
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան 21 Յունիսին ընդունած է Եւրախորհրդարանի փոխնախագահ Եացեք Փրոթասեւիչը։
Հանդիպման ընթացքին քննար-կուած են Արցախ-Եւրոպա կապերուն, ատրպէյճանական-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին եւ տարածաշրջանային զարգացումներուն վերաբերող հարցեր: Նախագահ Սահակեան ընդգծած է, որ պաշտօնական Ստեփանակերտ կարեւոր կը նկատէ Եւրախորհրդարանի եւ եւրոպական այլ կառոյցներու հետ յարաբերութիւններու հաստատումն ու շարունակական ամրապնդումը՝ յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով զանոնք օրինական դարձնելու հարցերուն:
Հանդիպման մասնակցած են Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեանը, Ազգային ժողովի պատգամաւոր Թեւան Պօղոսեանը, Հայաստանի եւրոպացի բարեկամներ կազմակերպութեան տնօրէն Էտուարտօ Լորենցօ Օչոան եւ պաշտօնատար այլ անձեր: