
Հինգշաբթի, Մայիս 22ին, Քեպեք նահանգի խորհրդարանի նստավայրին մէջ, Աքատի շրջանի երեսփոխան Քրիսթին Սեն Փիեռ ժողովի առաւօտեան նիստին առաջարկ ներկայացուց յիշատակելու Հայկական Ցեղասպանութիւնը:
Ժողովը մէկ վայրկեան յոտընկայս լռութեամբ յարգեց Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը:
Նշենք, որ Քեպեք նահանգի խորհրդարանը 1980էն ի վեր կը նշէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը, իսկ 2001ին յատուկ բանաձեւով մը Ապրիլ 24ը հռչակած է Հայկական Ցեղասպանութեան յիշատակման օր: