ՄԱՐԳԱՐ ՇԱՐԱՊԽԱՆԵԱՆ
Գրողին գործածած բառերն ու յայտնած գաղափարները պէտք չէ թափառին անիրականութեան ու վերացականութեան անստոյգ ոլորտներուն մէջ, այլ անոնք պէտք է խօսին երկրի վրայ գոյութիւն ունեցող բնութեան, մարդոց ու իրենց ունեցած հարցերուն մասին: Ապրուած կեանքի մասին: Մարդկային սերտ յարաբերական վիճակներու մասին: Ըստ իս, բանաստեղծութիւնն ալ պէտք է արտայայտուի այս սահմաններու ծիրին մէջ: Օդային անգոյ երեւոյթներէն հեռու պէտք է մնայ անիկա:
Կոչում ու նուիրում ունեցող գրողները, ընկերային ու կենսապահիկ ինչ պայմաններու մէջ ալ որ ապրին, կապրի՛ն գրելու համար: Անոնց գրածները իրական կեանքէն պէտք չէ փախուստ տան: Իրենց ապրած կեանքը, առհասարակ, հիմնակէտը պէտք է ըլլայ իրենց ստեղծագործած գրականութեան, որ խորքին մէջ վերարտադրութիւններն են իրենց ապրած կեանքին: Գրողը իր ապրած կեանքի բաբախումներուն պէտք է ականջ դնէ, ըմբռնէ զանոնք ու արուեստի ինքնուրոյն ձեւերով վերակենդանացնէ: Հարաւային ամերիկացի, Նոպէլեան մրցանակակիր, աշխարհածանօթ գրող Մարիօ Վարկաս Լոսա գրած է. «Գրելը շատ դժուար է, բայց՝ անսահման կերպով հաճել»ջ:
Ընդունինք, որ արուեստը հիմնաքարերէն մէկն է որեւէ սեռի արժէքաւոր գրականութեան, որ պէտք է ունենայ մտային, հոգեկան ու դաստիարակչական խորութիւն ներկայացնող նշանակութիւն: Իջնել ժողովուրդին՝ զայն բարձրացնելու ազնիւ նպատակներով: Գրիգոր Զօհրապ յաճախ կը կրկնէր. «Գրականութիւնը պիտի ներշնչուի ժողովուրդէն, ժողովուրդին ծառայելու նպատակով»: Եւ այս առաջադրութիւնը պէտք է դառնայ հաւաքական, ամբողջատիրական: Առանձին մնացած որեւէ առաջադրութիւն յոյս չի ներշնչեր: Սկզբնական արդի հայ գրականութեան մէջ Խաչատուր Աբովեան առաջինը եղաւ, որ իր ժողովրդական գործով՝ «Վէրք Հայաստան»ջով, իջաւ ժողովուրդին՝ զայն ոգեւորելու ու բարձրացնելու ազգային նպատակով: Իրեն յաջորդեցին՝ Նալբանդեան, Րաֆֆի, Պռօշեան, Մուրացան եւ շատ ուրիշներ: Արեւմտահայ արդի գրականութեան մէջ Արփիար Արփիարեան, Տիգրան Կամսարական, Գրիգոր Զօհրապ, Երուխան եւ կարգ մը ուրիշ իրապաշտ ծանօթ գրողներ հիմը դրին ժողովրդական գրականութեան: Ժողովուրդին ապրած կեանքը պատկերացուցին ժողովրդին: Գրականութիւնը ժողովուրդին համար բանաձեւը տիրապետելու սկսաւ «արուեստը արուեստին համար» նախորդ բանաձեւին: Գրողը պէտք էր գոծօն դեր ունենար կեանքին մէջ: «Փղոսկրեայ աշտարակ»ներուն մէջ փակուելով ու ժողովուրդէն հեռու ապրելով գրելը իր հետապնդած նպատակին չէր ծառայեր: Լ. Թոլսթոյ կ՛ըսէր. «Գրողը կեանքը պէտք է տեսնէ այնպէս, ինչպէս որ կայ, եւ ոչ թէ այնպէս, ինչպէս ինքը կ՛ուզէ՛ տեսնել»: Անկասկած, որ գրել կը նշանակէ ընթերցողդ մասնակից դարձնել կեանքին մէջ տեսածներուդ եւ ապրածներուդ: Անտրէ Մորուա յաճախ կը կրկնէր. «Գրականութիւնը պէտք է ամուսնացած ըլլայ կեանքին հետ»:
Գրելը, նախաքրիստոնէական դարերէն, գնահատուած ասպարէզ եղած է, իսկ գրողը՝ կեանքին վրայ ազդեցութիւն ունեցող անձնաւորութիւն: Անշուշտ երաժշտութիւնն ալ ունեցած է իր յատուկ տեղը, ինչպէս՝ փորագրութիւնը, արձանագործութիւնը, նկարչութիւնը, պարարուեստը, երգչախումբը, դերասանութիւնն ու թատրոնը ու հետզհետէ զարգացող այլ արուեստներ, որոնք իրենց կատարողական բարձունքին հասած էին կեդրոնական Յունաստանի մէջ (Աթէնք) Ք.