
ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ տարեկան 57րդ հայկական աւանդական փառատօնը տեղի պիտի ունենայ Սեպտեմբեր 12-14 շաբաթավերջին, «Խաչատուրեան» Հայ կեդրոնին մէջ (825 Brotherhood Way, San Francisco, CA 94132):
Ծովածոցի շրջանին մէջ մեծ ժողովրդականութիւն վայելող եւ հայկական ուտեստեղէնի եւ մշակոյթի ծանօթացման առիթ հանդիսացող սոյն փառատօնը կազմակերպողներուն համաձայն՝ այս տարի եւս աւելի քան 10,000 հոգի կրնայ մասնակցիլ այս օրուան եռօրեայ ձեռնարկին:
«Հայկական այս փառատօնը Ծովածոցի շրջանին մէջ ամենամեծ ժողովրդականութիւն վայելող փառատօներէն մէկն է եւ անիկա հոյակապ միջոց մըն է մեր մշակոյթը շրջանի ժողովուրդին հետ բաժնելու», կը յայտնէ փառատօնի կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ Վաչէ Տարաքճեան։
Այս տարի եւս, փառատօնի ընթացքին, ժամանցի յատուկ պահեր ու առիթներ վերապահուած պիտի ըլլան բոլորին: Համազգայինի Սան Ֆրանսիսքոյի մասնաճիւղին կազմակերպած մշակութային շարք մը ծրագիրներու կողքին, երեխաներու զուարճալի պահեր պարգեւող յատուկ անկիւն մը պիտի պատրաստուի՝ անոնց յատուկ խաղերու եւ մրցումներու համար: Հիւրերը պիտի վայելեն երաժշտութիւնն ու պարը, ինչպէս նաեւ արհեստավարժ պարախումբերու ելոյթները։ Ելոյթներ պիտի ունենան Համազգայինի «Արազ» եւ «Նայիրի» պարախումբերը, ինչպէս նաեւ՝ Գէորգ Արթինեանը։
Փառատօնի մասնակիցները առիթ պիտի ունենան իւրայատուկ ապրանք ծախող եւ «Վերնիսաժ պազար» անունով կնքուած կրպակներէն գնումներ կատարելու:
Հռչակաւոր եւ համեղ հայկական խորովածներու կողքին, ուտելիքներու սիրահարները պէտք չէ փախցնեն առիթը վայելելու այս տարուան իւրայատուկ ճաշացուցակը, որուն վրայ անոնք պիտի գտնեն Միջերկրականի ու Միջին Արեւելքի զանազան ճաշատեսակներ, որոնց մէկ մասը կարելի է գնել՝ տուն տանելու համար:
Փառատօնի առաջին օրը՝ Սեպտեմբեր 12ին, դռները պիտի բացուին երեկոյեան ժամը 7ին: Մուտքի սակը 5 տոլար է, իսկ վեց տարեկանէն վար երեխաներու համար՝ ձրի:
Սեպետեմբեր 13ին, փառատօնը բաց պիտի ըլլայ կէսօրուան ժամը 12էն մինչեւ կէս գիշեր: Մուտքը դարձեալ 5 տոլար է, իսկ վեց տարեկանէն վար երեխաներու համար՝ ձրի:
Սեպտեմբեր 14ին, փառատօնը բաց պիտի մնայ կէսօրուան ժամը 12էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6, իսկ մուտքը ազատ է:
Ինքնաշարժներու համար բաւարար կանգառներ ապահովուած են. փառատօնի վայրը հասցնող հանրային փոխադրական միջոցներ եւս գոյութիւն ունին:
Սան Ֆրանսիսքոյի հայկական աւանդական փառատօնը Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ դրամահաւաքի ձեռնարկներէն մէկն է:
Յանձնախումբը շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլոր կամաւորներուն, որոնք կ՛իրականացնեն այս ձեռնարկը, ինչպէս նաեւ՝ հետեւեալ հովանաւորողներուն՝ «Oracle Arena», «Karoun Dairies», «Derco Fine Jewelry», «Giraux Fine Jewelry», «Sapore Catering», «ImageCube» եւ իրաւաբան Արա Ճապաղջուրեանին։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել համացանցային www.stgregorysf.org կայքը կամ դիմել info@Armenianfestivalsf.com հասցէին։