
Ֆրանսայի Վիեն քաղաքին եւ Արցախի Հադրութ քաղաքին միջեւ կնքուած բարեկամական հռչակագիրը չմնաց որպէս ձեւական փաստաթուղթ, այլ անոր դրսեւորումներէն եղաւ Վիենի «Կոմիտաս» երգչախումբին Արցախ այցելութիւնը՝ Լիոնի քաղաքապետին ընկերակցութեամբ:
17 Յուլիսին «Կոմիտաս» երգչախումբը հանդէս եկած է Ստեփանակերտի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատի դահլիճին մէջ: Ծրագիրին մէջ ներառուած էին հոգեւոր եւ ժողովրդական երգեր:
Անոնք նաեւ ընդունուած են Արցախի մշակոյթի եւ երիտասարդական հարցերու նախարարին կողմէ։ Հանդիպման ներկայ եղած է նաեւ Հադրութի քաղաքապետ Արմէն Աբրահամեանը, որ յոյս յայտնած է, որ յաջորդ այցելութեան երգչախումբը անպայման պիտի այցելէ Հադրութ. «Սա մեր բարեկամութեան առաջին քայլն է: Յոյս ունենք, որ յաջորդ ձեր այցին կը լինէք Հադրութում, կը ծանօթանաք պատմական Դիզակին, հիւրասէր դիզակցուն: Ի հարկէ, դրանով չենք սահմանփակուի՝ մեր բարեկամութիւնը համատեղ ծրագրեր է ենթադրում», յայտնած է Հադրութի քաղաքապետը:
Նախարար Ն. Աղաբալեան կարեւոր նկատած է երգչախումբին առաքելութիւնը՝ օտար երկրի մը մէջ հայկական մշակոյթի պահպանման իմաստով։ Հիւրերը նախարարին եւ Հարդութի քաղաքապետին կողմէ արժանացած են խորհրդանշական նուէրներու:
2006 թուականին խումբը առաջին անգամ ըլլալով ելոյթ ունեցած է Հայաստանի մէջ։
«Մենք միշտ երազած ենք նաեւ Արցախի մէջ երգել: Քանի մը տարի առաջ նոյնիսկ, երազիս մէջ նման բան չէի պատկերացներ», յայտնած է երգչախումբի անդամ Ալիս Բուդուրեանը:
18 Յուլիսին երգչախումբը պիտի մեկնի Սիսիան, ուր եւս համերգ պիտի տայ: Փոքրիկ համերգաշրջանը սիրողական երգչախումբը պիտի աւարտէ երեւանեան ելոյթով։