
ՍԱՐԳԻՍ ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Շաբաթ եւ Կիրակի, Օգոստոս 30-31ին, Ֆրեզնոյի հայ գաղութի մուսալեռցիներս եւ մեր բարեկամները, անցեալի յուշերը վերակոչելու եւ 18 նահատակներուն մեր ուխտը վերանորոգելու լաւագոյն առիթն ունեցանք:
«Շերիֆ Փարք»ը իր նախկին փայլքը զգեցած էր. հարթակին վրայ երիտասարդ-երիտասարդուհիներ երգիչ Յակոբ Յակոբեանի երգերը կը մեկնաբանէին՝ հեզաճկուն եւ քնքուշ շարժումներով, իսկ սեղաններուն շուրջ բոլորուած բազմութիւնը ծափերով իր գնահատանքը կ՛արտայայտէր։ Գրաւիչ էր տեսարանը. ծառաստանը կը թնդար երգերով, հարթակին վրայ պարողներու թիւը բազմանալով՝ կ՛ընդլայնէր նաեւ շուրջպարի շրջանակը:
Շրջանիս հոգեւոր հովիւ Վահան քհնյ. Կոստանեան, ընկերակցութեամբ Պօղոս աբեղային, հարթակին դիմաց կանգ առնելով եւ ներկաներուն ուշադրութիւնը խնդրելով՝ ըսաւ. «Սիրելի հաւատացեալնե՛ր, հիմա աղօրհնէք պիտի կատարենք մատաղին համար»։ Ներկաները երկիւղածութեամբ եւ հաւատքով հետեւեցան աղօրհնէքի արարողութեան, ապա կրկին եւ աւելի ուժգնութեամբ հնչեցին երգերը, ընկերակցութեամբ Մուսա լերան աւանդական տաւուլ-զուռնային։ Երբ մուսալեռցին կը լսէ տաւուլ-զուռնայի ձայնը, ամէն ինչ կը մոռնայ. ծերերը երիտասարդանալով, թաշկինակը իրենց ձեռքին՝ կը շտապեն մաս կազմել շուրջպարին:
Այո՛, սիրելի ընթերցող, խորհուրդ մը կայ այդ տաւուլ-զուռնայի իւրաքանչիւր խազին մէջ, որովհետեւ անոր հետ Մուսա լեռ բարձրարացանք, չորս տարիներ Փօր Սայիտի աւազուտ վրանաքաղաքին մէջ տապլտկեցանք, Թարթուսի ճախճախուտին մէջ, տեղատարափ անձրեւին տակ ամբողջ գիշերը խխում դարձած պարեցինք, Այնճար հայաւանը կերտեցինք, նախագահներ, կաթողիկոսներ եւ պետական անձնաւորութիւններ դիմաւորեցինք, իսկ այսօր, օտար երկնակամարի տակ, Ֆրեզնոյի «Շերիֆ Փարք»ին մէջ նստած, ալեհեր եւ մոռցած ֆիզիքական բոլոր ցաւերը՝ թաշկինակը ձեռքերնիս անխոնջ կը պարենք:
Մուսալեռցի տիկիններ եւ ՀՄԸՄի «Սասուն» մասնաճիւղի քոյրերն ու եղբայրները, սեղաններուն շուրջ բոլորուած՝ «Մուսա լերան փիցցա» (պանիրով հաց) եւ գըլուր (քէօֆթա) կը ծախեն, սկաուտները՝ խաղող եւ մսրացորեն, իսկ անդին, ծառի բունին տակ անձնուէր տղաք վաղուան մատաղը կը պատրաստեն:
Յակոբ Յակոբեանի երգերն ու տաւուլ-զուռնան կը շարունակուին մինչեւ ուշ գիշեր:
31 Օգոստոսին, Կիրակի առաւօտ, բոլորս համախմբուեցանք սրահ։ Պատարագը կը մատուցանէ Պօղոս աբեղան, խորանին կը սպասարկեն սարկաւագները, իսկ դպրաց դասը մեղմօրէն կը մեկնաբանէ պատարագի երգերը, ղեկավարութեամբ՝ Անժէլ Օհաննէսեանի: Մելամաղձոտ կը հնչէ «Տէր Ողորմեա»ն, որուն կը յաջորդէ Պօղոս աբեղայի օրուան պատգամը, որուն հիմնական գաղափարն էր հաւատքը, որովհետեւ հաւատքով մեր նահատակներն ու ժողովուրդը Մուսա լեռ բարձրացան, հաւատքով կռուեցան եւ յաղթեցին, հաւատքով փրկուեցան եւ հաւատքով կը շարունակեն գոյատեւել:
Տեղի կ՛ունենայ 18 նահատակներուն եւ ննջեցեալներու համար հոգեհանգստեան արարողութիւն, ապա պատարագիչ հօր, սարկաւագներու եւ դպրաց դասի առաջնորդութեամբ, թափօր կազմած սրահէն ելլելով՝ անոնք կը դիմեն դէպի ծառաստան, ուր սեղաններուն վրայ զետեղուած էին հերիսայի կաթսաները: Մատաղի օրհնութենէն ետք, Անդաստան կը կատարուի, ապա վերապատուելի Կրէկ Յարութիւնեան, որպէս մուսալեռցիներու փեսայ՝ ներկաներուն կը փոխանցէ իր սրտի խօսքը:
Կրկին կը հնչեն երգն ու տաւուլ-զուռնան, հարթակին վրայ պարողները քրտնաթոր կը պարեն, իսկ հեռաւոր վայրերէն եկած հիւր բարեկամները, «մնաք բարով» եւ մաղթանքներ կատարելով՝ 2015ին 100ամեակի ձեռնարկ-ներուն վերստին տեսնուելու եւ միասնաբար նշելու խոստումներով կը հեռանան:
Արեւը հորիզոնին վրայ կամաց-կամաց դէպի մայրամուտ կը դիմէ, կը դատարկուի «Շերիֆ Փարք»ը։ Վարչութեան անդամներն ու բարեկամները, վերջին կարգադրութիւնները ընելէ ետք, շնորհակալութիւն յայտնելով հսկող պատասխանատուներուն՝ 100ամեակի հանդիսութիւններու երազանքով դէպի իրենց ինքնաշարժները կը դիմեն, գոհունակ սիրտով եւ ժպիտը շուրթերնուն: