ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– Ոչ իշխանական չորս ուժերը կուտակային կենսաթոշակներուն վերաբերող օրէնսդրական թղթածրարի քննարկումն ու քուէարկութիւնը անվաւեր կը նկատեն:
«Բարգաւաճ Հայաստան», ՀԱԿ, ՀՅԴ եւ «Ժառանգութիւն» խմբակցութիւնները 23 Յունիսին այս յայտարարութիւնը կատարեցին Ազգային ժողովի նիստին քաղաքական մեծամասնութեան՝ 67 քուէներով եւ առաջին ընթերցմամբ աղմկայարոյց այս օրինագիծի վաւերացումէն ետք:
Ազգային ժողովի սրահներէն մէկուն մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին քառեակին յայտարարութիւնը ընթերցեց ԲՀԿ պատգամաւոր Նայիրա Զոհրաբեանը՝ շեշտելով, որ նման գործելաոճ մը թէ՛ քաղաքական, թէ՛ իրաւական առումով կը հեղինակազրկէ օրէնսդիր մարմինը, ինչ որ լրջօրէն կը խարխլէ մեր պետականութեան հիմերը:
«Մենք դատապարտում ենք քաղաքական մեծամասնութեան այսօրինակ գործելաոճը, եւ յայտարարում, որ հասարակութեան հետ վճռականօրէն շարունակելու ենք պայքարել Սահմանադրական դատարանի որոշման ամբողջական կիրառման համար», նշուած է չորս ուժերու յայտարարութեան մէջ:
Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան ըսաւ, որ գոնէ իրենց խմբակցութեան մէջ արդէն կայ այն միտքը, որ այս հարցը վիճարկուի Սահմանադրական դատարանին մէջ:
«Ե՛ւ օրէնքի սահմանադրականութիւնը վիճարկելու առումով՝ այսօր ընդունուելիք երրորդ ընթերցմամբ, որին ոչ մէկդ չէք կասկածում, եւ նաեւ օրէնքը բերելու ընթացակարգերը խախտելու՝ Ազգային ժողովի կանոնակարգը խախտելու հիմքերով: Սրանք մեր յառաջիկայ անելիքներն են, մենք կը ներկայացնենք քառեակին եւ կը քննարկենք նաեւ այս հարցերը», յայտնած է Աղուան Վարդանեան:
Քառեակը յայտարարեց, որ պիտի չմասնակցի 23 Յունիսին ընթացող յաջորդ քուէարկութիւններուն: ՀԱԿէն Լեւոն Զուրաբեան, «Ժառանգութենէն» Ռուբէն Յակոբեան կառավարութեան ներկայացուցած օրինագիծը ընդունելու հարցին մէջ քաղաքական մեծամասնութեան ցուցաբերած այս շտապողականութիւնը մեկնաբանեցին անով, որ քաղաքական մեծամասնութիւնը պարզապէս չի յարգեր օրէնքը եւ հանրութիւնը:
«Եւ եթէ այսպէս են վարւում, ուրեմն ինչ ցանել են, այն էլ կը հնձեն», զգուշացուց Լեւոն Զուրաբեան:
«Մի բան յստակ է, որ քաղաքական մեծամասնութիւնը արդէն խօսում է բացարձակապէս ուժի դիրքերից, խախտում են բոլոր օրէնքները, կանոնակարգը, նաեւ հռետորիկան է բաւականին ագրեսիւ դարձել, ինչին, չուզենալով հանդերձ, երբեմն մենք համարժէք պատասխան ստիպուած ենք տալ», աւելցուց Ռուբէն Յակոբեան:
Աւելի ուշ իշխող Հանրապետական խմբակցութիւնը արտակարգ դրութեամբ շարունակուած նիստին ընթացքին, միայն 15 վայրկեաններու տարբերութեամբ երկրորդ եւ երրորդ ընթերցումներով օրէնքի ուժ տուաւ նախագիծին՝ ապահովելով համապատասխանաբար 68 եւ 66 ձայն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.