
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թրքական «Հիւրրիյէթ» թերթը կազմեց ցանկը այն գիրքերուն, որոնք, ըստ թերթին՝ պէտք է կարդացուին այս տարուան ամառնային արձակուրդին ընթացքին։ Ցանկին մէջ ընդգրկուած է Յակոբ Պարոնեանի «Պտ-ոյտ մը Պոլսոյ Թաղերուն Մէջ» գիրքը։
Այս գիրքը երգիծանքով կը պատմէ Պոլսոյ այդ օրերու 34 թաղերու հասարակական ու առօրեայ կեանքին, ինչպէս նաեւ հայ համայնքի հարցերուն հանդէպ հայ ղեկավարներու անտարբերութեան եւ հարուստ-աղքատ տարանջատման ստեղծած հակասութեան մասին։