ԴՈԿՏ. ԿԱՐԱՊԵՏ ՄՈՄՃԵԱՆ
Հայաստանի երրորդ Հանրապետութեան նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան զայն որակեց «սուտ գատեկորիա»: Օրին շշմեցանք ու վրդովեցանք, բայց եւ այնպէս ձգեցինք, որ հարցը անցնի ու երթայ: Այսօր արդէն աւելի քան քսան տարի անցած է մեր վերջին անկախութեան ու ազգային գաղափարախօսութեան հարցը կը մնայ շարքին այն հարցերուն, որոնց կը մօտենանք հաստկեկ ձեռնոցներով՝ այնպէս, ինչպէս պիտի մօտենայինք զօրաւոր թթուներու:
Վերջերս այս հարցը սկսայ արծարծելու իմ հրապարակային ելոյթներուս ընթացքին: Հետաքրքրական էր, որ լսողներու մեծամասնութիւնը դրական մօտեցում կը ցուցաբերէր հարցին կարեւորութեան ու այժմէականութեան նկատմամբ ու հարց կու տար, որ ինչո՞ւ մեր մտաւորականութիւնը ընդհանրապէս լուռ կը մնայ այս կարեւոր խնդիրը արծարծելու գծով: Անդին կայ նաեւ փոքրամասնութիւն մը, որ իր մտահոգութիւնը կը ձեւաչափէ հետեւեալ կերպով.- Կլոպալիզացիայի (համաշխարհայնացումի) դարուն ի՞նչ արժէք կը ներկայացնէ ազգային գաղափարախօսութիւնը…
Ըսեմ, որ այս գրութեամբ երբեք յաւակնութիւնը չունիմ հարցին լուծում կամ դարման գտնելու: Կատարածս պարզ վերլուծում մըն է ու միտքերը շօշափելու փորձ՝ տեսնելու համար, թէ մեր ակադեմական-մտաւորական շրջանակները պատրա՞ստ են ու փափաքը ունի՞ն այս հարցի քննարկման անցնելու:
Քննարկումը սկսելու համար կ՛ուզեմ նախ մէջբերում կատարել «Ազդակ-Շաբաթօրեակ/ Դրօշակ»ի 1982ի թիւերէն մէկուն մէջ լոյս տեսած խմբագրականէ մը, որ օրին կ՛արտացոլացնէր ՀՅԴ 19րդ Ընդհանուր ժողովի որոշումները, այն օրերուն, երբ տակաւին չկար Հայաստանի երրորդ Հանրապետութիւն, հետեւաբար հարցը կը դիտուէր սփիւռքեան պրիսմակէն.-
«Քաղաքական բոլոր արեւելումներուն մէջ ամէնէն ուղիղ եւ ամէնէն իմաստուն արեւելումը անկախ կամ ինքնուրոյն արեւելումն է, կուսակցական, ազգային թէ պետական մակարդակի վրայ: Հայ ազգի պարագային ալ, բնականաբար, հայկական արեւելումն է:
Այս է այբ բեն գիմը, որ[մ]ով կը շարահիւսուին կամ կը կառուցուին ազգային, ազատագրական կամ քաղաքական բոլոր միաւորներու եւ շարժումներու կեանքը, պատմութիւնն ու մարտավարութիւնը:
Քաղաքական վարքագիծ մը, որ իբրեւ նպատակ եւ գործելակերպ կը մեկնի տուեալ մեր պարագային հայ ազգի գերագոյն շահերէն, կը զարգանայ այդ շահերու պաշտպանութեան միակ ուղիով եւ կը յանգի պէտք է յանգի նոյն գերագոյն շահերու ապահովման:
Անկախ, ինքնուրոյն, հայկական արեւելումով մտածելը, ապրիլն ու գործելը հիմնական, վճռական նշանակութիւն ունի ո՛չ միայն քաղաքական կեանքի կամ ազատագրական պայքարի ճակատագիրին վրայ, այլ նաեւ գաղափարաբանական, լեզուամշակութային, գիտաարհեստագիտական, տնտեսական կամ պատմափիլիսոփայական մարզերու մէջ հաւասարապէս…» (1):
Վերեւի բնութագրումէն մեկնելով է, որ կը սկսինք յօդուածին ճանապարհը, որուն նեղ սահմաններով հանդերձ, պարտաւոր ենք քննարկման ու վերլուծման նիւթ դարձնելու այն, թէ որո՞նք էին այն քաղաքական, ռազմական, ռազմավարական, կենցաղային, մշակութային ու այլ կարեւոր նախադրեալները, որոնք մեր ժողովուրդը առաջնորդեցին ու տակաւի՛ն պիտի առաջնորդեն, իր հողին վրայ հայկական ազգային ինքնուրոյն նկարագիրի կերտման, իսկ միւս կողմէ՝ պատմաքաղաքական ի՞նչ պատճառներ արգելք հանդիսացան նման նախադրեալի չգոյանալուն…: Հարկաւոր է նաեւ, որ մեր մտքերը պարպենք դուրսէն մեզի պարտադրուած կաղապարներէն ու այս հարցի վերլուծումը կատարելով բնութագրենք նաեւ այն, թէ նման ինքնուրոյն հայկական արեւելում ներկայ հանգրուանին ինչպիսի՞ հրամայականներ կը դնէ մեր առջեւ…
ՄՈՒՏՔ
Այս յօդուածը կը նպատակադրէ բացատրել, թէ հայկական «ազգայնականութիւն» (nationalism) ֆենոմենը ինչպիսի՞ զարգացում ապրեցաւ օսմանեան եւ ռուսական կայսրութիւններուն մէջ, 19րդ դարու ընթացքին: Հարցումը, որուն պարտինք պատասխան տալ ա՛յս է.– Արդեօք այս «ազգայնականութիւն»ը Արեւմտեան (Western) իսկական հասկացողութեամբ լիիրաւ գաղափարախօսութի՞ւն մըն էր, ոչ թէ «ազգասիրական» կամ «հայրենասիրական» (patriothic) կերտուածք մը, զոր ժամանակահատուածի երեք տարբեր կայսերական միջավայրերէն (օսմանեան, ռուսական եւ պարսկական) ծնունդ առած հայ յեղափոխական ու քաղաքական մտաւորականութիւնը փորձեցին օգտագործել՝ հայկական հարցի հետապնդման ի խնդիր: Հետեւաբար, հայկական «ազգայնականութիւն»ը «ազգասիրութենէն» ու «հայրենասիրութենէն» տարբերելը կարեւոր տուեալ մըն է, եթէ մեր նպատակը ինքնին այս գծով տիրող պատմագրութիւնը (historical paradigm) ուղղելու փորձ մըն է:
Եւ որպէսզի կարողանանք ի սկզբանէ չկապուիլ այս գծով տիրող արեւմտեան մեթոտաբանութեան կամ կաղապարներու, որոնք հայկական «ազգայնականութիւն»ը պիտի ուզէին բացատրել միապաղաղօրէն՝ իբր թէ ան հիմնուած ըլլար հինէն՝ ցեղային-կրօնական տուեալներու վրայ, որոնք 19րդ դարու երկրորդ կիսուն վերածուեցան այսպէս կոչուած սնուող եւ ուռճացող «ազգայնականութեան»՝ հայ մտաւորականութեան մը արտադրած գրականութեամբ, հոս ճամբան կը շեղենք, որպէսզի դուրս գանք Եւրոկեդրոն այս մտածելակերպէն, որ իսկական բացատրութիւն չի կրնար տալ հայ «ազգայնականութիւն» առեղծուածին:
Իր հռչակ վայելող «Երեւակայական հաւաքականութիւններ» (Imagined communities: Reflections on the Origins and Spread of nationalism) հատորին մէջ Պենետիքթ Էնտըրսըն (Benedict Anderson) կ՛ընդգծէ.-
«Եւրոպացի ակադեմականներ՝ վարժուած ըլլալով, որ ժամանակակից աշխարհին մէջ ամէն կարեւոր բան Եւրոպայէն ծնունդ առած է, շատ դիւրաւ կարճ ճամբան առին՝ ընդգծելով, որ հունգարական, չեխական, յունական, լեհական եւ այլ ազգայնականութիւնները սկիզբը առած են ցեղային-լեզուական մոտել-կաղապարէն: Ես իսկապէս ապշած էի, որ երբ «Երեւակայական հաւաքականութիւններ» հատորիս առաջին օրինակը լոյս ընծայուեցաւ, անոր դէմ գրուած բացասական մեկնաբանութիւնները ցոյց կու տային, թէ այս եւրոպական մոտելը որքան խարսխուած է Եւրո-կեդրոն մտածելակերպի վրայ…» (2)։
Խնդիրը կը կայանայ այն իրողութեան մէջ որ, Եւրո-կեդրոն մոտելի ընտրութեամբ հայ «ազգայնականութիւն» եզրը կրնայ բացատրուիլ իբրեւ արեւմտեան կերտուածք, առանց նկատի առնելու հայ ժողովուրդին անցած պատմական հոլովոյթի առանձնայատկութիւնները, որոնք ամբողջովին տարբեր են նոյնիսկ Եւրոպայի երկիրներու պատմական փուլերու հոլովոյթներէն: Էնտըրսըն խորապէս գիտակից է այս հարցին ու կը մատնանշէ.-
«…Ազգ, ազգութիւն, ազգայնականութիւն եզրերը ցարդ փաստած են, որ իսկապէս դժուար կրնան բնութագրուիլ, տակաւին չըսելու համար վերլուծուիլ: Հակառակ մեր ժամանակակից աշխարհին վրայ ազգութիւն ըսուածին բանեցուցած հուժկու ազդեցութեան, զայն լաւապէս ու լիիրաւ կերպով բնութագրելու հաւանական փորձերը իսկապէս թիւով քիչ են: Հյու Սիթըն- Ուաթսըն (Hugh Seaton-Watson), որուն կարելի է ազգայնականութեան մասին անգլերէնով գրուած լաւագոյն ուսումնասիրութեան հեղինակը նկատել եւ անձ մը, որ ժառանգորդն է ազատ ու անկաշկանդ պատմագրութեան ու ընկերային գիտութեան, դժբախտաբար այսպէս կ՛եզրակացնէ.- «Ու այսպէս, ես պարտաւոր եմ յանգելու այն եզրակացութեան, որ ֆենոմենը [ազգայնականութիւն] գոյութիւն ունեցած է ու պիտի շարունակէ ունենալ, սակայն անկարելի է անոր գիտական բնութագրում մը ներկայացնել…» (3)։
Հետեւաբար, յստակ է, որ եթէ Եւրոպան իր իսկ ապրած պատմական հոլովոյթով տակաւին չէ կրցած ամբողջական բնութագրում մը տալ ազգայնականութիւն կոչուած ֆենոմենին, ապա ինչպէ՞ս կարելի է ակնկալել, որ այդ նոյն Եւրո-կեդրոն կաղապարով պիտի կարողանայ բացատրել այլ ժողովուրդներու պատմական փուլերը ու անոնց «ազգայնականութեան» փուլի առանձնայատկութիւնները: Հոս արդէն խնդիրը կը սկսի աւելի խոր դառնալ ու մասնագիտական վերլուծութեան կը կարօտի՝ բան մը, զոր պիտի փորձեմ կատարել յաջորդող բաժիններուն մէջ:
ԱՐՔԱՅԱԿԱՆ ՓՈՒԼ
Եւրոպական պատմագրութեան մէջ դէպի ազգայնականութիւն ու ապա ազգ-պետութիւն անցման գործընթացին մէջ հիմնական տեղ կը տրուին տարբեր երկիրներու անցուցած արքայական փուլերուն: Թէեւ եւրոպացի ակադեմականներ փորձ կատարած են ու տակաւին կը կատարեն տարբեր արքայական դրոյթներու պատմական հոլովոյթները միացնել ու անոնցմէ յառաջ բերել միատեսակ մոտել մը, որ կաղապարը կը դառնայ եւրոպական ազգայնականութեանց, ապա ազգ-պետութեանց պատմական հոլովոյթները բացատրել, սակայն յստակ է, որ նման բան գրեթէ անկարելիութիւն է՝ պարզ այն պատճառով, որ, ինչպէս Եւրոպայի պատմութեան ծանօթ ոեւէ անձ պիտի համաձայնի, այդ ցամաքամասին վրայ չկան երկու արքայական ընտանիքներ, որոնց պատմական հոլովոյթը նոյնը ըլլայ: Ո՜ւր մնաց ուրեմն զանոնք մէկ հասարակ յայտարարի տակ առնելն ու անոնցմէ միակ տեսութիւն մը յառաջացնելը: Ստացուածը լաւագոյն պարագային կրնայ ըլլալ կոպիտ սխալներով լի տեսութիւն մը, որ նպատակին ծառայելու փոխարէն ճիշդ հակառակ հետեւանքին կը յանգի:
Կայ նաեւ երկրորդ հարց մը: Եւրո-կեդրոն մտածելակերպը շարունակականութիւն կը տեսնէ արքայականէն դէպի ազգ-պետութիւն անցումին մէջ: Այսպէս՝ արքայական համակարգ, ֆէյոտալական կարգեր, Ճարտարարուեստի զարգացում ու քաղքենի դասակարգի ստեղծում, ազգայնականութեան խմորում, ապա՝ ազգ-պետութեան կազմութիւն: Հոս խնդիրը կը բարդանայ, մանաւանդ եթէ նկատի ունենանք, որ կարգ մը ժողովուրդներու համար փուլէ-փուլ անցումային այս հայեցակարգը շարունակական չէ եղած, ինչպիսին է պարագան հայութեան, որուն արքայական/ֆէյոտալական փուլը առնուազն հազարամեակով մը առաջ է եւրոպականէն… (4)
Հայաստանի մէջ, ինչպէս էր աւելի ուշ եւրոպականի պարագային, արքայական փուլը կը յատկանշուէր արքայի բացարձակ (absolute) իշխանութեամբ՝ առնուազն մինչեւ Արշակունեաց հարստութեան առաջին կէսը: Առանց մանրամասնութեանց մէջ մտնելու, յայտնի է, որ այս կացութիւնը փոփոխութիւն ենթարկուած է ՄԹ 4րդ դարէն սկսեալ, երբ մեր պատմագրութեան մէջ թագաւորը այլեւս երկրի բացարձակ իշխանաւորը չէ, այլ կը ճանչցուի լատիներէն հասկացութեամբ իբրեւ՝ Primus enter Pares, այսինքն Առաջինը՝ հաւասարներու մէջ: Սա կը նշանակէ, որ նախորդ դարերուն թագաւորնե՛րու իսկ ձեռամբ աւագանիի աստիճանին հասած հայ նախարարները, որոնք իրենց նախարարական կոչումները արդէն իսկ ժառանգականի վերածած էին, այլեւս չէին հանդուրժեր բացարձակ ուժով օժտուած թագաւոր մը: Արդէն ժամանակահատուածին ծանօթ ընթերցողը կրնայ կռահել, որ Խորենացիին կողմէ մեզի հասած գահնամակն ու զօրանամակը, թէեւ կարեւոր պատմական փաստաթուղթեր են, սակայն նաեւ կ՛ընդգծեն թագաւորին պաշտօնի տկարացումը՝ ի հեճուկս նախարարներուն: (5) Այս շրջանին է նաեւ, որ ականատես կ՛ըլլանք Հայաստանի պետականութեան տկարացման ու ապա երկրի բաժանումներուն՝ բիւզանդական ու պարսկական կայսրութեանց միջեւ, ՄԹ 387 եւ 428 թուականներուն: Ընդգծելու համար ըսենք ուրեմն, որ հայկական արքայական դրութեան պարագային դարերու ընթացքին զարգացած նախարարներու կեդրոնախոյս դիրքը առիթ չտուաւ արքայական ընտանիքին կողմէ կեդրոնաձիգ դրոյթի մը կազմաւորման: Այս երեւոյթը եւս հայկական մոտելը կը տարբերէ Եւրոպայի արքաներու խորամանկութեամբ եւ, հարկ եղած պարագային, բիրտ ուժի գործածութեամբ կեդրոնաձիգ դրոյթներ պարտադրելու: Այս գծով յատկանշական են Արշակ Բ. (Արշակաւան) եւ իր զաւկին՝ Պապ թագաւորներու արքայական պաշտօնի ամրապնդման գծով թափած ճիգերը, որոնք սակայն, ինչպէս գիտենք, յանգեցան առաջինին դէմ դաւաճանութեան ու պարսիկներու կողմէ բանտարկութեան, իսկ երկրորդին պարագային մինչեւ իսկ արքայատան նախարարներու կողմէ ահաբեկման:
ՕՏԱՐԻ ԼՈՒԾՆ ՈՒ ԳԱՂԹԻ ՖԵՆՈՄԵՆԸ
Հայկական արքայական կեդրոնաձիգ ուժի վերացման պայմաններուն տակ, հայկական աւագանին, որ անմեղ չէր թագաւորական հաստատութեան վերացման գործընթացին մէջ, փորձեց դէմ դնել 7րդ դարու գրեթէ կէսերուն Հայաստանի վրայ սկսած արաբական արշաւանքներուն: Յստակ էր, սակայն, որ այս մաքառումը չէր կրնար երկար տեւել կամ յաջող ելք ունենալ: Երկիրն ու ժողովուրդը պարտաւորուած էին օտարի ծանր լուծին տակ մտնել: Ի՞նչ եղան այս կացութեան հետեւանքները: Առաջին անգամ ըլլալով օտար, մահմետական ցեղախումբեր բերուեցան հայկական բարձրաւանդակի վրայ ու այսպիսով սկսաւ ֆենոմեն մը, ուր հայութիւնը իր հողը պիտի կիսէր իր կենցաղով, ապրելակերպով, մշակոյթով ու կրօնքով հայութենէն տարբեր ժողովուրդներու հետ: Նոյնիսկ 9րդէն 11 դարերու միջեւ յառաջացող Բագրատունեաց հարստութիւնը չկրցաւ դէմ դնել այս օտարներու ներգաղթի ալիքներուն: Բագրատունեաց թագաւորութիւնը, ինքնին ֆէոտալական շրջանի տուեալներուն համեմատ տարանջատուեցաւ ու բաժան-բաժան եղաւ, իսկ անդին՝ վասալ թագաւորութիւններէն Վասպուրականի Սենեքերիմ թագաւորը համաձայնեցաւ իր պապենական հողը փոխանակել՝ բիւզանդական կայսրութեան մէջ իր ժողովուրդին հետ նոր օթեւան մը գտնելու: Հոս տեղն ու ժամանակը չունինք նման երեւոյթի մը մանրամասնութիւնները քննելու: Կը բաւէ ընդգծել, որ նման բան ցոյց կու տայ, թէ հայ իշխանաւորը որքանո՞վ կապուած էր իր հողին ու անոր պաշտպանութեան:
Աւելի խօսուն է Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութեան պարագան, որ իր կենցաղով ու կարգ ու սարքով հայկականէն աւելի կը նմանէր իր ժամանակակից Խաչակիրներու շրջանին մէջ հաստատած իշխանութեանց: Այլ խօսքով, հայ աւագանին ժողովուրդէն իսկ առաջ կը լքէր իր պապենական հողը ու այլ տարածքի վրայ կը փորձէր նոր բախտ որոնել…
Այս հարցը մեզ կը տանի հոն, ուր մենք պէտք է ընդգծենք, որ իր հայրենասիրական զգացումները մէկ կողմ դրած՝ հայը նախընտրած է գաղթել իր բնօրրանէն՝ Մեծ Հայքէն, հասնելով մինչեւ Խրիմ ու Արեւելեան Եւրոպա: Հարկ կա՞յ ըսելու, որ նման անճարակ փախուստով չէ, որ հայրենիքները կը պաշտպանուին:
Անիի անկումն ու թրքական իրերայաջորդ արշաւանքներու զուգադիպող արտագաղթի այս հոսքը պատճառ դարձաւ հայկական նոր «սփիւռք»ի մը յառաջացման: Այս նոր միջավայրերուն մէջ ծագում առաւ հայրենասիրութեան մէկ նոր մոտել մը, որ հիմնուած էր «երեւակայական» հայրենիքի մը գաղափարին վրայ, որ որոշ կերպով քննարկուած է կարգ մը սփիւռքահայ պատմաբաններու կողմէ, բայց ոչ յագեցուցիչ կերպով ու տակաւին կը սպասէ զայն իբրեւ ֆենոմէն համապարփակ ուսումնասիրութեան ենթարկող հմուտ պատմաբանին: (6)
Այսուհանդերձ, տակաւին կային հայեր, որոնք մնացին իրենց հողին վրայ: Անոնց մէկ մասը, կամայ թէ ակամայ, մահմետականացան ու այլեւս դուրս եկան հայ ժողովուրդի պատմութեան էջերէն: Հոս դէմ յանդիման կը գտնուինք հարցի մը, որ առնչութիւն ունի ժամանակաշրջանի մեր պատմագրութեան ուղղութեան հետ: Սեդա Տատոյեանը վերջերս երեք հատորներ հրապարակեց «Հայերն միջին դարերու իսլամական աշխարհին մէջ» ընդհանուր խորագիրին տակ: (7) Հարաւէն քիւրտ ու այլ իսլամական տարրերու Հայաստան բերուիլը արդէն հիմնական փոփոխութիւն բերաւ երկրի ցեղային բաղադրութեան մէջ: Եթէ ասոր վրայ աւելցնենք իսլամացած հայերու պարագան, արդէն նախակերպարը կը կազմուի պատմագրական նոր պարատիկմայի մը, ուր հայութեան նախորդ, ընդունուած արեւելումը, ու այդ գծով ցարդ գրուած պատմագրութիւնը, որ հայը կը ներկայացնէ իբրեւ Արեւմուտքի քաղաքակրթութեան սուինի առաջատար ծայրը տարածաշրջանին մէջ, այլեւս ի զօրու չէ ու ան այժմ պարտի դիտուիլ իբրեւ Միջին Արեւելքի միջնադարու բաղադրիչ տարր: (8) Այս հարցադրումները մեթոտաբանական դրոյթով ներկայացնելէ ետք, Տատոյեան հարց կու տայ, որ արդեօք ժամանակը հասած չէ՞ որդեգրելու այս նոր պատմագրական պարատիկման, որ կրնայ նոյնիսկ այսօր հայութեան ու անոնց պետականութիւնը բնութագրող Հայաստանի Հանրապետութեան տեղն ու դերը աւելի լաւ կերպով բացատրել անոնց ապրած տարածաշրջանին մէջ:
Գիտակից եմ, որ առաջարկած դրոյթիս փոփոխութիւնը իսկապէս խրթին է: Դարեր շարունակ կրօնաքաղաքակրթական բազմապիսի կապերով ինքզինք Արեւմուտքին առնչուած տեսնող հայութեան համար այլեւս տոկմաթիք դարձած Արեւմտեան արեւելումէն հրաժարիլն ու անոր փոխարէն Արեւելեան կամ նոյնիսկ տեղական (իմա՝ զուտ հայկական) մը ընդունիլը անաթեմա մըն է ինքնին: Տակաւի՛ն, պէտք է ընդգծենք, որ իրենց հարեւան ժողովուրդները եւս, նոյնիսկ մահմետական, չունենալով պատմագրական այլ պարատիկմա՝ իրենց պատմագրութիւնը մշակած են արեւմտեան մոտելի հիմունքով: Մեր սերունդին համար այս հարցին նկատմամբ գիտակցութիւնը եկաւ երբ Էտուըրտ Սայիտ (Edward Said) 1979ին հրատարակեց իր հռչակաւոր «Օրիանթալիզմ» (Orientalism) հատորը, (9) ուր առաջին անգամ ըլլալով մերկացուց Եւրոպայի կողմէ այլ ժողովուրդներու վրայ գաղութատիրութեան ժամանակաշրջանին եւ ետքը պարտադրուած պատմագրութեան արեւմտեան մոտելը ու առաջադրեց, որ ժողովուրդներ իրենք իրենց օրինաչափութիւններով վերագրեն իրենց պատմագրութիւնները, որպէսզի զայն մաքրեն արեւմտեան մոտելի արատներէն (10):
ԵԿԵՂԵՑԻՆ՝ ԻԲՐԵՒ «ԽՆԴՐԱՅԱՐՈՅՑ» ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆ
Թէեւ հայկական եկեղեցին ֆէոտալական հաստատութիւն մըն էր, սակայն ան նախարարութեանց նման զինուորական ուժ չէ ունեցած: Բայց անոր քաղաքական դիրքը եղած է հզօր: Եկեղեցւոյ բարձրաստիճան կղերականութիւնը, ըլլալով զանազան նախարարական ընտանիքներու անդամներէն, հետապնդած է իրեն պատկանած տոհմին շահերը:
Հետեւաբար, եւ ի հեճուկս իրենց հաստատութեան հոգեւորական բնոյթին, կղերական պետերը (կաթողիկոսէն մինչեւ առաջնորդ սրբազաններն ու եպիսկոպոսները), միջամուխ էին Հայաստանի ներքին քաղաքական անցուդարձերուն: Տակաւի՛ն, հայկական եկեղեցին ֆէոտալական շրջանի ամէնէն հարուստ հաստատութիւններէն էր: Ան կալուածներ ունէր Մեծ Հայքի բոլոր նահանգներուն մէջ, ուր հազարաւոր ճորտեր հողին կապուած էին: Հետաքրքրական է, որ հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ եկեղեցւոյ ֆէոտալական լուծին դէմ արձանագրուած են ապստամբական երկու դէպքեր, որոնք ցոյց կու տան, թէ հաստատութիւնը որքա՜ն ատելի էր իր ճորտերուն կողմէ… Թէեւ հայ պատմագրութիւնը լուտանք կը տեղացնէ այս ապաստամբներու գլխուն, բայց այդ ակնկալելի է գտնել կղերական շարքերէն եկած պատմագիրներուն մօտ: Բայց եթէ այսօրուան ընկերային չափանիշերով քննենք հարցը, պիտի տեսնենք, որ թէ՛ 7րդէն 8րդ դարերուն ծաւալած Պաւղիկեան ապստամբութիւնը, եւ թէ 9րդէն 11րդ դարերուն արձանագրուած Թոնթրակեան շարժումը այլ բան չէին, եթէ ոչ խոր ընկերային հիմքեր ունեցող ապստամբութիւններ, որոնք նաեւ շղարշուած էին կրօնական բարենորոգչական տուեալներով: (11)
Միւս կողմէ, Թոնթրակեան շարժումը իսկական «հակա-ֆէոտալական» աղանդ կը նկատուի, որ զարգացաւ Հայաստանի զանազան շրջաններու մէջ՝ 9րդէն 11րդ դարերուն: Հիմնադիրը՝ Սմբատ Զարեհաւանդեցին կը քարոզէր նոյնիսկ եկեղեցւոյ ու անոր արարողութեանց ամբողջական վերացումը: Թոնթրակեանները ամբողջովին դէմ էին ֆէոտալական կարգերու ու նման մենաշնորհներու, ճորտերուն հողի ու ինչքի իւրացման իրաւունքը կը պաշտպանէին, ինչպէս նաեւ հաւասարութիւն՝ այր մարդոց ու կիներուն միջեւ: (12)
Հիմնական հարցը, որուն պարտինք անդրադառնալ եկեղեցւոյ պարագային այն է, որ երբ հայկական քաղաքական ղեկավարութեան բացակայութեան ժողովուրդի քաղաքական ղեկավարութիւնը եւս վստահուեցաւ եկեղեցւոյ, ան կարողացա՞ւ իր վրայ դրուած գործը լիովին ու լաւապէս կատարել: Պատասխանը այնքան ալ դիւրին չէ: Եթէ վերը նշուած ժողովրդային ապստամբութիւնները նշան են եկեղեցւոյ ղեկավարութեան նկատմամբ տիրող զգացումներուն, ապա յստակ է, որ եկեղեցին ձախողած է հայ ժողովուրդը իր շուրջ համախմբել: Իսկ եթէ նկատի ունենանք այն պարագան, որ նոյնիսկ նախարարական վերջին տուներու անկումէն ետք, երբ եկեղեցին քանի մը դար շարունակ մինակը ստանձնեց հայութեան ղեկավարութիւնը, այդ շրջանէն չունինք մեր հայրենասիրութիւնը փայփայող որեւէ դէպք մեր պատմագրութեան մէջ: Եկեղեցին մնաց հարուստ հաստատութիւն, նոյնիսկ օտար տիրակալներու լուծին տակ, երբ անդին հողը սակաւ առ սակաւ կը պարպուէր իր իսկական ժողովուրդէն: Պատմագրութիւնը դարձած էր «ողբ»երու կոյտ մը, իսկ ժողովուրդին խրատ կը տրուէր հնազանդիլ օտարին:
Եւ կարծէք այս բոլորը բաւարար չըլլար, Մայր Աթոռը եւս, գաղթականի ցուպը ձեռին կը լքէր Մեծ Հայքն ու ժողովուրդին մնացեալը եւ կը փորձէր նոր օթեւան մը գտնել «ֆրանկ»ներով շրջապատուած Կիլիկիոյ թագաւորութեան մօտ: (13) Հետեւաբար, ինչպէ՞ս բացատրել քաղաքական աւագանիէն ետք Հայաստանեայց եկեղեցւոյ բուն հայրենիքը լքելու ու տակաւի՛ն, հոն ապրող ժողովուրդը անտէր ձգելու նման քայլ…:
Ինչեւիցէ, 16րդ դարուն Հայկական Բարձաւանդակը արդէն իսկ վերջապէս բաժնուեցաւ օսմանեան ու պարսկական կայսրութիւններուն միջեւ: Պէտք էր տակաւին մօտ երկու դար սպասել՝ նախքան հայրենասիրական նոր ծաղկումի մը առաջին ղօղանջները լսելը…
ԴԱՒԻԹ ԲԷԿԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ԱՐԵՒԵԼԱՀԱՅԱՍՏԱՆԻ «ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄԸ»՝ ՌՈՒՍԻՈՅ ԿՈՂՄԷ
Այս յօդուածի նեղ սահմաններուն մէջ տեղ չունինք 18րդ դարու հիմնական հարցերուն մասին մանրամասն խօսելու: Պիտի փորձեմ ամփոփել ու միտք բանին ներկայացնել:
Դաւիթ Բէկի ապստամբութիւնը՝ պարսկական լուծին դէմ, մեծատառ գիրերով գրուած է մեր պատմագրութեան մէջ: Թէեւ դէպքը տեղական է ու Սիւնիքի ու Ղարաբաղի սահմաններէն անդին չ՛անցնիր, սակայն դարաւոր լռութենէ ետք հայու մարտական ոգիի վերափթթումը չէր կրնար ամբողջ ազգը չխանդավառել:
Նոյն արժեչափով հայ պատմագրութիւնը դիտած է նաեւ Իսրայէլ Օրիի ու Յովսէփ Էմինի առաքելութիւնները ի Եւրոպա: Դարձեալ մանրամասնութեանց մէջ չմտնելով, երկու պարագաներուն ալ յստակ է, որ Եւրոպայի այդ ժամանակուան արքաները միանշանակ մէկ խրատ տուած են թէ՛ Օրիին, եւ թէ Էմինին.- Ձեր հարցը, այսինքն հայ ժողովուրդի ազատագրումը օսմանեան կամ պարսկական լուծէն (իմա՝ Հայկական հարց) պէտք է փնտռել Ռուսիոյ ցարին մօտ: Այսպէս է, որ կը սկսի Հայկական հարցի ռուսական արեւելում (օրիանդացիան), բան մը, որուն քաղաքական ոլորտները կը շարունակուին մինչեւ օրս:
Երբ Օրին Ղարաբաղի մելիքներու նամակը 1701ին Մոսկուայի մէջ կը յանձնէր Ռուսիոյ Մեծն Պետրոս ցարին, արդէն յստակ էր, որ արեւելահայութիւնը Ռուսիոյ մէջ կը տեսնէր իր ազատագրման հարկաւոր դաշնակիցը: Ի՞նչ էր Օրիի առաջադրած ծրագիրը, զոր ան գրեց ու յանձնեց ցարին, վերջինիս խնդրանքով: 18 կէտերէ բաղկացած «Մոսկովեան տեղեկագիրը» կ՛առաջադրէր 25,000անոց ռուսական բանակի մը արագընթաց յարձակումը դէպի Լոռի, Ղափան եւ Նախիջեւան, ուր անոր պիտի միանար հայ ապստամբ բանակ մը: Միասնական այս ուժը Արեւելահայաստանը պիտի ազատագրէր պարսկական լուծէն ու Ռուսիոյ իշխանութեան պիտի յանձնէր աշխարհատարածք մը, որ հարուստ էր երկրագործական բերքով ու մետաղներու շտեմարաններով: Գրեթէ նոյնանման էր նաեւ Յովսէփ Էմինի առաջարկը: (14) Յստակ է անշուշտ, որ ռուսական նման արշաւանք իրականութիւն պիտի դառնար միայն 1804–1830 թուականներուն միջեւ՝ Պարսկաստանի դէմ երկու, իսկ օսմանեան կայսրութեան դէմ մէկ պատերազմով: (15) Իբրեւ հետեւանք այս պատերազմներուն, Արեւելահայաստանը կազմող պարսկական չորս խանութիւնները (Երեւան, Նախիջեւան, Ղարաբաղ եւ Կիանճա [հետագային Ելիզավեթփոլ]) պիտի անցնէին Ռուսիոյ, ինչպէս նաեւ տեղի պիտի ունենար բնակչութեան տեղափոխում, որուն հիմամբ հայութեան համեմատութիւնը զգալի աճ պիտի կրէր «ազատագրուած» տարածքներուն մէջ: 1850ականներուն, գրաւուած հողերը պիտի միացուէին՝ կազմելով «Հայկական Կուպերնիա»ն (հայկական նահանգ):
Այստեղ պէտք է ընդգծել, որ 1830ին յառաջացած իրավիճակով արեւելահայութեան ռուսական արեւելումը արդէն իսկ իրականութիւն դարձած էր: Հայկական հողերու ազատագրումը կը հասկցուէր այնպէս, որ զանոնք պէտք է դուրս բերել մահմետական լուծէն ու կցել Ռուսիոյ: Այսուհանդերձ, հայութեան քաղաքական, քաղաքակրթական օճախները բուն Արեւելահայաստանէն դուրս կը գտնուէին, յատկապէս Թիֆլիսի եւ Պաքուի մէջ:
Անդին, օսմանեան լուծին ենթակայ Արեւմտահայաստանին մէջ, հայութեան ստուար մասը կ՛ապրէր կայսրութեան արեւելեան վեց վիլայէթներուն մէջ, մեծ մասամբ հողագործութեամբ զբաղելով: Հայութեան քաղաքական ու քաղաքակրթական կեդրոնը մայրաքաղաք Կոստանդնուպոլիսն էր, կային նաեւ կարեւոր համայնքներ այլ կարեւոր քաղաքներու մէջ, ինչպէս Իզմիր:
Հայկական զարգացած գաղութներ կային նաեւ Խրիմի եւ նոյնիսկ Մոսկուայի ու Սենթ Փեթերսպուրկի մէջ: Այլ խօսքով, շուտով յառաջանալիք Հայկական զարթօնքի խմորումները կը կազմաւորուէին բուն Հայաստանէն դուրս:
Օսմանեան կայսրութեան պարագային հայութիւնը կ՛ապրէր կայսրութեան բոլոր տարրերը կառավարող «միլլէթ»ի դրութեան մը ներքեւ: (16) Մինչ քաղաքներու մէջ ապրող հայերու ֆիզիքական ապահովութիւնն ու ունեցուածքը պաշտպանուած էր սուլթանի կողմէ, քրիստոնեայ տարրին նկատմամբ ցուցաբերուած «բարեացակամութեամբ», անդին, Արեւմտահայաստանը, ըլլալով կայսրութեան սահմանային շրջաններէն մին, ենթակայ կը մնար քիւրտ եւ չերքեզ ցեղախումբերու կեղեքման ու կը տառապէր կեդրոնական իշխանութեան ու օրէնքի տիրապետութեան բացակայութենէն: Ահա, Արեւմտահայոց վիճակուած այս տխուր իրավիճակն էր, որ հրամայականի պիտի վերածէր զարթօնքը…
ՀԱՅԿԱԿԱՆ «ԶԱՐԹՕՆՔ»Ը
Մենք արդէն իսկ մեր պատումին մէջ յառաջացած ենք որոշ աստիճանի մը, ուր կրնանք ըսել, թէ ցարդ մեր ներկայացուցած քննարկումի լոյսին տակ ալ աւելի յստակ կը դառնայ յօդուածի սկզբնաւորութեան մեր ընդգծած խնդիրը՝ այն, որ հայկական «ազգայնականութիւն» հասկացութիւնը չի համընկնիր տերմինի արեւմտեան բնութագրման:
Դարձեալ ապաւինելով Պէնէտիքթ Էնտըրսընի օժանդակութեան, հոս պէտք է ընդգծենք, որ «Երեւակայական հաւաքականութիւններ»ու յարգելի հեղինակը ամբողջ գլուխ մը կը տրամադրէ ազգայնականութիւն, ազգ-պետութիւն անցումային փուլի ընթացքին իր խիստ կարեւոր նկատած տպագրական գիւտին ու անոր առթած խօսակցական բարբառի տարածման գործընթացին: Էնտըրսըն կը շեշտէ, որ մարդոց լուսաւորման առաջնորդող այս առանցքային գործընթացը քանի մը դար խլեց Արեւմուտքի պարագային: (17) Այսպէս.-
«20,000,000 հատորներ արդէն իսկ տպուած էին 1500 թուականին…1600 թուականին այդ թիւը հասած էր 200,000,000ի, Պատահական չէ, որ հռչակաւոր անգլիացի ակադեմական Ֆրանսիս Պէյքըն կը հաւատար, որ «տպագրութիւնը առ յաւէտ փոխած էր երկրագունդին իրավիճակը…» (18)։
Հետեւաբար, հոս եւս զարմանալի պիտի ըլլայ հաւատալ, որ հայկական տպագրութիւնը, որ Վենետիկի, ապա Վիեննայի Մխիթարեան հայրերով սկսաւ տպագրուած գիրքեր մատչելի դարձնել հայութեան, ու այդ ալ շատ փոքր տպագրաքանակով, պիտի կարողանար նոյնանման դեր խաղալ ինչպիսին էր տպագրութեան դերը Արեւմուտքի պարագային: Այսուհանդերձ, Մխիթարեաններու կողքին, տպագրական իմաստով հայութեան լուսաւորեալ դասին զարթօնքի գաղափարներով օժտելու մէջ կարեւոր դեր խաղացին նաեւ Թիֆլիսը, Մոսկուան ու Սենթ Փեթերսպուրկը: Կարելի չէ նաեւ մոռնալ այս գծով «Մատրասի խմբակ»ի տարած կարեւոր աշխատանքը, յատկապէս «Նոր տետրակ, որ կոչի յորդորակ»ը, որուն հեղինակութիւնը վերագրուած է Մովսէս Բաղրամեանին, եւ որ հայութեան կը վերաներկայացնէ իրենց պատմութիւնն ու արմատները, իսկ թերեւս ամենակարեւորը՝ թէ դէպի ո՞ւր կ՛երթայ հայ ժողովուրդը այդ հանգրուանին (իմա՝ ի՞նչ պիտի ըլլայ անոր ապագան, մանաւանդ առանց ազգային պետական կառոյցի մը հովանիին ներքեւ ապրող սփիւռքեան գաղութներու պարագային): Աւելի զօրաւոր էր «Յորդորակ»ին յաջորդող «Որոգայթ Փառաց»ը, որ նոր իմաստ կու տար պետականութիւն հասկացութեան: Գիրքին հեղինակն է Յակոբ Շահամիրեանը: Քանի մը տարի ետք կը յաջորդէ «Որոգայթ Փառաց»ի շարունակութիւնը, որ ընթերցողին կը ներկայացնէ ապագայ հայկական պետութեան մը սահմանադրութիւնը, որուն ազդեցութեան հիմնական աղբիւր կը ծառայէ 1770ական թուականներուն Անգլիոյ դէմ յեղափոխական շարժումի արդիւնքով ծնունդ առած նորաստեղծ Ամերիկեան հանրապետութիւնը (իմա՝ Ամերիկեան Միացեալ Նահանգները):
Աւելի՛ն. Որոգայթի շարունակութիւնը յանձնարարութիւններ կ՛ուրուագծէ սփիւռքեան գաղութներուն՝ իրենց կեանքը շարունակելու մինչեւ նման ժողովրդավարական հայրենիքի մը ստեղծումը: Յստակ է անշուշտ, որ այս բոլորը, կարեւոր ըլլալով հանդերձ, քաղաքական մտքի մարզանք ըլլալէ անդին չանցան, մանաւանդ եթէ նկատի ունենանք այն, որ առաջադրուածը ժողովրդավարական հիմունքներու վրայ կառուցուելիք հայկական արդի հանրապետական կառոյց մըն է, տարածաշրջանի մը մէջ, ուր հայութիւնը կ՛ապրէր միջնադարեան հնամաշ կայսերական (օսմանեան, պարսկական) կարգերու ներքեւ: Տակաւի՛ն, գրութիւններու լեզուն կիսագրաբար ըլլալով այդքան ալ մատչելի չէր հանրութեան վարի շերտերուն: Պէտք էր սպասել քանի մը տասնամեակ եւս՝ մինչեւ խօսակցական բարբառով ու ազգային կամ հայրենասիրական թեմաներով գիրքերու հրապարակումը:
Արեւելահայութեան պարագային, այս տիպի առաջին ռահվիրան հանդիսացաւ Խաչատուր Աբովեանը, որ իր գլուխ գործոցը հանդիսացող «Վէրք Հայաստանի» (19) պատմավէպին մէջ առաջին հերթին հայութեան պանծալի անցեալը կը փառաբանէր.-
«Ամէն օր գերեզմանս առաջիս տեսնում էի, ամէն սհաթ մահուան հրեղէն սարը գլխիս պտտում էր, ամէն րոպէի ձեր սիրտն ու դարդը հոգիս էրում, մաշում էր. լսում էի ձեր քաղցր ձենը, տեսնում էի ձեր սիրուն երեսը, իմանում էի ձեր ազնիւ միտքն ու կամքը, վայելում էի ձեր ազիզ սէրն ու բարեկամութիւնը, մտածում էի ձեր կորցրած փառքն ու մեծութիւնը, մեր առաջին, է՛ն հիանալի թագաւորաց, իշխանաց գործքն ու կեանքը, մեր Հայրենեաց, մեր սուրբ աշխարհի առաջուան սքանչելիքն ու հրաշքը, մեր ընտիր ազգի աննման բնութիւնը ու արած քաջութիւնները: Մասիս առաջիս էր կանգնած միշտ, որ մատով ցոյց էր տալիս, թէ ի՞նչ աշխարքի ծնունդ եմ ես. դրախտը մտքումս էր կենդանի, որ ինձ, երազում թէ լուրջ, միշտ մեր երկրի անունն ու պատուականութիւնը իմ առաջս էր բերում. Հայկ, Վարդան, Տրդատ, Լուսաւորիչ՝ քնած տեղս էլ ինձ ասում էին, որ ես իրա՛նց որդին եմ…» (20)։
Ապա, Աբովեան հայու մէջ ռազմական ոգիի տկարացման ու նոյնիսկ վերացման հիմնական պատասխանատուն կը նկատէր նոյնինքն հայ կղերը.-
«Իմ դուշմանս նրանց ձեռը չընկնի, սաղ-սաղ կ՛ուտեն մարդի: Ինչ ասես՝ նրանցից դուս ա գալիս: Աւետարանը իրանք են կարդում, ժամ ու պատարագ իրանք անում, մեզ ասում, թէ մեր ասածն արեք, մեր գործքին մեք նայիլ: Ախր ի՞նչպես չնայեմ, հո քոռ չեմ, փառք աստծու: Ինչ ճամբով որ դու գնում ես, ես էլ էն ճամբովը պէտք է հետդ գամ. տո՛, դու դուզ գնա՛, որ ես էլ դուզ գնամ, է՜. զոռի բան չի՛ հո: Տո՛, դու խեցգետնի պէս ծուռն ես եռում, ինձանից պահանջում ես, թէ ծուռը մի գնար: Առաջ դու արա՛, յետոյ ինձ խրատ տո՛ւր, է՜: (21)
Աւելի յախուռն ու շեշտակի էին Ռաֆֆի գրութիւնները, որոնց պատմական նիւթը 1876-1878 ռուս-Օսմանեան պատերազմն էր ու յատկապէս Պայազիտի հայութեան ջարդը: (22)
Յատկանշական է մանաւանդ «Ճելալէտտին»ի մէջ Ռաֆիի կերպարներէն մին, նախապէս քահանայ ու ետքը ղաչախ (23) ու աւազակ՝ Տելի Պապայի բերնով ներկայացուցած «բաժակաճառ»ը, որ ինքնին տիրող կղերա-քաղքենիական փտածութեան դէմ ահաւոր պոռթկում մըն է.-
«Ո՜վ հայրեր, ո՜վ պապեր, այս գաւաթը խմում եմ, բայց առանց նուիրելու ձեր ոսկորներին: Եթէ դուք այս վանքերի տեղ որոնցմով լիքն է մեր երկիրը, բերդեր շինէիք,- եթէ դուք սուրբ խաչերի եւ անօթների փոխարէն, որ սպառեցրին մեր հարստութիւնը, զէնքեր գնէիք,- եթէ դուք այդ անուշահոտութեանց տեղ, որ խնկում են մեր տաճարներում, վառօդ ծխէիք,- այժմ մեր երկիրը բախտաւոր կը լինէր: Այլեւս քուրդերը մեր երկիրը չէին քանդի, մեր որդիքը չէին կոտորի եւ մեր կանայքը չէին յափշտակի…: Այս վանքերից ծագեց մեր երկրի կործանումը, նրանք խլեցին մեր սիրտը ու քաջութիւնը, նրանք ձգեցին մեզ ստրկութեան մէջ, սկսած այն օրից, երբ Տրդատը թողեց իր սուրը եւ թագը, առեց խաչը եւ մտաւ Մանիա այրում ճգնելու համար…- Ո՜վ հայոց հին աստուածներ, ո՜վ Անահիտ, ո՜վ Վահագն, ո՜վ Հայկ. Նուիրում եմ այս բաժակը ձեր սուրբ յիշատակին, դուք փրկեցէք մեզ…» (24)։
Եթէ Աբովեանի գրականութեան թիրախը Արեւելահայաստանն էր, Ռաֆֆիով այդ թիրախը ընդարձակուեցաւ իր մէջ ներառնելով նաեւ Արեւմտահայաստանը: Սա կը նշանակէր, որ արեւելահայը նաեւ իր վրայ պարտք կը զգար ամբողջական հայրենիքի ազատագրումը: Այս կարեւոր հանգամանք մըն էր, որ իր գործնական հոլովոյթը պիտի ունենար յաջորդող յեղափոխական շարժման մէջ: Ռաֆֆին, օրինակի համար, «Մշակ»ի մէջ այսպէս կը բնութագրէր Արեւմտահայոց հարցի նկատմամբ Արեւելահայոց դիրքը.-
«Մենք, որպէս սկզբում ասացինք, դեռ ոչ բոլորովին ճանաչում ենք մեր տաճկաստանցի եղբայրներին, չը գիտենք ինչ բանի կարօտ են նրանք, եւ նրանց դրութիւնը իւր բոլոր կողմերով դեռ մեզ յայտնի չէ. ուրեմն ինչ որ գրենք, ինչ որ մտածենք նրանց մասին, բոլորը կը լինեն թերի, միակողմանի եւ շատ անգամ անհիմն ենթադրութիւններ։ Պէտք է ունենալ ճիշդ տեղեկութիւններ։ Պէտք է մեզ հիմնուել խնդրի բարձր նշանակութեան վրայ եւ հասկանալ, որպէս հարկն է, նրանց պէտքերը, եւ ուսումնասիրել նրանց կեանքի եւ կացութեան բոլոր էական գծերը, նրանց տնտեսական վիճակը, անցեալ եւ ներկայ քաղաքական դրութիւնը եւ այլն։ Բաւական չեն միայն եղբայրական զգացմունքների արտայայտութիւնները կամ ազգասիրական դարտակ ցուցումներ, որ վերջանում են նրանով միայն, որ ողորմելի տաճկաստանցու համար օդեղէն ամրոցներ ենք ստեղծում, մինչդեռ նա իւր գլուխը դնելու եւ հանգչելու տեղ չունի։
Մեր մէջ պէտք է կազմուի փոխադարձ հասկացողութիւն։ Մենք դեռ չունենք ոչ մի օրինաւոր շարադրութիւն տաճկական Հայաստանի մասին։ Մի քանի հատուկտոր, չնչին, անիմաստ յօդուածներ ի՞նչ լոյս կարող են ձգել նրանց կեանքի վրայ։ Մեզ պէտք են կատարեալ ժողովրդագրական (էտնոգրաֆիական) տեղեկութիւններ, հիմնուած փաստերի վրայ, ոչ միայն հայերի կեանքը ուսումնասիրելու համար, այլեւ թիւրքերի, քիւրդերի, չէրքեզների եւ բոլոր ցեղերի, որ այժմ Հայաստանում բնակուած են։ Մեզ պէտք են կատարեալ աշխարհագրական տեղեկութիւններ Հայաստանի ազգաբնակչութեան, արդիւնաբերութեան, տեղագրութեան, ճանապարհների հաղորդակցութեան եւ նրա թէ՛ բնական եւ թէ քաղաքական կեանքի մասին։ Մեզ պէտք են ճիշդ վիճակագրական եւ տնտեսագիտական տեղեկութիւններ հայոց ազգաբնակչութեան մասին առանձնապէս եւ օտար ցեղերի մասին ընդհանրապէս։ Մեզ պէտք են մինչեւ անգամ գիտենալ Հայաստանում բնակուող ժողովրդների մէջ տիրող ոգին, նրանց բնաւորութիւնները, ուղղութիւնը, ձգտումները, կրօնական եւ բարոյական զգացմունքները, մի խօսքով, նրանց բոլոր մտաւոր եւ հոգեբանական կողմը»։ (25)
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄՆ ՈՒ «ԱԶԳԱՅԻՆ ԱԶԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ՊԱՅՔԱՐ»Ը
Մինչ արեւելահայութիւնը Ռուսիոյ իշխանութեան ներքեւ հասած էր իր «ազատագրման», անդին արեւմտահայութեան պարագային 19րդ դարու կէսերէն սկսեալ հիմնական կարգախօսը բարենորոգումներն էին: Հայկական միլլէթի ներքին բարենորոգումներն իրականացան 1860ականներու սկիզբը ու 1865ին, իբրեւ ներքին սահմանադրութիւն, վաւերացուեցան սուլթանին կողմէ: (26) Սա առիթ ընծայեց հայութեան լուսամիտ տարրին իր տեղը գրաւելու ամիրաներու ու կղերականներու տիրապետութեան տակ գտնուող Ազգային ժողովին մէջ:
Աւելի՛ն, շարժում յառաջացաւ «Դէպի Երկիր» պիտակին տակ կայսրութեան արեւելեան նահանգներու հայութեան ուսումնական կարիքներուն հասնելու՝ դպրոցական ցանցի մը շնորհիւ: Տակաւի՛ն, կար կեդրոնական կառավարութեան բարեփոխման հիմնական խնդիրը, որուն հիմամբ ան իր հովանին պիտի տարածէր հայաբնակ գաւառներուն վրայ ու ֆիզիքական ապահովութիւն բերէր: Հոս տեղը չէ օսմանեան բարենորոգումներու պատմագրութեան քննարկման: Կը բաւէ ընդգծել, որ այդ մէկը Եւրոպայի կողմէ պարտադրուած էր ու կը նպատակադրէր ոչ թէ պետական վարչամեքենայի իսկական բարեփոխումն ու զարգացումը, այլ նորանոր առիթներ կ՛ընծայէր եւրոպական պետութիւններուն օսմանեան «հիւանդ մարդ»ուն ներքին գործերուն մէջ աւելի եւս միջամուխ դառնալու: «Բարենորոգում»ներու իսկական հետեւանքներէն հանդիսացաւ նաեւ պետական ու պետական այրերու անհատական պարտքերը եւրոպական պետութիւններուն ու անոնց դրամատուներուն, ինչ որ երկիրը ալ աւելի մխրճեց անոնց ներքին մրցակցութեան մէջ: Աւելի՛ն, «բարեփոխում»ներ կոչուած առեղծուածը, որ պիտի յանգէր երկրի արդիականացման ու անոր իւրաքանչիւր տարրին քաղաքացիական իրաւահաւասար մակարդակ ունենալուն, չէր կարող իրականութիւն դառնալ նամանաւանդ աշիրաթական կարգ ու սարք ունեցող արեւելեան նահանգներուն մէջ՝ ուր կ՛ապրէր հայութեան ստուար մասը: Հայութիւնը, սակայն, անիմաց ըլլալով այս քաղաքական ճամարտակութիւններուն, իսկապէս հաւատացած ըլլալով բարենորոգումներուն, շուտով իրազեկ պիտի դառնար այս խաբկանքին: Նոյնիսկ Միտհաթ փաշայի յառաջ քշած առաջին սահմանադրութիւնն ու անոր իբրեւ հետեւանք ընտրուած օսմանեան առաջին խորհրդարանը շուտով պիտի առկախուէին Ապտուլհամիտ Բ.ի միջոցով, որուն յաջորդող աւելի քան 30 տարուան կեղեքիչ ու ճնշիչ իշխանութիւնը իսկապէս անկարելի կացութեան պիտի մատնէր արեւելեան նահանգներուն մէջ ապրող հայութիւնը: Պերլինի վեհաժողովէն վերադարձող Խրիմեան Հայրիկի «Երկաթէ Շերեփ»ի քարոզը խթան պիտի հանդիսանար ինքնապաշտպանութիւնը միակ ելքը ըլլալու իրազեկութեան:
Հայ Յեղափոխական Շարժման ու անոր զուգորդուող Հայ ազգային ազատագրական պայքարի խորքային քննարկումը կարելի չէ ներկայացնել սոյն յօդուածի սահմանափակ էջերուն մէջ: Այդքանը ընդգծելու ենք սակայն, որ մինչ արեւմտահայ հատուածը կ՛ընթանար աւելի եղափոխական կշռոյթով ու որոշ վայրերու մէջ յեղափոխական խմորումներ կը ցուցաբերէր, (27) իրականութեան մէջ յեղափոխական գործելակերպը հոն պիտի մտնէր Արեւելահայաստանէն:
Թէեւ Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութիւնը իր ծրագիրին մէջ ընդունած էր անկախ Հայաստանի մը հեռաւոր նպատակը, սակայն գիտակցութիւնը կար, որ այդ բաւականին ուշ իրականանալիք բան մը կրնար ըլլալ միայն: Գալով Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, անոր պատմագիրը հետեւեալ ձեւով կը մեկնաբանէր հարցի էութիւնը, երբ կը գրէր 1878ի Պերլինի վեհաժողովէն ետք ստեղծուած իրավիճակին ու անոր յաջորդող Հայկական Յեղափոխական Շարժման ու Ազգային ազատագրական պայքարի ռեզոն տէթրի մասին .-
«Օսմանեան կայսրութեան մէջ քրիստոնեայ ժողովուրդներու (յոյներ, ռումանացիներ, սերպեր, մակեդոնացիներ, պուլկարացիներ) զարթօնքը վարակիչ ազդեցութիւն ունեցաւ հայութեան համար: … [Հայկական] Պատրիարքութեան ու անոր ազգային մարմիններուն ամլութիւնը՝ երկրի ներքինի հայութեան համար բարենորոգումներ խնդրելու հարցով …բաւարար էին յեղափոխական խմորումներ ստեղծելու: Աւելի՛ն, Հայ Ազգային Շարժումը խաղաղ ու բարենորոգիչ նկարագիր մը ունէր եւ կը ջանար հայերուն ապահովել այն՝ ինչ արդէն բնատուր կը նկատուէր կայսրութեան մահմետական տարրին համար: Ասոնք կ՛ընդգրկէին.- Մարդկային արժանապատուութիւնը, ինչպէս նաեւ հաւասարութիւն՝ ընկերային, տնտեսական եւ կրօնական մարզերուն մէջ: Եթէ հայերու մտքին մէջ գոյութիւն ունէր տեղական ինքնավարութեան որեւէ պահանջ՝ նման բան իր քաղաքական ու գաղափարախօսական յստակ շարադրումը չէր գտած տակաւին»: (28)
Հոս պարտինք ընդգծել, որ Ռուսիան, ինչպէս բնութագրեցինք մեր ներածականին մէջ, հաւանաբար նաեւ իր շահերէն մեկնած, 1878ի Պերլինի վեհաժողովին ընդունեց Անգլիոյ խորամանկ քաղաքականութեամբ իրեն հրամցուած Կարս-Արտահան-Պաթում հողաշերտը ու զայն միացուց իր Հայկական նահանգին ու այդպիսով մոռցաւ, թէ պատերազմի ընթացքին արեւելքէն յառաջացած էր մինչեւ Էրզրում, իսկ արեւմուտքէն մինչեւ Սան Սթեֆանօ: Այլ խօսքով, Ռուսիան բաւականացաւ Այրարատեան դաշտի մնացեալը կցելով ու անտարբերութիւն ցուցաբերեց իր քանի մը ամիս առաջ «հետապնդած» Հայկական հարցին նկատմամբ: Չմոռնանք, որ նոյն պայմանագիրի արդիւնքով Պալքաններու մէջ ստեղծուեցան անկախ Սերպիա ու թուղթի վրայ կիսանկախ, բայց իրողապէս անկախ Պուլկարիա: Հայկական հարցի պարագային Ռուսիոյ նման դիւանագիտական քայլի դիմելուն պատասխանը կարճ ու մեկին էր ու խորիմաստ բառեր պիտի զգենուր 1885ին՝ Պուլկարիոյ կողմէ իրեն դէմ խաղցուած պլաֆին իբրեւ հետեւանք, երբ կայսրութեան վարչապետ՝ իշխան Լոպոնով, պիտի յայտարարէր.- «Մենք կարիքը չունինք հայկական Պուլկարիոյ մը»… (29)
1908ի Օսմանեան Երկրորդ սահմանադրական յեղափոխութեան յաջողութենէն ետք, Հայ Յեղափոխական Շարժումը իր քաղաքական աշխատանքին առանցքը դարձուց կայսրութեան մէջ Օսմանականութեան (Ottomanism) իբրեւ քաղաքացիական գաղափարախօսութիւն ընդունուիլը, որովհետեւ կայսերական վարչակարգի մը ներքեւ նման գաղափարախօսութիւն հայութեան կ՛ընծայէր անոր հետապնդած հիմնական պահանջքները, որոնք կը խտանային ֆիզիքական ապահովութեան, օրէնքի առջեւ հաւասարութեան եւ ունեցուածքի ապահովման մէջ: Սակայն, Պալքանեան պատերազմներն ու Առաջին Աշխարհամարտը այս կացութիւնը թաւագլոր պիտի դարձնէին, ու հայութիւնը խստագոյն վնասով դուրս պիտի գար պատերազմէն…
ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
ՈՒ ՄԱՏՆԱՆՇՈՒՄՆԵՐ
Պատերազմի աւարտին յառաջացած անկախ Հայկական Հանրապետութիւնը կարճատեւ կեանք ունեցաւ (1918-1920): Ան հարկադրաբար մաս կազմեց նորաստեղծ Խորհրդային Միութեան ու կրցաւ իր անկախութիւնը վերակերտել միայն 1991ին՝ խորհրդային կարգերու փլուզումով:
Այսօր անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կտրած է աւելի քան 20ամեայ ճանապարհ: Սակայն յստակ է, որ անոր առջեւ կը ծառանան հիմնական խնդիրներ, որոնք կը վերաբերին «ազգայնականութիւն», «ազգ-պետութիւն» եզրերուն, հայ ժողովուրդի պատմագրութեան ինքնուրոյն մոտելի փնտռտուքին, ինչպէս նաեւ քաղաքական ու ռազմական արեւելումի հարցին: Այս նոյն հարցերը նոյնքանով եւ եթէ ոչ աւելիով ծառացած են նաեւ Սփիւռքին դիմաց, որ իր կարգին լինելիութեան ու ինքնութեան պահպանման կիզակէտային մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ:
Առաջին հերթին յստակացնեմ, որ ինչպէս յօդուածի սկզբնաւորութեան մատնանշեցի, մեր հիմնական հարցերէն մին «ազգայնականութիւն» եւ «ազգ-պետութիւն» տերմիններուն (եզրերուն-Խմբ.) նոր բնութագրումներ գտնելն է: Սա կու գայ այն մտածումէն, որ եթէ կամովին պիտի հրաժարինք Եւրո-կեդրոն մոտելէն, որովհետեւ ան չի համապատասխաներ մեր պատմագրական պարատիկմային, ուրեմն պիտի կերտենք նորը: Հոս կանգնած ենք հիմնական խնդրի մը դէմ յանդիման: Յստակ է, որ նոյնիսկ տեղական, զուտ հայկական իմաստով ազգ-պետութիւն յառաջացնելու գործընթացը բաւականին երկար գործընթաց մըն է, եւ անոր նախապայմանն է անոր բաղադրիչ տարրին՝ հայ ժողովուրդին աշխարհագրական մէկ հնոցի մէջ դաստիարակելը: Նկատի ունենալով, որ մենք ունինք սփիւռք, ինչպէ՞ս պիտի լուծենք այս հարցը: Գիտենք, որ անկարելի է բոլոր հայութիւնը ինքնուրոյն ազգ-պետութեան ուսումնական, ռազմական, ռազմավարական, կենցաղային, մշակութային, տնտեսական ու այլ կարեւոր չափորոշիչներու ներքեւ մէկ հնոցի մէջ դաստիարակելը: Ահաւասիկ իսկական ու բացարձակ առումով գերխնդիր մը, որ մեր մասնագէտներուն ուշադրութեան կը յանձնուի՝ անոր գիւտարար լուծում կամ լուծումներ առաջադրելու:
Առաջադրուած ազգ-պետութեան ամենակարեւոր ուսուցանող առարկան ինքնուրոյն պատմագրական պարատիկման է, որ ցարդ չենք կարողացած մշակել ու մեթոտաբանականացնել: Ի՞նչ կ՛ենթադրէ նման պատմագրական պարատիկմա.-
1. Հրաժարիլ այն հնամաշ վարկածէն, որ Հայաստանը Արեւմուտքի ամէնէն յառաջացեալ մասն է Արեւելքի մէջ (այլ խօսքով՝ Արեւմտեան սուինի Արեւելքի փափուկ որովայնին մէջ խրուած սուր ծայրը):
2. Եթէ տակաւին կը հաւատանք, որ մեր ազգային պետութեան կերտման գործընթացին մէջ կարեւոր դեր վերապահուած է Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ, ապա ժամանակը եկած է վերարժեւորելու անոր ընդհանրական դերը մեր ընդհանուր պատմական հոլովոյթին մէջ ու մանաւանդ ծանրանալու այն ժխտական երեւոյթներուն վրայ, որոնք այսօր այս հաստատութիւնը բաւականին հեռացուցած են ժողովուրդէն: Այս հարցի դժուար մարսելի կողմը այն է, որ ոչ միայն եկեղեցին իր կղերական բարձրաստիճան դասու ներկայացուցիչներով չ՛արժեւորեր իր ազգային հաստատութիւն ըլլալու հանգամանքը, այլ ընդհակառակն՝ դարձած է յետադիմական հաստատութիւն մը, որ իր անցեալի բարոյական «դրամագլուխ»ը ծախսելով կը գոյատեւէ: Պէտք է յեղաշրջել այս կացութիւնը, ու այս յեղաշրջումը պիտի գայ դուրսէն, որովհետեւ եկեղեցին ինքն իր մէջէն նման փոփոխութեան ատակ ըլլալու նշաններ ցոյց չի տար: Կայ նաեւ այլ իրողութիւն մը, որ կարեւոր է մանաւանդ Սփիւռքի պարագային, ուր տասնամեակներու վրայ զայն տարանջատող ազդակներու շարքին եկեղեցական բաժանումը առաջնակարգ տեղ կը գրաւէ: Հոս եւս զօդման ու միացման կարեւոր գործ կայ կատարելիք, որուն ժամանակը եկած ու անցած է արդէն…:
3. Ընդունիլ, որ Հայաստանը իր աշխարհագրական դիրքով ու նաեւ կենցաղային ու այլ չափորոշիչներով Միջին Արեւելքի մաս կը կազմէ ու այս տուեալներէն մեկնելով է, որ պիտի պատրաստէ իր պատմագրական նոր պարատիկման ու զայն ջամբէ նոր սերունդներուն: Թէեւ այս հարցի պարագային մեր ամբողջ պատմութիւնն է, որ ուսումնասիրութեան ու վերլուծման առարկայ պէտք է դառնայ, բայց կեդրոնացումը յատկապէս պիտի ծանրանայ հայ ժողովուրդի 1800էն ասդին պատմագրութեան վերարժեւորման ու վերարտադրման վրայ: Այս հարցը կը բխի նաեւ այն հրամայականէն, որ հայութեան դիմագրաւած 1915ի Ցեղասպանութիւնը հետեւանք է պատմական նախադրեալներու, որոնց պատասխանը պարտինք գտնել վերը սահմանուած ժամանակաշրջանին մէջ՝ յատկապէս խորանալով հետեւեալ պատմական դէպքերուն մէջ.-
ա. Օսմանեան կայսրութեան մէջ «Թանզիմաթ»ի (բարենորոգում կամ բարեփոխում) ընդհանուր թղթածրարի ուսումնասիրութիւնը ու հայ ամիրա ու սարրաֆ դասակարգերու ազդեցութիւնը, ինչպէս նաեւ լուսաւորեալ եւ ուսանած երիտասարդ խաւի ներդրումը այս իմաստով:
բ. Եւրոպական պետութիւններու հակ բարենորոգչական քաղաքականութիւնը ու անոր ազդեցութիւնը՝ օսմանեան կայսրութեան հայ եւ այլ քրիստոնեայ այլ փոքրամասնութիւններուն վրայ:
գ. Զարթօնքի տարբեր եղանակներու ընձիւղման պատճառականութիւնը հայութեան Արեւելեան ու Արեւմտեան հատուածներուն մէջ:
դ. Հայ Յեղափոխական Շարժման ու Ազգային ազատագրական պայքարի պատճառաբանութիւնն ու առաջադրանքները եւ այդ իմաստով Արեւմուտքի ու Ռուսիոյ խաղացած երկդիմի քաղաքականութեան նպատակները: Հիմնական հարցումերէն մին, որուն պէտք է պատասխանուի այն է, որ այս շարժումները ինչո՞ւ ժողովրդային լայնածաւալ ակտեր չդարձան կամ եւ ինչո՞ւ մնացին փոքրաթիւ ընտրանիի մը սաղմին մէջ…: Արդեօք այս հանգամանքը աղերս ունի՞ մեր այսօրուն իրավիճակին հետ…:
ե. Համիտեան ջարդերէն մինչեւ Ատանայի ջարդերն ու իւրաքանչիւրին ինքնուրոյն պատճառաբանութիւնը:
զ. Հայ-Երիտասարդ թուրքեր համագործակցութեան պատճառականութիւնն ու 1908ի Օսմանեան Սահմանադրական երկրորդ յեղափոխութիւնն ու օսմանականութեան (ottomanism) գաղափարախօսութեան ձախողութեան պատճառներն ու թրքականութեան (turkism) յառաջխաղացքի պատճառները:
է.1907էն ետք (Պարսկական Սահմանադրական յեղափոխութեան սկզբնաւորութեան) Ռուսիոյ կողմէ հայութեան նկատմամբ «բարեկամական» քաղաքականութեան փոփոխութիւնն ու քրտամէտ քաղաքականութեան որդեգրումը:
ը. 1912ին Ռուսիոյ քաղաքականութեան կրած փոփոխութիւնն ու հայկական բարեփոխումներու անգամ մը եւս հակոտնեայ մէջտեղ նետելը ու այդ քայլի ազդեցութիւնը հայ-Երիտթուրք յարաբերութեանց վրայ, ու ապա՝
թ. 1912-1913 Պալքանեան պատերազմներն ու անոնց ազդեցութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան վրայ:
4. Երրորդ կէտէն կը բխի այն մտածելակերպը, որ Հայաստան իր պատկանած տարածաշրջանին մէջ պիտի փնտռէ իր ապագայ ծաղկումն ու բարգաւաճումը: Սա բաւականին խրթին հարց է՝ նկատի ունենալով այն, որ այս հանգրուանին Հայաստան շրջապատուած է երկու թշնամի դրացիներով: Սակայն, ատկէ անկախ, Հայաստան կարելիութիւններ ունի բազմապիսի յարաբերութիւններ մշակելու անոնցմէ անդին գտնուող պետութիւններու հետ: Կարեւոր է մանաւանդ Իրանը, որուն հետ մեր ժողովուրդը հնադարեայ ժամանակաշրջաններէն ի վեր կրօնական, կենցաղային, մշակութային ու այլ կապեր ունեցած է եւ այսօր ալ իբրեւ բարեկամ երկիր ու շրջափակման ենթակայ Հայաստանի մատակարարման հիմնական ու ապրանքներու ներածման կարեւոր գործերակ կը մնայ ու պիտի մնայ անկասկած: Կարեւոր են նաեւ Արաբական աշխարհն ու Կեդրոնական Ասիան, իսկ շուտով (եթէ ոչ արդէն իսկ սկսած է) հիմնական կարեւորութիւն պիտի ստանայ քիւրտ ժողովուրդն ու ապագայ Քիւրտիստան մը: Այլ խօսքով, Հայաստան կ՛ապրի ժամանակաշրջան մը, երբ Միջին Արեւելքի սահմանները հեղհեղուկ վիճակի մէջ են ու պէտք է խիստ ուշադիր, զգօն ու պատրաստ ըլլալ ապագայ իրադարձութիւններուն:
5. Հայութեան վերջին երկու հարիւր տարուան պատմութիւնը կը թելադրէ, որ մեր երկրի արեւելեան մասին «ազատագրման» գործին մէջ կարեւոր ներդրում ունեցած է Ռուսական վարկածը: Այս չի նշանակեր, անշուշտ, որ Ռուսիան մեր սեւ աչքերուն համար կատարած է այն, ինչ որ կատարած է, բայց կը նշանակէ, որ հայ-ռուսական ռազմական ու ռազմավարական գործակցութիւնը եղած է ու կը մնայ մեր հայրենիքի ու ժողովուրդի ապահովութեան հիմնական կռուաններէն մին ու է՛ նոյնիսկ այսօր:
6. Ռուսական արեւելումը արդեօք կը նշանակէ ամբողջովին հրաժարի՞լ Արեւմուտքի հետ յարաբերելէ: Անշուշտ ո՛չ, մանաւանդ որ վերջին տասնամեակներուն հետզհետէ հզօրացող տնտեսական համարկման պայմանները նման բան աւելիով կը խթանեն: Ինչպէս վերը նշեցինք- մենք այսօր ռուսական արեւելումի պահանջը ունինք ապահովական իմաստով: Նման հարցով Արեւմուտքին ապաւինիլը երկիրն ու ժողովուրդը կը դնեն վտանգներու առջեւ, որոնցմէ պարտինք կարելի եղած չափով խուսափիլ այս հանգրուանին: Վերջապէս պատմական փորձառութիւնը նաեւ ցոյց տուած է, որ Եւրոպայի համար մենք իր քիթին տակ եղող Պալքանները չենք եղած երբեք:
7. Եթէ մենք որոշակի կարեւորութիւն կ՛ընծայենք հայ-ռուսական գործակցութեան, ասիկա փոխադարձ շահերու վրայ հիմնուած ռազմավարական դաշինք մըն է եւ, հետեւաբար, փոքր գործընկերոջ կարծիքը կարեւոր է նման դաշինքի ապագայ ուռճացման համար:
Հոս փակագիծ մը բանալով կ՛ուզեմ խօսիլ այն հարցի մասին, որով սկսայ յօդուածս: Ակնարկութիւնը Զօրի Բալայեանի գրած նամակին ու անոր դէմ արձանագրուած պատասխաններուն կը վերաբերի: Իմ հասկցածովս, ան ճիշդ էր, երբ Փութինին կը մատնանշէր, որ Արեւելահայաստանը Պարսկաստանի լուծէն ազատագրելով Ռուսիան այն օրէն ի վեր բարոյական յանձնառութիւն կը վերցնէր յաչս հայութեան: Ղարաբաղի Ատրպէյճանէն ազատագրումը իրականացաւ հայկական բազուկի ուժով ու Ռուսիոյ օժանդակութեամբ, իսկ ինչպէ՞ս կրնայ պատահիլ, որ նոյն Ռուսիան այսօր արդիական զէնք ու զինամթերք կը վաճառէ հայութեան թշնամին նկատուող Ատրպէյճանին: Յստակ է, որ իբրեւ գերպետութիւն, Ռուսիան իր շահերը կը պաշտպանէ ու այս առումով, Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ հողային հարցը անլոյծ ձգելով, զանոնք իրմէ կախեալ կը պահէ: Սա մերկ իրականութիւնը ըլլալով հանդերձ, Փութինին պէտք է յիշեցնել, որ առնուազն Հայաստանի նման գործընկերոջ մը հետ այդպիսի վերաբերմունք ընդունելի չէ, մանաւանդ եթէ նկատի ունենանք այն, որ Հայաստանը այսօր իր աշխարհագրական դիրքով ռազմավարական խիստ կարեւոր խարիսխ է Ռուսիոյ համար:
Ի՞նչ հասկցանք այս բոլոր քննական ու վերլուծական փնտռտուքէն.- Առաջին հերթին այն՝ որ մեր ներկայ ընթացքը ինքնուրոյն ընթացք մը չէ, այլ Եւրո-կեդրոն պատմագրական պարատիկմայի ընդօրինակուած մէկ տարբերակը: Տեսանք նաեւ, որ մեր մտաւորականութիւնն ու ժողովուրդը՝ իր հայաստանեան ու սփիւռքեան հատուածներով, տակաւին կը գտնուի հայրենասիրութեան մակարդակի վրայ ու նուաճած չէ ազգային պիտի չուզենք ըսել ազգայնական – ինքնուրոյն մակարդակ, որ մեզ պիտի առաջնորդէ դէպի ինքնուրոյն ազգ-պետութեան կազմաւորում: Հասկցանք նաեւ այն, որ մեր ապրած տարածաշրջանի աշխարհագրական տուեալներուն բերումով մենք Եւրոպայի ծայրամասը չենք ու քաղաքական եւ կենցաղային մակարդակներու վրայ եւրոպական տարազումները (իմա՝ ռեֆորմիստ, reformist) չեն կրնար պատասխան տալ մեր իրականութեան: Այս մեզ պիտի առաջնորդէ մեր ապրած տարածաշրջանի հանգամանքներէն մեկնելով որոնելու մեր ապագայ ինքնուրոյն երթը ու նաեւ լուսաւոր խթան հանդիսանալու մեր շրջապատին՝ որ ինքն ալ – կամ իր բաղադրիչ տարրերը հանդիսացող երկիրները – ձերբազատուի եւրոպական մոտելի կապանքներէն ու ընտրէ ինքնուրոյն ճանապարհ: Գալով քաղաքական արեւելումի հիմնահարցին, կարծեմ յստակացաւ, որ այդ եւս տեղի ու պայմաններու բերումով կ՛որոշուի, ու ոչ թէ ընդօրինակուած պատումի մը տուեալներով: Այլ խօսքով՝ մենք այսօր գիտակցօրէն ընտրած ենք ռուսական արեւելում, բայց ոչ ռուսական ստրկացում… Գիտակցօրէն նաեւ ընտրած ենք Արեւմուտքի հետ ալ յարաբերութիւններ մշակել, բայց երբեւիցէ անոր խամաճիկը չդառնալ…
Եթէ Հայաստանի այսօրուան իշխանութիւնները անորոշութեան եզրին հասցուցած են մեզ, այդ երբեք չի նշանակեր, որ այդ ընթացքը յաւիտեանս պիտի շարունակուի: Ու եթէ հարցը ազգընտիր իշխանաւոր դասակարգի մը անգոյութիւնն է, ապա ճիշդ պիտի չըլլա՞յ ամբողջացնել այդ հաստատումը ու ընդգծել.- Իսկ ո՞ւր է ազգընտիր ու միացեալ քաղաքական ընդդիմութիւնը: Հայաստանի 20 ու աւելի տարիներու պատմութիւնը մեզի մէկ բան ցոյց կու տայ՝ այն, որ մենք նոյնքանով կը տառապինք ազգընտիր ու միացեալ ընդդիմութեան մը պակասէն: Աւելի՛ն, «միացեալ»ի հարցը մէկդի ձգելով, մեր «ընդդիմութիւն» կոչուածը այնքա՜ն իրերամերժ, կտրատուած ու «իրմէ զատ ուրիշը չտեսնել»ու հիւանդութենէն կը տառապի, որ իր այդ վարքագիծով իշխանութիւններէն աւելի ինքը ամլութեան կը մատնէ այս իմաստով ծլող երիտասարդական խայծերը: Դիւրին է այս բարդոյթը եւս օտարին վերագրել: Բայց, եկէք ընդունինք, որ նման բան արտաքին ուժի կամ ուժերու վերագրելը ապարդիւն փորձ է, եթէ ոչ չքմեղանք՝ իրականութենէն խուսափելու: Երկրի ներքին հարցը ու անոր բարւոք լուծումը կը պատկանի նոյնի՛նքն անոր ժողովուրդին: Բայց նման հարց լուծելու եւ ազգընտիր իշխանութիւն հաստատելու համար առանցքային է միասնական ընդդիմութիւնը, որ այսօրուան պայմաններով տակաւին խմորուած չի թուիր ըլլալ, սակայն կարելիութիւն ունի իրականութիւն դառնալու: Մենք կարծէք տակաւին քայլ մը ետ ենք վերադառնալով նախարարական շրջանի Primus Enter Pares-ի կացութեան, ուր իշխանութիւնը, որ իր բացարձակ իմաստով սրբութիւն համարելու փոխարէն կը կատարենք այնպիսի արարքներ, որոնք ենթադրել կու տան, թէ պատրաստ ենք նոյնիսկ այդ սրբութիւնը խորտակելու, եւ իմացութիւնը չունինք, թէ նման բան ինչ ողբերգական կացութիւն կրնայ յառաջացնել հայկական նոր պետականութեան: Հետեւաբար, մեր առջեւ կան երկու ուղիներ՝ կա՛մ այն, որ անգամ մը եւս մենք զմեզ պիտի մխիթարենք իր անցեալով հպարտացող Խորենացիի «փոքր ածու»ի խօսքերուն փոխաբերական իմաստ տալով, եւ կամ յեղաշրջենք կացութիւնը ԱՌԱՆՑ հատու հարուած տալու «պետականութիւն» կոչուած ազգային հիմնական նախադրեալին:
Իբրեւ վերջաբան ամբոխավարութիւն ըրած չենք ըլլար եթէ ըսենք, որ հայ ժողովուրդը իր աւելի քան երեք հազարամեայ պատմութեան ընթացքին դիմագրաւած է այնպիսի դժուարութիւններ, որոնց դիմաց մեզմէ շա՜տ աւելի ուժեղ ազգեր ու պետութիւններ չդիմանալով զիջած են ու ջնջուած պատմութեան էջերէն: Եթէ մենք դիմացած ենք, այդ մէկը բան մը կը նշանակէ ու նաեւ բան մը ցոյց կու տայ մեր ժողովուրդի դիմադրական ոգիին ու նկարագիրին մասին: Ես կը կարծեմ, թէ միայն մետասաներորդ պահուն արտայայտուող մեր ժողովուրդի հաւաքական ուժին վրայ է, որ գրաւ պիտի դնենք ու պիտի փորձենք այդ բացառութիւն եղող յատկութիւնը բնականի վերածել…։
(1) «Հայկական Արեւելում», «Հայրենիք» շաբաթաթերթ, տեսնել http://www.hairenikweekly.com/archives/1708 կայքէջը (վերջին անգամ այցելուած՝ Դեկտեմբեր 13, 2013ին): Վերեւի մէջբերումի մաս կը կազմէ «Հայկական Արեւելում» խորագիրով ՀՅԴի պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ի Դեկտեմբեր 12, 1982ի համարով (ԺԳ. Տարի, թիւ 45-45) լոյս տեսած խմբագրականին մէջ: Խմբագրականը, ըստ անոր գրական ոճին, գրուած է կուսակցութեան օրուան Բիւրոյի անդամ՝ Սարգիս Զէյթլեանի կողմէ, որ պաշտօնաթերթի խմբագիրն էր:
(2) Benedict, Anderson, Imagined communities: Reflections on the Origins and Spread of nationalism, Revised Edition (London: Verso, 2006) , xiii.
(3) Նոյն, էջ 3:
(4) Ասիկա եթէ նկատի ունենանք, որ փուլը սկսած է Երուանդեաններով (4րդ դար ՄԹԱ), իսկ 15րդ դար ՄԹԱ, եթէ նկատի ունենանք Ուրարտականով սկսիլ: Այս յօդուածին նպատակներուն համար պիտի նախընտրենք սկսիլ Երուանդեան հարստութեամբ:
(5) Խորենացիի յիշատակած երկու փաստաթուղթերը միասին առած կրնանք որակել իբրեւ հայկական «Մակնա Քարթա»ն (Magna Carta) գրուած ու գործի դրուած իրենց անգլիական տարբերակէն գրեթէ 7էն 8 դար առաջ:
(6) Տեսնել, օրինակի համար, Razmig Panossian, The Armenians: From Kings and Priests to Merchants and Commissars, (New York: Columbia University Press, 2006).
(7) Seta B. Dadoyan, The Armenians in the Medieval Islamic World: Paradigms of Interaction Seventh to Fourteenth Centuries, 3 Vol.s: The Arab Period in Arminyah Seventh to Eleventh Centuries, Vol. I, (New Brunswick: Transaction Publishers, 2011), The Armenians in the Medieval Islamic World: Armenian Realpolitik in the Islamic World and Diverging Paradigms Case of Cilicia Eleventh to Fourteenth Centuries, Vol. II (2013); The Armenians in the Medieval Islamic World: Medieval Cosmopolitanism and Images of Islam, Thirteenth to Fourteenth Centuries, Vol. III (2014).
(8) Այս հարցի կապակցութեամբ տեսնել եզրակացութիւններու բաժինը:
(9) Edward Said, Orientalism (London: Oxford University Press, 1979).
(10) Յամենայնդէպս, իմ կարծիքս է, թէ Տատոյեանի հատորները հետաքրքրական կարդալու նիւթ են մեր սերունդի մասնագէտներուն համար ու ներգործօն դեր պիտի ունենան հայ պատմաբաններու եւ ընկերային մարզի գիտնականներու յաջորդ սերունդին վրայ, որոնք, անդրադառնալով այս պարատիկմական փոփոխութեան կարեւորութեան, փորձ պիտի կատարեն վերագրելու մեր ժողովուրդի պատմութիւնը:
(11) Encyclopedia Britannica-ն կը նշէ որ Պաւղիկեան շարժումը »…[Քրիստոնէական] երկբնայ աղանդ մըն էր, որ սկիզբ առաւ Հայաստանի մէջ 7րդ դարու կէսերուն, իբրեւ կնոստիգ շարժում… Պաւղիկեանները բիւզանդացի կայսրերու միջոցաւ քշուեցան դէպի Թրակիա, ուր ազդեցութիւն ունեցան նաեւ մակեդոնացիներուն, պուլկարացիներուն եւ յոյներուն վրայ…«: Այս գծով տեսնել http://www.britannica.com/EBchecked/topic/447143/Paulician կայքէջը (վերջին անգամ այցելուած՝ 2 Դեկտեմբեր, 2013ին):
(12) Տեսնել http://en.wikipedia.org/wiki/Tondrakians կայքէջը (վերջին անգամ այցելուած՝ 2 Դեկտեմբեր, 2013ին): ըստ կարգ մը սկզբնաղբիւրներու, Թոնթրակեանները եւս բիւզանդացիներու ու հայ նախարարներու համատեղ ջանքերով քշուեցան դէպի Թրակիա: Հետաքրքրական է նաեւ կարգ մը արեւմտեան սկզբնաղբիւրներու այն մատնանշումը, թէ Պաւղիկեան ու Թոնթրակեան շարժումներու հիմունքները դարեր ետք տեղ գտան կաթողիկէ եկեղեցւոյ դէմ ծաւալած Լուտերական շարժման մէջ:
(13) Թէեւ կաթողիկոսութեան առած այս քայլը կրնայ դիտուիլ իբրեւ նորակերտ թագաւորութեան մօտ ու հետ ըլլալու եկեղեցւոյ տուած որոշումին, այսուհանդերձ մայր հայրենիքի մէջ ժողովուրդը լքելով ու զայն անտէր ձգելով նման կարգադրութեան դիմելը, ինչպէս՝ հոն իշխանութիւն ու ապա թագաւորութիւն հիմնելը, անբացատրելի կը մնայ պապենական հողի վրայ ազգին ուռճացման ու ազգ-պետութեան կերտման իմաստով: Տակաւի՛ն, յօդուածի նեղ սահմաններուն մէջ անկարելի է անդրադառնալ հարցի էկումենիգ խնդիրներուն ու մանաւանդ Կիլիկիոյ թագաւորութեան Հռոմի պապին հետ մշակած դրական որոշ մօտեցումին, զոր անպայման, կը մտահոգէր եկեղեցւոյ բարձրաստիճան հայրերը…
(14) Joseph Emin, Life and Adventures of Joseph Emin (1726-1809), Second edition, revised by Amy Apkar, (India: Calcutta, 1918). Տեսնել նաեւ Sebouh D. Aslanian, A Reader Responds to Joseph Emins Life and Adventures: Notes toward a History of Reading in Late Eighteenth Century Madras, Hnades Amsorya, No. 1-12, January-December 2012, 365-418.
(15) Պատերազմներն ու անոնց աւարտին համապատասխանող դաշնագիրները հետեւեալներն են.– 1) 1804-1813ի ռուս-պարսկական պատերազմը, որ աւարտեցաւ Կիւլիստանի դաշնագիրով, 2) 1826-1828ի ռուս-պարսկական պատերազմը, որ աւարտեցաւ Թիւրքմենչայի դաշնագիրով, 3) 1828-1829ի ռուս-օսմանեան պատերազմը, որ աւարտեցաւ Ատրիանապոլսոյ դաշնագիրով: Յատկանշական է, որ օսմանցիներու դէմ պատերազմի իբրեւ արդիւնք Ռուսիան խլեց օսմանցիներու ենթակայ Վրաստանի հարաւ-արեւմտեան մասը, այսինքն՝ æաւախքը, ուր Էրզրումէն հազարաւոր հայեր եկան հաստատուելու Կարապետ Բագրատունիի առաջնորդութեան օրերուն: Ռուսիան օսմանցիներէն խլեց նաեւ ներկայ Հայաստանի հիւսիս-արեւմտեան փոքր մէկ մասը:
(16) Տեսնել՝ Kemal Karpat, The Politicization of Islam, Reconstructing Identity, State, Faith, and Community in the Late Ottoman State (London: Oxford University Press, 2002), ինչպէս նաեւ՝ Kevork Bardakjian, The Rise of the Armenian Patriarchate of Constantinople, in Benjamin Braude and Bernard Lewis, Ed.s, Christians and Jews, vol. 1, 89-100.
(17) Benedict, Anderson, Imagined communities, Chapter 3: The Origins of national Conciosness, 37-47.
(18) Նոյն, էջ 37:
(19) Խաչատուր Աբովեան, «Վէրք Հայաստանի, ողբ հայրենասէրի» թուայնացուած բնագիրը տեսնել http://goo.gl/C0yQzf կայքին վրայ (վերջին անգամ տեսնուած՝ Դեկտեմբեր 3, 2013ին): Վէպը 1824-1826 թուականներու պատմական անձուդարձերուն կը վերաբերի։
(20) Նոյն, էջ 2:
(21) Նոյն, էջ 9:
(22) Ակնարկութիւնը Ռաֆֆիի (Յակոբ Մելիք Յակոբեան) «Ճելալէտտին» եւ «Խենթը» պատմական վէպերուն մասին է:
(23) Թրքերէն բառ, որ փախստական կը նշանակէ:
(24) Տեսնել http://hayeren.hayastan.com/english/poets.php?pr=rafi15.html կայքէջը Ճելալէտտինի թուայնացուած օրինակին համար (վերջին անգամ տեսնուած՝ Դեկտեմբեր 13, 2013ին): Տեսնել նաեւ՝ Sarkis Atamian, The Armenian Community: The Historical Development of a Social and Ideological Conflict (New York: Philosophical Library, 1955), 79.
(25) Մելիքզադէ (Ռաֆֆի), «Ի՞նչ կապ կայ մեր եւ Տաճկաստանի հայերի մէջ», «Մշակ», Թիֆլիս, 1879, Թիւ 218:
(26) Հայկական «Միլլէթ»ի այս ներքին կանոնագրութիւնը, որ կը կրէր Ermeni Milletin Esasi Kanunu (Հայկական միլլէթի հիմնական օրէնքը) օսմաներէն վերտառութիւնը, հետագային իբրեւ նմոյշ ծառայեց նաեւ կայսրութեան այլ քրիստոնեայ «միլլէթ»ներուն: Սուլթանի վաւերացումով սահմանադրութիւնը ստացաւ պետական-օրինական հանգամանք: Այս գծով տեսնել՝ Hagop L Barsoumian, The Armenian Amira Class of Istanbul (Yerevan: American University of Armenia Press, 2007).
(27) Սկսելով Էրզրումի մէջ «Պաշտպան Հայրենեաց»ով ու հասնելով Վանի՝ «Արմէնական»ներուն:
(28) Հրաչ Տասնապետեան, «Պատմութիւն Հայ Յեղափոխական Շարժման ու Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան», խմբագիր՝ Երուանդ Փամպուքեան (Պէյրութ: Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարան, 2010), 20-22, 28-29:
(29) J.A.R. Marriott, The Eastern Question: An Historical Study in European Diplomacy (Oxford: Oxford Univ. Press, 1924), 398-99.
Իմ գոլեկիաներուս ու ընթերցողներուս ուղադրութեան կը յանձնեմ «Ասպարէզ»ի ցեղասպանութեան 99ամեակի թիւին մէջ լոյս ընծայած յօդուածս, որ կը վերաբերի խիստ այժմիական նիւթերու ու անոնց քննարկման լայն յարթակ մտնելուն մեր ակադեմական-մտաւորական շրջանակներուն կողմէ: Թէեւ յօդուածը աւելի կարճ մէկ օրինակն է տակաւի’ն պատրաստուող աւելի ընթարցակ ուսումնասիրութեան մը, այսուհետեւ բաւականին երկար է ու կը հայցեմ ձեր համբերութիւնը զայն ուշի-ուշով կարդալու ու ապա ձեր մտքերն ու քննարկումները արձանագրելու հոն արծարծուող կիզակէտային հարցերու առընչութեամբ…