
ԿԱՐՕ ՀԷՔԻՄԵԱՆ
Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկներու ծիրէն ներս, մեր գաղութի (Ուուկուէյի-Խմբ.) երիտասարդական միաւորներ կազմակերպեցին արդէն աւանդութիւն դարձած, «Արդարութեան Համար» ջահերով երթ:
Մայրաքաղաքիս Անկախութեան հրապարակէն մինչեւ քաղաքապետարանի շրջափակը, աւելի քան չորս քմ. երթը անցաւ գլխաւոր պողոտայէն, ժամանակի մը համար կասեցնելով երթեւեկութիւնը:
Մեծ ուշադրութեան առարկայ դարձան լայն պաստառներ եւ հայկական ու տեղական դրօշներ պարզած հարիւրաւոր հայորդիներ, որոնց հետ այս տարի մասնակցեցան նաեւ հրեայ համայնքի եւ բնիկ հնդիկներու ժառագորդներ, պետական ներկայացուցիչներ եւ առհասարակ ուրուկուէյցի քաղաքացիներ:
Երիտասարդ մը կոչով ելոյթ ունեցաւ, շեշտելով որ մեր պայքարը պիտի շարունակուի մինչեւ վերջնական հատուցում եւ մեր պապենական հողերու վերադարձ, իրենց իրաւական տիրոջ՝ հայ ժողովուրդին:
Վերջաւորութեան, տպաւորիչ եւ յուզիչ էր, երբ Համազգայինի «Շիրազ» եւ Հայ Կեդրոնի «Գայիանէ» պարախումբերու տղաքն ու աղջիկները, հայկական Քոչարի պարի հնչիւներուն տակ մեծ ոգեւորութիւն ստեղծեցին:
ՊԱՇՏՕՆԱՊԷՍ
ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԵՑԱՒ
ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ
ԹԱՆԳԱՐԱՆԻ
ՀԻՄՆԱՐԿՈՒԹԻՒՆԸ
Մշակութային նախարարութեան սրահին մէջ, Ապրիլ 24ի օրը, մեծ թիւով հրաւիրուած պետական եւ տեղացի հասարակական կազմակերպութիւններու, ինչպէս նաեւ հայ գաղութի կարգ մը անդամներու դիմաց, մշակոյթի փոխնախարար փրոֆ. Օսգար Կոմեզ յայտարարեց Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանի հիմնադրամ ստեղծելու մասին, որուն մասին արդէն նախապէս խորհրդակցած էր Ուրուկուէյի հայ գաղութի միացեալ յանձնախումբին հետ այս վերջին չորս ամիսներուն ընթացքին, երբ միասնաբար կազմուեցաւ թանգարանին վերաբերեալ կանոնագրութիւն մը: Փրոֆ. Կոմեզ մանրամասնօրէն ներկայացնելէ ետք մինչեւ այսօր կատարուած աշխատանքը՝ ըսաւ, թէ թանգարանին վերաբերեալ գործունէութիւնը արդէն նոր փուլ կը մտնէ, եւ յոյս յայտնեց, որ մինչեւ 100ամեակի Ապրիլ 24 զետեղուի հիմնաքարը կառուցուելիք թանգարանին: