին մէջ Ապրիլի 22ին տեղի ունեած է հայ-հրէական յուշ-երեկոյ մը՝ նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Ողջակիզումի զոհերու յիշատակին:
Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ երեկոն կազմակերպուած էր Ռուսիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ՝ Մոսկուայի կառավարութեան աջակցութեամբ, «Արարատ» մշակութային միութեան եւ «Ռուս-հայկական համագործակցութիւն»ի՝ «Հոլոքոսթ» գիտալուսաւորչական կեդրոնին հետ համատեղ:
Երեկոյին ներկայ եղած է եւ ելոյթներով են հանդէս եկած են ռուսական պետական մարմիններու ներկայացուցիչներ, ռուս, հրեայ եւ հայ անուանի հասարակական եւ քաղաքական գործիչներ:
Ներկաները իրենց ելոյթներուն ընթացքին ընդգծած են, որ Հայոց Ցեղասպանութեան՝ ճիշդ ատենին եւ համապատասխան իրաւական, քաղաքական գնահատական եթէ տրուէր, հնարաւոր կը դառնար կանխել Ողջակիզումը եւ մարդկութեան դէմ գործուած պատմութեան յայտնի բոլոր յանցագործութիւնները:
Երեկոյի մասնակիցները խօսած են նաեւ 20րդ դարուն երկու ժողովուրդներուն հետ տեղի ունեցած ցեղասպանութիւններու հետեւանքներուն, անոնց համաշխարհային հնչեղութեան եւ միջազգային ճանաչման կարեւորութեան մասին:
Երեկոյի շրջագիծին մէջ ներկայացուած է Մեծ Եղեռնին եւ Ողջակիզումին նուիրուած, Հայաստանէն ժամանած երիտասարդ նկարիչ Վաչագան Պօղոսեանի անհատական գեղանկարչական ցուցահանդէսը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.