
ԹԸԼՈՒՔԱ ԼԷՅՔ, Քալիֆորնիա.- Կիրակի, Յունիս 22ին, կ.ե. ժամը 1էն սկսեալ, Պէյրութի «Հայկազեան» համալսարանի 60ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւն մը տեղի պիտի ունենայ Թըլուքա Լէյքի «Լէյքսայտ Քանթրի Քլապ»ին մէջ, կազմակերպութեամբ համալսարանի Շրջանաւարտից միութեան եւ տիկնանց օժանդակ մարմինին: Ձեռնարկին հասոյթը պիտի տրամադրուի համալսարանի սուրիահայ ուսանողներու կրթաթոշակներուն:
Ձեռնարկին գլխաւոր բանախօսը պիտի ըլլայ Սպիտակ տան լուսանկարիչներէն Ճոյս Նալչայեան-Պօղոսեանը, որուն հայրը, մօտաւորապէս 25 տարի առաջ, «Հայկազեան»ի շրջանաւարտից միութեան կողմէ կազմակերպուած նման ձեռնարկի մը գլխաւոր բանախօս եղած էր՝ ներկաներուն ցուցադրելով Սպիտակ տան մէջ Ճոյսի կողմէ առնուած լուսանկարներ:
Յունիս 22ի ձեռնարկին, Ճոյս Նալչայեան-Պօղոսեան եւս պիտի ցուցադրէ Սպիտակ տան մէջ եւ նախագահին հետ այլ երկիրներ այցելութեանց ընթացքին իր «որսացած» լուսանկարները, ինչպէս նաեւ պիտի բաժնէ իր իւրայատուկ փորձառութիւնը ներկաներուն հետ:
Յաւելեալ տեղեկութեանց կամ տեղեր ապահովելու համար, դիմել Ռաֆֆի Քենտիրճեանին կամ Անի Նաճարեանին, յաջորդաբար՝ (818) 859-0822 եւ (323) 669-0962 թիւերով: