
23 Ապրիլի երեկոյեան, Ատրպատականի Հայոց թեմի հայաշատ երկու քաղաքներուն՝ Թաւրիզի եւ Ուրմիայի մէջ տեղի ունեցան հսկումի երիտասարդական հաւաքներ, որոնց ընթացքին արտասանուած խօսքերով, երգուած հայրենասիրական երգերով ու տրուած պատգամներուն ունկնդիր, հայ երիտասարդութիւնը ուխտեց հաւատարիմ մնալ նահատակներու կտակին, վերատիրանալու համար մեր ազգի բռնաբարուած իրաւունքներուն:
ա.- Ապրիլ 23, Հսկում՝ Թաւրիզի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ.
Երեկոյեան ժամը 8էն սկսեալ, Լիլաւայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ հաւաքուած միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու, յատկապէս երիտասարդ սերունդի զաւակները, միատեղ հսկում կատարեցին, ուխտելով հաւատարիմ մնալ մեր նահատակներու կտակին:
Եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ կանգնած յուշարձանին առջեւ, նախագահութեամբ Ատրպատականի Հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեանի (այժմ՝ եպիսկոպոս), տեղի ունեցաւ «Հոգւոց»ի աղօթքի պահ, որուն աւարտին, երիտասարդական միութիւններու կողմէ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Եկեղեցւոյ շրջափակի կեդրոնը մոմերով կազմուած էր թիւ 99, իբրեւ խորհրդանշան 99ամեայ մեր Դատին: Ժողովուրդը հրաւիրուեցաւ վառելու զանոնք:
Հանդիսութեան ընթացքին ամբողջ ժողովուրդը յուշարձանին առջեւ մխացող խունկի ծուէնները աւելցուց իր մատուցած խունկով, ինչպէս նաեւ մոմավառութիւն կատարեց, աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած, մեր անմեղ նահատակներու հոգիներու խաղաղութեան համար:
բ. Հսկում եւ ժողովրդային հաւաք՝ Ուրմիոյ մէջ.
Ապրիլ 23ի երեկոյեան Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ «Արամ Մանուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային հաւաք եւ յատուկ հանդիսութիւն, նոր սերունդի հոգիին մէջ վառ պահելու համար հայոց բռնաբարուած իրաւունքներուն վերատիրացման պահանջատէր ոգին:
Հոգաբարձութեան եւ Ապրիլեան ձեռնարկներու յատուկ յանձնախումբի միատեղ աշխատանքով կազմակերպուած ձեռնարկը գործադրուեցաւ մասնաւոր յայտագիրով: Եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ կանգնած յուշարձանին շուրջ համախմբուած ժողովուրդի ներկայութիւնը ողջունելով, բացման խօսք կատարեց Լորիկ Սահակեան, անդրադառնալով անցած 99 տարիներու գոյերթին: Ապա ան հրաւիրեց Ներսէս քհնյ. Պասիլեանը, որ կատարէ հոգեհանգստեան արարողութիւնը:
Յայտագիրի աւարտին, եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ վառուած խարոյկին շուրջ, ուր նաեւ մոմերով գրուած էր 1915 թուականը, ժողովուրդը անգամ մը եւս յիշեց իր անմեղ նահատակները, որոնք իրենց ազգային պատկանելիութեան համար հայրենազուրկ դարձան ու անապատներուն մէջ կոտորուեցան, 20րդ դարու քաղաքակիրթ մարդկութեան կոյր աչքերուն առջեւ: