«Փիլիպոս»ի շրջանաւարտ դոկտ. Մովսիսեանը կրթական մարզին մէջ դոկտորայի վկայական (Ed.D.) ստացած է Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանէն, իսկ պսակաւոր եւ մագիստրոս արուեստից վկայականները՝ պատմութեան ճիւղին մէջ, Քալիֆորնիոյ համալսարանի Ըրվայնի մասնաճիւղէն:
Վերջին 8 տարիներուն, ան եղած է ՀԲԸՄ Վաչէ Եւ Թամար Մանուկեան երկրորդական վարժարանի ընտանիքի կարեւոր դերակատարներէն մէկը՝ դասաւանդելով պատմութեան եւ ընկերային գիտութեան դասանիւթերը՝ կրթական նորարար միջոցներով. ան մօտէն գործակցած է տնօրէն դոկտ. Թալին Քարկոտորեանի, վարժարանի միւս ուսուցիչներուն եւ անձնակազմին հետ:
Վարժարանի հիմնադիր տնօրէն Յակոբ Յակոբեան, որ ներկայիս տնօրէնն է ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանին, մօտէն պիտի աշխատակցի դոկտ. Մովսիսեանի հետ՝ ստանձնելով տնօրէնի խորհրդատուի պաշտօնը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.