
Երկուշաբթի, 14 Յուլիսի առաւօտուն, Չալտրանի կուսակալութեան շէնքին մէջ, Ատրպատականի Հայոց թեմի առաջնորդ՝ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեան պաշտօնական հանդիպում ունեցաւ Չալտրանի նորանշանակ կուսակալ՝ Քերիմ Հիւսէյնզատէին հետ, անոր գրասենեակին մէջ: Սրբազան հօր կ՛ընկերանային Վանքերու ուխտագնացութեանց յանձնախումբի անդամներ՝ Ռազմիկ Օրտուխանեան, Ազատ Մաթեւոսեան, Վարդան Աբրահամեան եւ Սոկրատ Աբգարեան:
Հանդիպման առիթով առաջնորդ սրբազանը շնորհաւորեց կուսակալը իր նոր պաշտօնին համար՝ մաղթելով, որ անոր կառավարման օրով համագործակցութիւնը շարունակուի Ազգային առաջնորդարանին հետ, յատկապէս Արեւմտեան Ատրպատականի մէջ գտնուող հայոց սրբավայրերու պահպանման ի խնդիր:
Կուսակալը իր հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդին եւ անոր ընկերացող պատուիրակութեան, իրենց ջերմ շնորհաւորութեան համար, եւ մաղթեց որ յառաջիկայ շրջանը ըլլայ անվերապահ գործակցութեան շրջան, ի շահ քրիստոնեայ թէ իսլամ քաղաքացիներու:
Ապա, աշխատանքային նիստ տեղի ունեցաւ կուսակալութեան ժողովներու դահլիճին մէջ, ուր առաջնորդին եւ կուսակալ Հիւսէյնզատէի նախագահութեամբ, ժողովական հանդիպման իրենց մասնակցութիւնը բերին Վանքերու յանձնախումբի անդամները, Արեւմտեան Ատրպատականի Հնապահպան հիմնարկութեան տնօրէն Ճապպարը, Չալտրանի ոստիկանապետը, Չալտրանի Քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ, ինչպէս նաեւ կուսակալին խորհրդականները:
Սոյն աշխատանքային օրակարգով քննարկումի նիւթ դարձաւ Յուլիս ամսուան վերջաւորութեան եւ Օգոստոսի սկիզբը կայանալիք Ս. Թադէի վանքի եռօրեայ ուխտագնացութիւնը:
Առաջնորդ սրբազանը ողջոյնի խօսք ուղղեց ներկաներուն, յատկապէս շեշտելով Ս. Թադէի ուխտագնացութեան 60ամեայ հոգեւոր ճանապարհը. «Յատկապէս քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան շրջագիծէն ներս, եւ Իրանի մէջ քրիստոնեայ մեծագոյն փոքրամասնութեան՝ Հայ համայնքին խաղաղ ու անվրդով ապրելուն վկան պէտք է հանդիսանայ: Ազգային առաջնորդարան եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւն, ամէն ճիգ պէտք է ընենք, որպէսզի ուխտագնացութեան երեք օրերը համայն Իրանին ու յատկապէս իրանահայութեան համար դառնան պատուաբեր եւ երջանկաբեր օրեր», ըսաւ սրբազանը:
Այնուհետեւ, կուսակալն ու իր օգնականները ծանօթացան Ազգային առաջնորդարանի պատրաստած ծրագիրին, զոր ներկայացուց Վանքերու յանձնախումբի ներկայացուցիչ Ռազմիկ Օրտուխանեանը, իր թէ՛ կրօնական եւ թէ ընկերային բաժիններով, ապա անոնք իրենց գործնական աջակցութիւնը բերելու պատրաստակամութիւն յայտնեցին: Քննարկուեցան ուխտաւոր ժողովուրդին եռօրեայ կեցութեան բոլոր յարմարութիւնները:
Նշենք, թէ տարեկան ուխտագնացութիւններուն առիթով, Չալ-տրանի կուսակալութիւնը Ազգային իշխանութեան եւ Վանքերու յանձնախումբին հետ գործակցութեամբ իր նպաստը կը բերէ ուխտագնացութեան յաջող ընթացքին համար, ապահովական, եռուզեռի կանոնաւորութեան, հիւանդապահութեան, ջուրի մատակարարման եւ երեք օրերու ընթացքին առօրեայ առեւտուրի կազմակերպման բնագաւառներէն ներս, եւ քաղաքապետարանին կողմէ բացօթեայ բնակութեան յարմարութիւններու տրամադրումով:
Ազգային իշխանութեան եւ կուսակալութեան ծրագիրներու աշխատանքային համադրումը կատարելէ ետք, կողմերը շնորհակալութիւն յայտնեցին, ինչպէս նաեւ յաջող ուխտագնացութիւն մաղթեցին դէպի Ս. Թադէ: