Մինչեւ առուն ջուր կը գայ՝
Գորտի աչքը դուրս կը գայ։
Հայկ. առած
Կրկին ու արդէն քանիերո՜րդ անգամ քաղաքը դատապարտուած է խեղդուելու։ Քիչ են կարծես ամէնօրեայ ահն ու մահը, ահա կրկին «չկայ»ներու նիւթը կը ծամէ քաղաքը։ Պատերազմական բեմ-քաղաքի բնակիչները այլեւս կը մերժեն ըմբռնել պատերազմի անխուսափելի հետեւանքները։ Ու մի՛շտ, եւ ամէնո՛ւր նոյն նիւթերը՝ տարբերակներով, զորս կը փորձեմ ներկայացնել։
Ա. տարբերակ
– Չէ՛, այս անգամ երկար պիտի մնանք մութի մէջ, լուծում չկայ։
– Ինչո՞ւ…
– «Անոնք» պետութեան առջեւ պայմաններ դրած են՝ գերիները արձակել, կարգ մը տեղեր պաշարումի օղակը բանալ, որ իրենք ալ քահրապա (ելեկտրականութիւն_Խմբ.) տան։
– Ըլլալի՞ք է մը. ինչպէ՞ս կրնան ընդունիլ… Բայց քաղաքն ալ առանց ջուրի…
– Քահրապա եթէ չկայ՝ ջուր ալ չեն կրնար հասցնել։
– Ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ, առանց լոգանքի՛, առանց մաքրութեա՛ն՝ Զատիկ։
Ու այսպէս՝ յոյսի տկար նշոյլներն ալ կ՛երերան ու մեր չորցած ծորակներուն պէս՝ կը չորնան։
Բայց ահա կը ծագի նոր յոյս (այսքան տատանումներէն ետք տակաւին ունակ ենք յուսալու)։
– Լսեցի՞ք, երկու օրէն Հալէպի «զերօ ժամը» պիտի սկսի։
– Աղբա՛ր, քանի՞ անգամ՝ «երկու օր». երկու տարի է զինք կը սպասենք, ալ թո՛ղ գայ՝ մենք զերօ չեղած…
* * *
Բ. տարբերակ
– Երանի՜ ձեզի, առաջին ու երկրորդ յարկերը ջուր կը հասնի: Քովս աչքերուս ճպռոտութիւնը լուալ չեմ կրնար, ո՜ւր մնաց՝ լուացք, լոգանք. տաք լոգանքի կարօտ մնացինք։
– Մի՛ նախանձիր, ջուրի մոթոր դիր։
– Բայց քահրապա չկայ…
– Հատ մըն ալ քահրապայի մոթոր գնէ՛։
– Բայց պենզին չկայ…
– Գնա՛, կարգի կեցիր ու գնէ՛։
– Այսինքն՝ ծեծուըռտուքի, պոռ-չտուքի մէջ անցուր օրերդ։
– Ուրիշ ճամբայ չունիս՝ մինչեւ կարգ մը մարդոց ներմուծած մոթորները չծախուին՝ մեզի լոյս ու ջուր տուող չկայ, – կ՛եզրափակէ յոռետես ձայնը (թէ՞ իրատես…)։
* * *
Գ. տարբերակ
Փողոցէ մը անցած միջոցիս պոռչտուքի ձայներ կը լսեմ, կը ծռեմ ճամբաս, կը մօտենամ։ Ամբոխուած մարդիկ։ Երբեմնի առատութեան եղջիւրէն բարիք բխող այս քաղաքին մէջ այլեւս սովորական է կարգի կեցած մարդիկ տեսնելը։ Բայց ինչի՞ կարգ է՝ կազի՞, հացի՞, նպաստի՞, շաքար-բրինձի՞, պենզինի՞։ Չէ՛, սա մեր համբերանքի գաւաթը յորդեցնող վերջին կարիքն է՝ ջուրի կարգ է. կը սպասեն ինքնաշարժը, որ պիտի գայ… եղեր։
– Կ՛ըսեն՝ բոլոր թաղերու մէջ ալ պիտի բաժնեն, – կ՛ըսէ մէկը։
(«Չէ՛, ես կարգի չեմ կենար», կը խորհիմ։ «Բայց ջուր չունիս», կ՛ըսէ երկրորդ ձայնը։ «Ըսենք՝ կեցայ. ինչպէ՞ս վեր հանեմ…»)։
– Ժողովո՛ւրդ, ամուր կեցէ՛ք, դեռ աւելի ծանր օրեր պիտի ըլլան, – կը պոռայ այր մը։
Բոլորը անոր կողմը կը դառնան։ Աւետիս կը սպասուի՝ գոյժ կը մատուցուի…
Կը նայիմ այս յոգնա՛ծ, անհամար սոսկումներ ապրած ու գալիք սոսկումներու անորոշութեան նայող մարդոց, եւ սիրտս կը ճմլուի։ Կ՛ուզեմ պոռալ ու ըսել.
