ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Լիբանանի նախագահական ընտրութեան յատուկ խորհրդարանական երկրորդ նիստը գումարուեցաւ Չորեքշաբթի, Ապրիլ 30ին, նախագահութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի:
Սակայն, երեսփոխաններու բաւարար թիւի չգոյութեան պատճառով, նիստը յետաձգուեցաւ ու պիտի կայանայ Չորեքշաբթի, Մայիս 7ին, կէսօրուան ժամը 12ին:
Նախագահական ընտրութեան երկրորդ նիստին ներկայ գտնուեցան 75 երեսփոխաններ, մինչ անհրաժեշտ թիւն է 86, այսինքն՝ խորհրդարանի անդամներուն երկու երրորդը:
«Մարտ 14»ի քաղաքական ուժերէն ներկայ էին 53 երեսփոխաններ, ինչպէս նաեւ Ազգային պայքարի ճակատ խմբակցութիւնը ներկայացնող 9 երեսփոխաններ ու Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական խմբակցութիւնը, որ կը հաշուէ 13 երեսփոխան:
Նիստէն բացակայեցան Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան խմբակցութիւնը, ինչպէս նաեւ «Պաաս» եւ «Ղովմի» կուսակցութեանց երեսփոխանները, որոնք ներկայ էին, սակայն մերժեցին ժողովասրահ մուտք գործել:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.