
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– 4 տարիէ ի վեր Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող պատերազմի ծիրին մէջ 21 Մարտին Քեսապէն տեղահանուեցան քեսապցիներուն մեծամասնութիւնը, իսկ Քեսապ մնացած տարեցներ աւելի ուշ տարուեցան Մուսա Լերան Վագըֆ գիւղը։ Որոշ ժամանակ ետք անոնցմէ ոմանք հաստատուեցան Լիբանանի մէջ, իսկ փոքր թիւ մը մնաց Վագըֆի մէջ։
Պոլսոյ «Ակօս» երկլեզու թերթը կը հաղորդէ, որ Վագըֆ մնացած քեսապցիները վերադարձած են Քեսապ, ուր թէեւ կացութիւնը այն չէ, ինչ որ էր շրջանի բռնագրաւումէն առաջ, սակայն աշխատանք կը տարուի ամէն ինչ վերականգնելու. թերթը դիտել տուած է, որ քեսապցիները պատրաստ են նոյնիսկ ոչինչէն սկսելու եւ վերակառուցելու իրենց պապենական բնօրրանը: