ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պաքուն արձագանգած է Քարվաճառի արտաքին բոլոր ճանապարհները ականապատելու մասին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի կատարած յայտարարութեան։
Արդարեւ, Ատրպէյճանի պաշտպանութեան փոխնախարարը լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին ըսած է, թէ Օհանեանի յայտարարութիւնը անհիմն է եւ նախատեսուած է ներքին լսարանի համար: Քերիմ Վելիեւ նաեւ նշած է, թէ հիմնականին մէջ, լեռնային շրջաններէ կազմուած տարածքը ականապատելը անտրամաբանական է:
Ուշագրաւ է, որ իր խօսքով փոխվարչապետը անուղղակիօրէն հաստատած է, թէ ատրպէյճանցիները Քարվաճառ կը ներթափանցեն՝ ըսելով, որ իրենց համար խնդիր չէ ականպատուած տարածքէն անցնիլը, քանի որ իրենք ունին ժամանակակից սարքաւորումներ, որոնք հողը կը մաքրեն ականներէ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.