ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– 23 Յունիսի կէսօրին, մինչ Ազգային ժողովի արտակարգ նիստին ընթացքին Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը կը քուէարկէր Կուտակայինի օրինագիծի օգտին, խորհրդարանի շէնքին առջեւ կրկին բողոքի ցոյց կազմակերպեցին «Դէմ եմ» քաղաքացիական շարժման ներկայացուցիչները: Անոնք կրկին մանրադրամներ նետեցին հանրապետական պատգամաւորներուն, ինչպէս նաեւ կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեանի եւ աշխատանքի ու ընկերային հարցերու նախարար Արտէմ Ասատրեանի վրայ: Քանի մը հանրապետական պատգամաւոր բանավէճի բռնուեցան գործիչներուն հետ: Մասնաւորապէս, Աշոտ Աղաբաբեան պատասխան ամօթանքի խօսքեր ուղղեց գործիչներուն՝ օգտագործելով բաւական կոպիտ բառապաշար:
«Դէմ եմ» շարժման անդամ Գէորգ Գորգիսեան, Հանրապետական Սամուէլ Նիկոյեանին ընդառաջ գալով՝ 10 դրամ մետաղադրամ առաջարկեց անոր՝ յորդորելով ատով «կշտանալ»: Պատասխանելով գործիչին այն հարցումին, թէ արդեօք գիտէ՞, թէ ինչ պատճառով թեր քուէարկած է՝ Նիկոյեան դիտել տուաւ «ինչ անում են՝ ժողովրդի շահերից ելնելով են անում»:
Հակազդելով «Ազատութեան» այն դիտարկման, որ ժողովուրդը դէմ է օրէնքին, սակայն Հանրապետականը կողմ քուէարկած է՝ Նիկոյեան հաստատեց, որ դէմ են ընդամէնը Ազգային ժողովէն քանի մը հոգին, մնացածը կողմ են օրէնքին:
Ժամը 16:30ին «Դէմ եմ»ը դարձ-եալ հաւաքուեցաւ Ազգային ժողովին դիմաց՝ այս անգամ փուչիկներով, որոնց վրայ գրուած էր «67» թիւը: Օրինագիծի օգտին քուէարկած իւրաքանչիւր հանրապետականի, Ազգային ժողովի դռնէն դուրս ելլելու ատեն ցուցարարները կը դիմաւորէին վերջինիս համար յատկացուած փուչիկը պայթեցնելով:
Վերջաւորութեան դուրս եկած է ՀՅԴ պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան, որ՝ քաջալերելով գործիչները, յայտարարեց, որ խոր-հրդարանի ոչ իշխանական ուժերու քառեակը կը պատրաստուի պայքարը շարունակելու ռազմավարութիւն մշակել:
«Մի՛ յուսահատուէք, մենք արժանապատուօրէն այս գործը մինչեւ վերջ տանելու ենք», աւելցուց դաշնակցական պատգամաւորը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.