ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Տասներկու երկիրներէ 49 ուսուցիչներ հաւաքուած են Հայաստանի մէջ՝ մասնակցելու սփիւռքահայ ուսուցիչներու վերապատրաստման դասընթացքին: Մէկ ամիս տեւողութեամբ ծրագիրը կ՛իրականացնէ Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան Կրթութեան ազգային հաստատութիւնը: Դասընթացքներուն կողքին ուսուցիչները պիտի այցելեն Հայաստանի տարբեր պատմամշակութային վայրեր, պիտի մասնակցին թատերական ներկայացումներու եւ պիտի այցելեն թանգարաններ:
Սփիւռքահայ ուսուցիչներու վերապատրաստութեան միամսեայ ծրագիրի բացման պաշտօնական արարողութիւնը տեղի ունեցաւ 30 Յունիսին Աճէմեանի անուան թիւ 2 տարածաշրջանային պետական քոլեճին մէջ: Բացման արարողութեան ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր։
Կրթութեան եւ գիտութեան փոխնախարար Մանուկ Մկրտ-չեան նշեց, որ երկար տարիներու աւանդութիւն դարձած է նման դասընթացքներու կայացումը: «Մենք այս ծրագրին շատ մեծ նշանակութիւն ենք տալիս: Մի կողմից, մենք հնարաւորութիւն ենք ունենում մեր սփիւռքի ուսուցիչների հետ հանդիպել եւ տարբեր հարցեր քննարկել, օգնել նրանց՝ որակեալ ուսուցում կազմակերպելու գործում: Միւս կողմից, իրենք իրենց հետ են բերում այն բոլոր գաղափարները, նորարարութիւնները, որ կան իրենց երկրներում: Այստեղ տեղի է ունենում փորձի փոխանակում», յայտնեց Մանուկ Մկրտ-չեան:
Կրթութեան ազգային հաստատութեան տնօրէն Նորայր Ղուկասեան ողջունեց սփիւռքահայ ուսուցիչները հայրենիքի մէջ: «Առաջիկայ մէկ ամսուայ ընթացքում ձեզ հետ կը հանդիպեն ՀՀ լաւագոյն մասնագէտները՝ դասախօսներ ԵՊՀից, Մանկավարժական համալսարանից եւ Կրթութեան ազգային ինստիտուտից եւ դասընթացներ կը կազմակերպեն», նշեց Ղուկասեան:
Լենա Ասլանեան Հայաստան եկած է Միացեալ Նահանգներու Լոս Անճելըս քաղաքէն, ուր հայոց լեզու կը դասաւանդէ ՀԲԸՄի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանին մէջ: Ան ուրախութիւն արտայայտած է նման ծրագիրի հետեւելուն համար՝ նշելով, որ իրենց դպրոցը կը յաճախեն 800 աշակերտներ։
Այս ծրագիրով կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը կը հոգայ ուսուցիչներուն կեցութեան, սնունդի, մշակութային ծրագիրի, շրջագայութիւններու եւ դասերու ծախսերը: Դասընթացքի աւարտին ուսուցիչները պիտի ստանան կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան Կրթութեան ազգային հաստատութեան վկայագիրներ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.