ՊԱԹՈՆ ՌՈՒԺ.- Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Լուիզիանայի նահանգային Ծերակոյտը վաւերացուցած է բանաձեւ մը՝ դատապարտելով 1988-1990 թուականներուն Ատրպէյճանի իշխանութեանց կողմէ իրագործուած հակահայ բռնարարքները՝ Սումգայիթի, Պաքուի, Մարկարայի եւ Կիրովապատի մէջ, միաժամանակ կոչ ընելով Միացեալ Նահանգներու գործադիր եւ օրէնսդիր իշխանութիւններուն, որ յանցագործները պատժելու նպատակով ճնշում բանեցնէ Ատրպէյճանի իշխանութեանց վրայ:
Բանաձեւը ներկայացուած է ծերակուտական Էտուըն Մըրիի կողմէ, որ անցեալ տարի եւս ներկայացուցած էր Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչման բանաձեւը:
Այս տարուան բանաձեւի պատրաստութեան աշխատանքներուն մէջ յատկանշական դերակատարութիւն ունեցած են Ամերիկայի հայկական խորհուրդի Լուիզիանայի մասնաճիւղի ատենապետ Վազգէն Քալթաքճեանը, Ծերակոյտի քարտուղար Կլեն Քօէփը, դատախազ Ճան Սիակօն եւ Լուիզիանայի հայութեան ներկայացուցիչներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.