Ա. հինգերորդ դարուն: Գրականութիւնն ու պատմագրութիւնը սակայն, ներառեալ՝ բանաստեղծութիւնն ու թատրոնը, կը զատորոշուէին այս բոլորէն՝ իրենց վայելած ժողովրդականութեան շնորհիւ: Ժողովրդին մտածելակերպին ու կեանքին վրայ զգալի ազդեցութիւն ունէին անոնք: Ոչ միայն պարզ ժողովուրդին, այլ նաեւ՝ երկիրը կառավարողներուն: Հոս ինքնակամ կը վերյիշեմ Նափոլէոնի դիպուկ մէկ խօսքը. «Ես մարդէ չեմ վախնար, բացի լրագրողներէն ու գրողներէն: Անոնց գրածները իսկապէս կը սարսափեցնեն զիս»: Իսկ մեր ներկայ տարիներուն կը պատահի ճիշդ հակառակը: Անվախ գրողներ ու ճշմարտութիւններ ըսողներ կան անշուշտ: Արդար ըլլանք: Այս ուղղութեամբ, գերմանացի մեծ մտաւորական, գրող, թատերագիր Պերթոլտ Պրեխտ գրած է տեղ մը. «Ճշմարտութիւններ գրելու համար յանդգնութիւն պէտք է ունենաս: Իսկ անոնք, որոնք կը պարտուին, բարի ըլլալնուն համար չէ որ կը պարտուին, այլ՝ վախկոտ»:
Իրական գրողը կեանքի անարդարութեանց դէմ պայքարելու ոգին է, զոր պէտք է ամրապնդէ իր ընթերցողներուն ու զինք լսողներուն հոգիներուն մէջ: Հոն, ուր մտածումի ազատութիւն չկայ, չկայ նաեւ մտային ազատ արտադրութիւն: Քաղաքական հակաժողովրդավարական պայմանները կը լլկեն ազատութիւն պահանջող բոլոր արուեստները, որոնց մէջ գլխաւորն է գրականութիւնը: Իշխանութիւններէն վախնալով՝ արժէքաւոր գրականութիւն չես կրնար կերտել: «Մարդկային անհատականութիւնդ, արժանապատուութիւնդ բարձր են պատմութենէն, բարձր են հանրութենէն, բարձր են մարդկութենէն», գրած է Շիլլեր:
Գրողին նկարագիրը, ապրած կեանքը մեծ դեր կը խաղան իր գրած ստեղծագործութիւններուն մէջ: Ազնուութիւնը, բարեսրտութիւնը, արդարամտութիւնը կարեւոր եղած են միշտ՝ գրողին շահած ժողովրդականութեան մէջ: Բնականաբար գրողին նկարագիրը կարեւոր չէ ըսողներ ալ կան ու պիտի ըլլան, անկասկած: Ժողովուրդը սակայն, որ խստապահանջ դատաւոր է, նկարագիր ունեցողներ, արդարամիտներ փնտռած է միշտ: Ու այս մէկը՝ բոլոր ասպարէզներուն մէջ: Չմոռնանք, որ մեծագոյն գործերը գրուած են սրտով, հոգիով, մտքով, նկարագիրով, ներաշխարհով եւ ոչ թէ պարզ մելանով:
Ժամանակը գրականութեան ամենադաժան դատաւորն է: Անիկա է, որ իրական գործերը կ՛արժեւորէ եւ ոչ իրականներն ալ՝ կ՛անտեսէ: Ընդհանուր տարազով ըսենք հետեւեալը. կեանքէն եկածը կը մնայ կեանքին մէջ, պայմանաւ որ անիկա գրուած ըլլայ գրական հասկացողութեամբ, ինքնուրոյն ոճով, պարզ լեզուով եւ իրաւ մօտեցումներով: Երբեմն շինծու կը թուին ըլլալ միայն միտքէն գրուած կեանքն ու մարդիկ, որոնք վստահութիւն չեն ներշնչեր ընթերցողին: Կեանքի եւ գրականութեան զիրար ընդգրկող իրականութիւնը զօրաւոր միջոց հանդիսացած է համամարդկային գրականութեան պատկանող մեծերուն ստեղծագործական երկերուն մէջ: Ճիշդ է, որ գրական վերելքը, գագաթնակէտը անհասանելի եղած են իրական ստեղծագործութեանց մէջ: Ճշմարիտ արձակագիրն ու բանաստեղծը ոճի եւ արուեստի զուլալ արտայայտութեան կը տիրանան միայն յարատեւ գրելով, գրականութիւնը իրենց կեանքին վերածելով, գրել յիշելով, չհաւնած գրածը պատռելով, զայն վերստին գրելով ու անյագուրդ ընտիր ընթերցումներ կատարելով: Երեւակայական գրականութիւնն ալ առնչուած պէտք է ըլլայ ապրող իրականութեան հետ: Նոյնիսկ վիպասանական (ռոմանթիկ) գրականութիւնը, խորհրդապաշտականն ու վերացականը, կեանքի իրականութեանց հետ կապ պէտք է ունենան: Ապրող իմաստ պէտք է ունենան: Միայն եթերային պէտք չէ ըլլան: