
ՍԵՒԱԿ ԻՆՃԷՅԵԱՆ
Ինչո՞ւ հայր մը հայր կը կոչուի: Այն հասուն տղամարդը, որ քաջութիւնը եւ ուղղամտութիւնը ունի ընտանիք կազմելու, ա՛յդ է հայրը:
Կանուխ արթննալ ու ամբողջ օրը չարաչար աշխատիլ՝ դրամ ապահովելով ընտանիքին համար, ա՛յդ է հայրը:
Ընտանիքին ողնասիւնն ու տունը պաշտպանողը, ա՛յդ է հայրը:
Ընտանիքին մէջ մեծցող իւրաքանչիւր անդամին նոյն չափով գուրգուրանք եւ սէր կը ցուցաբերէ, ա՛յդ է հայրը:
Ընտանիքին հետ պտոյտներու եւ խրախճանքներու մասնակցիլ, ընտանիքին ուրախ եւ տխուր ժամանակներուն ներկայ ըլլալ, ա՛յդ է հայրը:
Ընտանիքին միշտ զուարճացնող ու միշտ ուրախ պահող, ա՛յդ է հայրը:
Խրատող եւ կեանքի բոլոր օրէնքները զաւակներուն բացատրող, ա՛յդ է հայրը:
Այս առիթով կը շնորհաւորեմ բոլոր հայրերուն տօնը՝ ըլլա՛յ հայրենիքի ըլլայ Սփիւռքի մէջ, մաղթելով իրենց քաջառողջութիւն եւ երկար կեանք:
Նաեւ իմ սրտագին մաղթանքներս եւ երախտագիտական զգացումներս կը փափաքիմ յայտնել թանկագին հօրս:
Հայրս՝ Սեպուհ, այս բոլոր վերը գրուած հատկանիշներուն տէրն ես: Դուն ես իմ կեանքիս քաջութիւնը: Դուն ես իմ սէրն ու գուրգուրանքը: Դուն ես իմ ուրախութիւնն ու երջանկութիւնը: Դուն ես իմ իմաստութիւնն ու ընդունակութիւնը:
Ապրի՛ր յաւէտ իմ փարոս, իմ պատասխանատու հայր, որ ընտանիքդ ապրի հանգիստ եւ ապահով: