
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».– Եւրոպան պէտք է աշխոյժ քայլերու ձեռնարկէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցին առնչութեամբ: 5 Մայիսին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին նման կարծիք յայտնած է Եւրոխորհրդարանի անդամ Ինաքի Իրազապալպէիթիա Ֆերնանտեզը, որ ծնած է ներկայ Սպանիոյ մաս կազմող Պասքերու երկրին մէջ եւ կը պայքարի Պասքերու երկրի ճանաչման համար. ան յոյս յայտնած է, որ մօտիկ ապագային Լեռնային Ղարաբաղը պիտի ճանչցուի միջազգային հանրութեան կողմէ:
«Մենք օրեր առաջ Ղարաբաղ այցելեցինք, թէեւ կը սպասէին, որ պիտի տեսնենք հրասայլեր, զինուած մարդիկ, բայց հոն ամբողջութեամբ ժողովրդավար պետութիւն է, որ կը փորձէ ձեռք բերել նոր արժէքներ: Մարդիկ հոն շատ հանդարտ կը քալեն փողոցները: Ես այդ երկրի պատկերը ինծի հետ պիտի տանիմ եւ միշտ պիտի պահեմ զայն», նշած է ան:
Սպանիայի խորհրդարանի այլ անդամ Ինարիթու Կարսիան, որ նաեւ ծնած է Պասքերու երկրին մէջ, նշած է, թէ Եւրոպական Միութիւնը աւելի աշխոյժ քայլերու պէտք է ձեռնարկէ հարցի կարգաւորման ուղղութեամբ եւ բանակցութիւններուն մասնակից դարձնէ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղը։
«Ինչպէս Քոսովոյի պարագային խնդիրը արագ կարգաւորում ստացաւ եւ ճանչցուեցաւ միջազգային հանրութեան կողմէ, այդպէս ալ պէտք է լուծուի Ղարաբաղի խնդիրը: Խնդիրը պէտք է կարգաւորուի խաղաղ ճանապարհով եւ միջազգային իրաւունքի երեք սկզբունքներու հիման վրայ», շեշտած է ան:
Եւրախորհրդարանի անդամները խոստացած են, որ իրենց կողմէ քայլեր պիտի առնուին՝ Եւրախորհրդարանին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի խնդրի կարգաւորման հարցը բարձրացնելու առումով:
«Ինծի համար ազգերու ինքնորոշման սկզբունքն է կարեւոր, մեր երկրին մէջ մենք պայքարած են ինքնորոշման համար: Մենք պիտի ընենք նոյնը Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի համար եւ մենք չենք վախնար այդ քայլերէն, ոչ ալ սեւ ցանկերէն։ Աշխարհի բոլոր ժողովուրդներուն համար կարեւորը ինքնորոշման հարցն է, քանի որ կը կարծենք, թէ ատիկա ժողովրդավարական կարեւորագոյն իրաւունքն է», նշած է Ֆերնանտեզը։
Եւրախորհրդարանի անդամները նշած են, որ ասիկա իրենց առաջին այցելութիւնն էր Լեռնային Ղարաբաղ, բայց խոստացան, որ վերջինը չըլլայ։