ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
Հանրապետական համակարգը թագաւորի մենատիրութեան հետ միասին վերջ տուաւ խալիֆայի եւ շէյխ ուլ իսլամի դրութեան: Խորհրդարանի կողմէ ընդունուեցաւ արդի իրաւաբանութեան օրէնսդրութիւնը: Ընդունուեցաւ նաեւ ֆրանսական ծագումով լաիքութեան կարգը: Անշուշտ որ այս հիմնական յեղաշրջում մըն էր, բայց շուտով աղաւաղուեցաւ նոյնինքն քաղաքական գործիչներու ձեռամբ: Յիշենք որ մօտ անցեալին վարչապետ Էրտողան ալեւիներու սրբավայրը աղօթատեղի կոչելու մասին դիմած էր սիւննիներու հակակշռին տակ գտնուող Կրօնից տեսչութեան: Անշուշտ այս վերջինն ալ մերժած էր ճեմեւիները աղօթատեղի կոչելու առաջարկը, ըսելով թէ իսլամներու աղօթատեղին մզկիթն է:
Ուրեմն կարելի է ըսել թէ հոգեւորականութիւնը անխուսափելի կերպով մխրճուած է քաղաքականութեան: Այդ երեւոյթին կ՛ենթարկուին նաեւ երկրի ոչ իսլամ ժողովուրդներու կրօնապետներն ալ: Չենք մոռցած թէ մեր նախորդ պատրիարքները ինչպէս կը ստիպուէին հայկական խնդիրներու մասին Թուրքիոյ պետութեան համար հաճելի յայտարարութիւններ ընելու: Առաջին անգամ յունաց տիեզերական Բարթողիմէոս պատրիարքն էր, որ քաջութիւնը ունեցաւ ազգայնական շրջանակներու նմանաբնոյթ ճնշումներուն «Մենք զմեզ խաչուած կը զգանք» ըսելով յայտնեց իր դժգոհութիւնը եւ այդ խօսքէն ետք ալ ոչ մէկը համարձակեցաւ իր վրայ նման ճնշում բանեցնելու:
Սակայն մինչեւ օրս չէր գտնուած հոգեւոր պետ մը, որ Թուրքիոյ Հայոց պատրիարքարանի փոխանորդ Արամ սրբազանի նման յստակ դիրք բռնէր քաղաքական կուսակցութեան մը եւ այդ կուսակցութեան պետին ի նպաստ:
Ճիշդ է որ բովանդակ հայութիւնը գիտէր, թէ Գարեգին Ա. պատրիարքն ալ իր օրով համակրանք ունէր տեմոքրաթ կուսակցութեան եւ անոր պետին՝ վարչապետ Ատնան Մենտերեսի նկատմամբ: Բայց ան անգամ աւելի զուսպ եղած էր իր հակումը արտայայտելու խնդիրին մէջ:
Շատ բնական է որ պատրիարքական աթոռակալներն ալ պիտի ունենան իրենց քաղաքական նախասիրութիւնները: Բայց այս մասին շռայլ յայտարարութիւններէ հեռու մնալով, պիտի կարենան գոնէ ապաստանիլ հոգեւորականի ինքնութեան ետին, առանց խօսելու քաղաքական նիւթերու մասին: Ի վերջոյ, այս երկրին մէջ կայ զրպարտութիւններու միջոցաւ ատելութիւն արտադրող մամուլի մը աւանդութիւնը: Վերջին նախագահական ընտրութիւնն ալ ցոյց տուաւ, թէ Թուրքիոյ հայութիւնը հեռու է միանշանակ քուէարկելէ, որ շատ բնական է ժողովրդավարութեան առումով:
Համայնքի որոշ մէկ հատուածը, յատկապէս թաղականներու եւ բարերարներու փաղանգը նեցուկ կանգնեցան վարչապետ Էրտողանին: Միւս կողմէ, հայաշատ թաղերու սնտուկներէն մեծ թիւով քուէ ստացաւ Սելահատտին Տեմիրթաշ: Նոյնպէս բազմաթիւ հայեր ալ իրենց ձայները ուղղեցին դէպի գլխաւոր ընդդիմադիր կուսակցութեան թեկնածուին, յոսալով որ ան է Էրտողանի մրցակիցը: Մեր՝ հասարակ մարդկանց նախասիրութիւնները բոլորովին անհատական ըլլալով, միայն մեզ պատասխանատուութեան առջեւ կը դնէ: Բայց կայրելի չէ նոյնը ըսել պատրիարքներու կամ անոնց փոխանորդներուն համար, քանի որ այս վերջինները կը համարուին «ազգապետ»:
pakrates@yahoo.com