ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– 12 ամիսներու ընթացքին միջքաղաքային եւ միջազգային փոխադրութեան ուղեվարձքը Հայաստանի մէջ աժանցած է 7.1 տոկոսով: 5 Մայիսին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին այս մասին յայտնած է Հայաստանի ազգային վիճակագրական ծառայութեան գիներու վիճակագրութեան եւ միջազգային համադրումներու բաժինի պետ Գուրգէն Մարտիրոսեանը: Ըստ անոր՝ ասիկա հիմնականին մէջ առնչուած է օդանաւային տոմսերու գիներու նուազումին:
Նշենք, որ 2013ի Հոկտեմբերին Հայաստանին մէջ «Բաց երկինք»ի քաղաքականութեան ներդրման իբրեւ արդիւնք արձանագրուած է օդանաւային տոմսերու գիներու զգալի նուազում։
Միեւնոյն ատեն 20 Յուլիսէն Երեւանի մէջ ներքաղաքական փոխադրութեան սակերը աւելցած են 50 դրամով (պասեր եւ երթուղայինները՝ 150 դրամ, թրոլէյպուսը՝ 100 դրամ), սակայն որոշումը ընդամէնը 5 օր գործած է, բողոքի ալիքէն ետք գիները վերադարձուած են իրենց նախկին վիճակին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.