
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.– 23 Յունիսին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան ընդունած է «Եւրոպական ազատ դաշինք» եւրոպական քաղաքական կուսակցութեան պատուիրակութեան անդամներ Միկել Մարթինեզ Թոմին, Եւա Պիտանիա Իպարկութխին եւ Հայաստանի եւրոպացի բարեկամներ կազմակերպութեան տնօրէն Էտ-ուարտօ Լորենցօ Օչոան, որոնք Արցախ կը գտնուին ճանաչողական այցելութեամբ:
Կարէն Միրզոյեան կարեւոր նկատած է Արցախի քաղաքական ուժերուն եւ «Եւրոպական ազատ դաշինք» կուսակցութեան միջեւ քաղաքական երկխօսութեան ու համագործակցութեան հաստատումն ու զարգացումը եւ դիտել տուած է, որ անիկա պիտի կրէ փոխշահաւէտ բնոյթ: Արտաքին գործոց նախարարն ու պատուիրակութեան անդամները միտքեր փոխանակած են այդ համագործակցութեան ձեւերուն եւ մեքանիզմներուն շուրջ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր: