ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».– Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ 23 Յունիսին սկսած է արդի արուեստի եւ հոգեւոր ժապաւէններու «Ֆրեսքօ» միջազգային առաջին փառատօնը՝ «Ճշմարտութեան յուշարձան» խորագիրով յատուկ ծրագիրը՝ նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին:
Փառատօնին կը մասնակցին խաղարկային ու վաւերագրական ժապաւէններ, որոնք կը դատապարտեն ցեղասպանութիւնները: Անոնք պիտի ցուցադրուին 10 օր։
23 Յունիսին ցուցադրուած է «Հոգիներու Աճուրդ» կամ «Աւրորա» ժապաւէնը, որ նկարահանուած է Հոլիվուտի մէջ եւ կը նկատուի Ցեղասպանութեան մասին առաջին ժապաւէնը, եւ որ առաջին անգամ ցուցադրուած է 1919 թուականին: Անիկա նկարահանուած է Եղեռնի ականատես Արշալոյս Մարտիգանեանի յուշագրութիւններու հիման վրայ, իսկ գլխաւոր դերակատարը նոյնինքն Արշալոյսն է, որ խաղացած է իր ու իր հարազատներուն ապրած կեանքը բացարձակ ճշգրտութեամբ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.