ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Արցախեան ազատամարտին մասին հայ-լիթուանական միացեալ արտադրութեամբ ստեղծուած նոր՝ «Թեւանիկ» ժապաւէնը պատրաստողները յոյս ունին, որ հայ հանդիսատեսը պիտի սիրէ զայն: Ատրպէյճանի մէջ փոթորիկ բարձրացուցած ժապաւէնը արդէն սկսած է իր յաղթարշաւին: Հայ ժողովուրդի հերոսական էջերէն մէկը նկարագրող նոր ժապաւէնին անդրանիկ ցուցադրութիւնը տեղի ունեցաւ 5 Մայիսին, որմէ ետք զայն կարելի պիտի ըլլայ դիտել շարժապատկերի բոլոր սրահներուն մէջ։
«Թեւանիկ» ֆիլմի սցենարն ինձ փոխանցեց Լեւոն Աթոյեանը: Ես այն շատ հաւանեցի եւ ցանկանում էի էկրանաւորել, տարիներ անց ինձ այդ հնարաւորութիւնն ընձեռուեց: Ցանկանում էի նկարել լիամետրաժ ֆիլմ եւ Կարինէ Խոդիկեանի հետ Աղաբաբովի սցենարը վերածեցինք ֆիլմի: Նախորդ տարի Կաննի 66րդ փառատօնի շուկայում ներկայացրի այս ֆիլմի նախագիծը եւ լիտուական «Արտբոքսէ» կինօընկերութեան հետ համատեղ իրականացրինք այն: Յուսամ, որ հանդիսատեսը կը սիրի կինօկարը, որովհետեւ առանց հանդիսատեսի սիրոյ հնարաւոր չէ», յայտնած է ժապաւէնի բեմադրիչ æիւան Աւետիսեանը:
æիւան Աւետիսեան դիտել տուած է, որ ժապաւէնին մէջ ներգրաւուած բոլոր հերոսները իրական են, մէկ տարբերութեամբ՝ անոնք տարբեր ժամանակաշրջաններու դէպքեր ներկայացնող հերոսներ են, որոնք համախմբուած են մէկ պայմանական գիւղի մէջ: «Երեք պատմութիւնները միաւորւում են մէկ ասելիքով՝ ֆիլմը դատապարտում է պատերազմը: Ես ինքս կորցրել եմ իմ մանկութիւնը պատերազմի հետեւանքով: Ցանկանում էի պատմել ճակատագրերի մասին: Այն խաղաղութեան, ուժեղ մարդկանց մասին, ովքեր յայտնուել են ծայրայեղ վիճակում եւ շարունակում են մնալ մարդ», աւելցուցած է Աւետիսեան:
Բեմագրութեան համահեղինակ Կարինէ Խոդիկեանի կարծիքով, իրեն համար մեծ պատիւ է, երբ իր անունը կը դրուի Առնոլդ Աղաբաբովի կողքին: «Աղաբաբովի սցենարը կարճամետրաժ ֆիլմի համար էր: Նրա սցենարում որեւէ միջամտութիւն չի արուել, պարզապէս սցենարի Աստղիկ կերպարը դարձրինք երկրորդ նովելի հերոսուհի: Երրորդ հերոսն էլ յետոյ ծնուեց՝ Արամը», նշած է Խոդիկեան։
Խօսելով ատրպէյճանական աղմուկին մասին, ժապաւէնի լիթուանացի արտադրող Քէսթութիս Տրազտաուսքաս նշած է, որ իր երկրին մէջ այդքան ալ իրարանցում չէ ծագած։ «Յատուկ հակազդեցութիւն չկար, պարզապէս արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ անհանգստութիւն կար, իսկ ես հանգստացուցի զիրենք, որ ասիկա գեղարուեստական ժապաւէն է: Ամէն ինչ այդպիսով վերջացաւ: Ես շատ հաւնեցայ ժապաւէնը, կը փափաքիմ, որ ամէն մարդ դիտէ զայն», նշած է արտադրիչը։
Բեմադրիչին համաձայն՝ իւրաքանչիւր հանդիսատես պիտի որոշէ ժապաւէնին աւարտը: Ժապաւէնի աշխատանքներուն մէջ æիւան Աւետիսեանին իր խորհուրդներով օգնած է Վիգէն Չալդրանեանը: Անիկա պիտի ցուցադրուի Քաննի 67րդ փառատօնի շարժապատկերի շուկային մէջ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.