
ԵՐԵՒԱՆ, «Առաւօտ».– Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան, Կեդրոնական վարչութեան անդամ Բագրատ Եսայեան, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի ատենապետ Օշին Փիրումեան, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի Երեւանի մասնաճիւղի ատենապետ Հրաչ Շմաւոնեան Երեւանի մէջ հանդիպում ունեցած են նախորդ տարի Երեւանի մէջ կայացած ՀՄԸՄի 9րդ մարզախաղերու պատուոյ նախագահ, Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեանին հետ:
Հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուած է միութեան ծաւալած բազմաճիւղ աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ յառաջիկայի ծրագիրներուն: Հարիւրաւոր երիտասարդներու համար այս տարի եւս հանդիպման վայր պիտի ըլլայ Հայաստանը, ուր անոնք պիտի մասնակցին ՀՄԸՄի կազմակերպած բանակումին: Գառնիկ Մկրտիչեան Գագիկ Ծառուկեանը հրաւիրած է աշխարհի տարբեր անկիւններէ Հայաստանի մէջ համախմբուած պատանիներու ու երիտասարդներու ՀամաՀՄԸՄական բանակումին: Գագիկ Ծառուկեան սիրով ընդունած է հրաւէրը եւ յայտնած իր պատրաստակամութիւնը՝ աջակցելու ՀՄԸՄի գործունէութեան ու նախաձեռնութիւններուն: Ան նաեւ բանակումին մասնակցող հարիւրաւոր երիտասարդները հրաւիրած է համախմբուելու վայրի մը մէջ՝ միասնաբար կիսերու հայրենիքին մէջ հիւրընկալուելու ուրախութիւնն ու բերկրանքը:
«Որտեղ միասնութիւն, այնտեղ յաղթանակ: Նմանօրինակ միջոցառումների շնորհիւ պէտք է աշխարհին ապացուցենք, որ հայ ժողովրդի միասնութեան դէպքում անյաղթահարելի խնդիր գոյութիւն չունի», իր խօսքին մէջ նշած է Գագիկ Ծառուկեան՝ կարեւոր նկատելով ՀՄԸՄի համագործակցութիւնը սփիւռքի կառոյցներուն հետ: ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը համայնքին կողմէ հրաւէր փոխանցած է եւ նշած, որ Գագիկ Ծառուկեանը սպասուած հիւր է Լիբանանի մէջ:
«Իւրաքանչիւրս մեզանից կախուածը պէտք է անենք սփիւռքի մեր հայրենակիցներին ու առաջին հերթին երիտասարդ սերնդին հայրենիքում հիւրընկալելու, Հայաստանին կապելու գործում. սա է հայապահպանութեան միակ ճանապարհը», յայտնեց Գագիկ Ծառուկեան՝ ընդունելով հրաւէրը։