Ապրիլ 30ին հրապարակուած նահանգային իշխանութեանց նորագոյն տուեալներուն համաձայն՝ Քալիֆորնիոյ բնակչութեան թիւը բարձրացած է 38.3 միլիոնի, յատկապէս՝ Սան Ֆրանսիսքօ ծոցի շրջանին մէջ արձանագրուած բնակչութեան աճին հետեւանքով: 2013ին, Քալիֆորնիոյ բնակչութեան թիւը օրական 1000ով աճած է: Լոս Անճելըս գաւառի բնակչութեան թիւը 10 միլիոնի սահմանէն անցած է, իսկ Լոս Անճելըս քաղաքի բնակչութեան թիւը կր մօտենայ 4 միլիոնի:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.