
ԷՋՄԻԱԾԻՆ, «Փանորամա».- Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի հանդիսութիւններու սրահին մէջ 18 Յուլիսին տեղի ունեցած է «Ոսկէ Ծիրան» միջազգային տարեկան շարժապատկերի փառատօնի առիթով Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ սահմանած «Եղիցի Լոյս» մրցանակի յանձնման հանդիսաւոր արարողութիւն: Հայոց եկեղեցւոյ հաստատած պատուաւոր մրցանակը այս տարի շնորհուած է աշխարհահռչակ լեհ բեմադրիչ Քշիշտոֆ Զանուսիին:
Հիւրերը ողջունած է Նաթան արք. Յովհաննիսեան, այնուհետեւ շնորհակալական խօսքով հանդէս եկած է փառատօնի հիմնադիր-տնօրէն Յարութիւն Խաչատրեան:
Մեծարեալի կեանքին եւ գործունէութեան անդրադարձած է նաեւ Երեւանի թատրոնի եւ շարժապատկերի պետական հաստատութեան ղեկավար Դաւիթ Մուրադեանը՝ շեշտելով, որ Ք. Զանուսին ժամանակակից շարժապատկերի փիլիսոփաներէն է. «Մի մարդ, ով հաւատում է յաւիտենական արժէքներին եւ իր արուեստի միջոցով քարոզում դրանք»: Ան կարեւոր նկատած է նաեւ այն ջերմ եւ բարեկամական կապերը, զորս լեհ բեմադրիչը ունի Հայաստանի եւ հայ մշակոյթին հետ:
Ապա Մայր աթոռի հոգեւոր-կրթական հաստատութիւններու վերատեսուչ, Գէորգեան ճեմարանի տեսուչ Գէորգ եպս. Սարոյեան ընթերցած է հայրապետական վկայագիրը, որմէ ետք Ամենայն հայոց հայրապետը «Եղիցի լոյս» մրցանակը շնորհած է Զանուսիին՝ մշակութային եւ մարդասիրական արժէքներու քարոզչութեան եւ համաշխարհային շարժապատկերի արուեստին մէջ նշանակալի աւանդին համար:
Մրցանակաբաշխութենէն ետք իր սրտի խօսքը փոխանցած է անուանի բեմադրիչը՝ շնորհակալութիւն յայտնելով կաթողիկոսին գնահատանքին եւ մշակոյթի, շարժապատկերի եւ հաւատքի միջեւ կամուրջներ ստեղծելուն համար: Անդրադառնալով քրիստոնէութեան համամարդկային նշանակութեան՝ ան նշած է, որ քրիստոնէութիւնը ներշնչանքի եւ սիրոյ աղբիւր է, անիկա ապագան է եւ ոչ թէ անցեալը՝ միաժամանակ յոյս յայտնելով, որ Քրիստոսի սիրոյ վարդապետութեամբ լուսաւորուած մարդը այսուհետեւ նոյնպէս պիտի շարունակէ բարիք արարելու իր կարեւոր առաքելութիւնը:
Արարողութեան աւարտին իր հայրապետական օրհնութիւնն ու խօսքը փոխանցեց Ամենայն հայոց կաթողիկոսը։