Այս իրողութիւնները իրական գրականութեան ներփակած հզօրութիւններն են: Կեանքին խօսող ոգիին հաւատարիմ պէտք է մնայ իսկական գրողը, արուեստագէտն ու քաղաքագէտը եւ ոչ թէ անոր շուրջ դարձդարձիկ ճամբաներով դեգերումներ կատարէ: Ճամբորդել դէպի ազգային արմատներդ, դէպի ժողովուրդդ: Անդունդին եզրին կանգնելով ու շարունակ երկինք դիտելով՝ ոչինչ կը կերտենք ու ոչինչ կը շահինք: Անդունդն ալ, երկինքն ալ կրնան նպաստել մարդկային կեանքին, եթէ իսկական կերպով ըմբռնած ըլլանք անոնց իմաստը: Մեր նոր հայրենիքին մէջ նոր հայը պէտք է կերտենք, ազգային արմատ ու ոգի ունեցող հայը, որ նուազ շահամոլ է, նուազ անձնասէր է ու նուազ հայաստանատեաց է, այլապէս կը գլորինք անդունդին մէջ եւ կամ երկինք կը բարձրանանք, ընդմիշտ կերպով կը մահանանք: Եւ այս սրբազան պարտականութիւնը միայն գրողինը չէ, այլ նաեւ՝ պետութեան:
Ժողովուրդի պատմական արմատներուն մէջ մխրճուիլը եւ անոնցմէ սնունդ առնելը մեծ առաւելութիւն է որեւէ գրողի համար: Ժողովուրդը, հայրենիքը գրողին համար ամէն բանէ վեր պէտք է ըլլան: Նոյն մօտեցումը պէտք է ունենայ որեւէ երկրի կառավարութիւն: Անհերքելի ճշմարտութիւններ են ասոնք, որոնց գոյատեւման համար անհամար երիտասարդներ իրենց կեանքը նուիրած են ազգային գոյապայքարի ընթացքին: «Ճիւղերը թափահարելով» միայն ո՛չ հայրենիք կը կառուցենք, ո՛չ ժողովուրդ կը պահենք եւ ոչ ալ մշակոյթ կը ստեղծենք: Միասնականութիւն ու միակամ ոգի պահանջող կենսական հարցեր են ասոնք, որոնք առանձին ճիգերով չեն լուծուիր, այլ ծրագիր կը պահանջեն, եւ՝ ստեղծագործական ծրագիր, դէպի ժողովուրդ ուղղուող ծրագիր: Ես կը հաւատամ, որ ազգային արմատ ունեցող մնացորդացը, հայրենապաշտ ժողովուրդը, ներառեալ, անշուշտ, գրողը, մտաւորականը, քաղաքական գործիչը, հասարակութեան համար աշխատողը, պետական պաշտօնեան եւ շատ ուրիշներ անշուշտ, պիտի փարին մեր սրբազան հողին ու պիտի պահեն ու պաշտպանեն Հայաստան աշխարհը, ինչ պայմաններու մէջ ալ որ ըլլայ անիկա:
Ժողովուրդը հիմնաքարն է երկրի յարատեւութեան: Նոյնիսկ ազգի մը ապագային նկատմամբ տրուած պատգամները ծնունդ պէտք է առնեն ժողովրդին ապրած այժմէական իրավիճակներէն: Անշուշտ ամէն իրավիճակ ունի իր կենցաղային մակարդակները, որոնց ծիրին մէջ կ՛ապրի մեր ժողովուրդը, որ յաճախ իրարու դէմ մրցակցութեան մէջ է, բայց չի դադրիր իր ամբողջականութեամբ մեր երկրին մաս կազմելէ, երկրին գոյապայքարին մասնակից դառնալէ: Ընդհանուր կերպով դիտուած, մեր երկրի ժողովրդին մտահոգող հարցերն են՝ տնտեսական, կենցաղային, փոխ- յարաբերական, բարոյական, քաղաքական, կրօնական, մշակութային, կրթական, հասարակական, ընտանեկան եւ իր ապրած առօրեային հետ անմիջական կապ ունեցող այլ հարցեր: Գրողին ու քաղաքական գործիչին առաջնահերթ պարտականութիւնն է կառուցողական ոգիով գործել, բարելաւել ու անկեղծ կերպով գրել անոնց լուծումներուն մասին՝ հեռատես նկատումներով, առանց իր պաշտօնը կամ գրիչը ծախու դրած ըլլալու:
Քսաներորդ դարուն ապրող եւ ստեղծագործող ամերիկացի գրագիտուհին՝ Քաթրին Անն Փոր-թըր, գրած է. «Գրականութեան վրայ կը նայիմ որպէս իրական արուեստի մը եւ կը հաւատամ, որ երբ զայն անճիշդ կերպով գործածես, պիտի լքէ քեզ»:
Կը յուսամ եւ կը մաղթեմ, որ նոր հասած գրողներուն ու յատկապէս քաղաքական գործիչներուն կատարած գործերը օր մը պիտի չլքեն զիրենք:
ՈՒՇԻ