ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ստորագրած է օրէնք մը, որ կը վաւերացնէ Հայաստանի հետ բնական կազի, նաւթամթերքի եւ չմշակուած բնական ադամանդներու մատակարարման բնագաւառին մէջ համագործակցութեան մասին միջկառավարական համաձայնագիրը:
Համաձայնագիրը ստորագրուած էր 2 Դեկտեմբեր 2013ին, Երեւանի մէջ եւ կը նախատեսէ Ռուսիայէն այդ ապրանքներու առանց տուրքերու արտածումը կազմակերպել նախքան Եւրասիական տնտեսական միութեան Հայաստանի անդամակցութիւնը:
Ռուսական կողմը, ըստ համաձայնագիրի, պիտի չգանձէ արտածման տուրքեր ներքին սպառման նաւթէն եւ բնական կազէն, ադամանդներէն, որոնք հաստատուած են յայտարարուած հաշուեկշիռներուն մէջ:
Կ՛արգիլուի երրորդ երկիր արտածել այն ապրանքները, որոնք առանց տուրքերու կը մատակարարուին Հայաստանի։
Ըստ համաձայնագիրին՝ կողմերու իրաւասու մարմինները համադրած են Հայաստանի մէջ նաւթի եւ բնական կազի ներքին սպառման ծաւալները՝ յաջորդ օրացուցային տարուան համար:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.