– Քոյրե՛րս, եղբայրնե՛րս, տոկացէ՛ք քիչ մը եւս. ամէն չարիք կը սպառի. հեռու չէ ասոր ալ կործանումը։ Մարդի՛կ, եղբայրնե՛ր, առէ՛ք, վերցուցէ՛ք յոյսի այս խուրցերը, զորս ձեզի կը բաշխեմ՝ հանելով հոգւոյս խոր պահեստանոցէն ու գիտեմ, հաւատացէ՛ք, սիրելինե՛ր, ի՛նչ ալ ըլլայ, ի՛նչ ալ ըլլայ, ի վերջոյ՝ յառաջիկային լոյսն է…
* * *
7-8 տարեկան երեք մանուկներ՝ երկու մանչ եւ մանչ-աղջիկ մը։ Աղտը այլեւս անոնց մորթին մէջ անցած է։ Գոյնը կորսուած, աղտոտ, գզգզուած մազեր, սեւ ձեռք ու ոտք՝ աղտոտ ցնցոտիներէն ելած։ Նախապէս ալ տեսած եմ զանոնք՝ վաղահաս ու աշխարհի դէմ ատելութիւն ու արհամարհանք՝ արդէն ո՛չ մանկական աչքերու մէջ։
Ծալապատիկ նստեր են բանուկ մայթին, բոլորակ կազմեր։ Բացարձակ անտարբեր են երթեւեկողներուն նկատմամբ։ Անցնողներն ալ կը ջանան զանոնք չնկատել։
Մեծի հովերով՝ ակռաներուն մէջ մէկական ծխախոտի կոթուն սեղմած՝ թղթախաղով տարուած են։
Բախտի անիւին ծիրէն դուրս մնացած այս մանկութիւն չունեցող մանուկները երկրին ապագան են…
Բայց սա մեր ճանչցած Սուրիան չէ՛, օ՜, աշխարհի դժնի տէրեր, սա ձեր սեւ հոգիներուն մրուրն է, որ կ՛ապականէ, կը պղծէ, կը կործանէ յոյս, սէր ու երազ…
* * *
Անոնք, որոնք տակաւին աշխարհին հետ կապ պահելու միջոցներ ունին՝ Ապրիլ 23ին դիտած են թուրքի հերթական լարախաղացութիւնը։ Թալէաթի ժառանգորդ այս գորշ գայլը, գառնուկի մորթով փաթթուեր, ու ցաւակցութի՜ւն յայտներ է Առաջին Համաշխարհային պատերազմին վնասներ կրած հայոց սերունդներուն… Ա՛լ ազատ էք Թուրքիոյ մէջ այս նիւթը խօսելու… Ինչպիսի՜ մարդասիրութիւն…
Արդեօք խօսած պահուն արցունք ալ չթափե՞ց «խեղճը»։
– Արդեօք այս թատրոնը ո՞վ ունի որպէս գլխաւոր բեմադրիչ։
– Արդեօք այս խաղը մէկ ծայրով ուղղուած չէ՞ ներքին հանդիսատեսին։
– Արդեօք չգտնուեցա՞ն հայեր, որոնք խանդավառ յուզումով ընդունեցին այս խաղը։ Անպայմա՛ն պիտի գտնուին ջերմ փափաք ունեցողներ՝ բռնելու թուրքին արիւնոտ թաթը… Կամ իրենց մարդկայնութիւնը 30 արծաթով ծախողներ։
Ի վերջոյ՝ ո՞ր սեւ ծրագիրին ի խնդիր եղաւ այս խաղը, որո՞նց աչքին փոշի փչելու համար։
Բան մը յստակ է՝ ասկէ աւելի լկտիութիւն դարձեալ ու միայն թուրքը կրնայ ունենալ։