ԻՆՏԻԱՆՈԼԱ, Այօա, «Էյ.Փի.».- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախկին նախարար եւ նախագահի նախկին թեկնածու Հիլըրի Քլինթըն անուղղակիօրէն ակնարկած է 2016ի նախագահական ընտրութեան իր թեկնածութիւնը առաջադրելու մտադրութեան:
Քլինթըն այդ յայտարարութիւնը կատարած է Այօա նահանգին մէջ ծերակուտական Թամ Հարքինի կազմակերպած հաւաքի մը ընթացքին: Քլինթըն հանդիպում ունեցած է Այօայի 10 հազար գործիչներու հետ: Ան մասնաւորաբար նշած է, որ շատեր կը հետաքրքրէ նախագահական քարոզարշաւը, ինչպէս նաեւ զինք, սակայն շեշտը դրած է Նոյեմբերին կայանալիք ընտրութեանց վրայ:
Նախկին առաջին տիկինը տակաւին պաշտօնապէս չէ յայտարարած նախագահական ընտրութեան իր թեկնածութիւնը, հակառակ անոր, որ ան կը նկատուի Դեմոկրատ կուսակցութեան ամենահաւանական թեկնածուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.