ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».– Նուբարաշէնի մէջ գտնուող ցմահ բանտարկութեան դատապարտուած 29 անձեր հացադուլ յայտարարած են՝ ի նշան բողոքի, որ պայմանական վաղաժամկէտ ազատումը իրենց պարագային նկատի չէ առնուած։
«Թերթ»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է Արդարադատութեան նախարարութեան Քրէակատարողական վարչութեան մամլոյ պատասխանատու Գոռ Ղլեչեան:
«Պայմանական վաղաժամկէտ ազատման պահանջներով եւ ոչ միայն: Դիմումները քննւում են», նշած է ան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.